Պարոնեանի Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը Թուրքիոյ լաւագոյն գիրքերու ցանկին վրայ


Թրքական «Հիւրիէթ» թերթը կազմած է այն գիրքերու ցանկը, որոնք պէտք է կարդացուին այս տարուան ամառնային արձակուրդներու ընթացքին: Ցանկին մէջ ընդգրկուած է  Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ»  գիրքը:

«Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ»  գիրքը երգիծանքով կը  պատմէ Սթանպուլի 34 թաղամասերու հասարակական և առօրեայ կեանքի մասին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի խնդիրներուն հանդէպ հայ ղեկավարներու անտարբերութեան եւ հարուստ-աղքատ տարանջատման ստեղծած հակասութեան մասին: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.