Դաշնակցական Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցած Են Ֆրանսացի Խորհրդարանականներուն Հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, քարտուղար Աղուան Վարդանեան եւ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան 5 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի խորհրդա-րանի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Լը Ռոուի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ՝ ողջունելով հիւրերուն Հայաստան այցելութիւնը՝ Արմէն Ռուստամեան բարեկամական ու ջերմ նկատած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները, որոնց զարգացման համար լուրջ գործօն հանդիսացած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմամշակութային դարաւոր կապերը եւ Ֆրանսայի մէջ հայկական մեծ ու ազդեցիկ գաղութի առկայութիւնը: Ան ողջունած է ֆրանսացի հասարակական-քաղաքական գործիչ, ընկերվարական, մեծ հայասէր Ժան Ժորէսի մահուան 100րդ տարելիցը Հայաստանի մէջ նշելու որոշումը: Ա. Ռուստամեան դիտել տուած է, որ իբրեւ ընկերվարական գաղափարներու կրող՝ Դաշնակցութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան հետ համագործակցութիւնը: Ան երախտագիտութեան խօսք փոխանցած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որոնք մնայուն կերպով կանգնած են Հայաստանի կողքին եւ պաշտպանած են Հայկական հարցը:
Պրիւնօ Լը Ռոուն կարեւոր նկատած է երկու գաղափարակից կուսակցութիւններուն համագործակցութեան առաւել խորացումը տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ փորձառութեան փոխանակումները: Այս պարունակին մէջ Աղուան Վարդանեան նշած է, որ երկու կուսակցութիւնները կրնան ապագային համագործակցութեան յստակ ձեւաչափեր քննարկել եւ պատրաստել համագործակցութեան փաստաթուղթ: Արմէն Ռուստամեան տեղեկացուցած է, որ իրենց կուսակցութիւնը յուզող հիմնական խնդիրները կ՛արտացոլան 7 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ, որուն ծիրին մէջ եւս կարելի է համագործակցութեան եզրեր գտնել: Արծուիկ Մինասեան կարեւոր նկատած է փորձառութեան փոխանակումը փտածութեան դէմ պայքարի, սահմանադրական բարեփոխումներու եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՀՅԴ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, անցած ուղիին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին, հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.