Թուրքերը 1915-ի մասին հոլիվուտեան ֆիլմ պիտի նկարահանեն


Թրքական CNN Turk եւ Սապահ լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հոլիվուտեան դերասանուհի Քէյթ Ուինսլէթի մասնակցութեամբ պիտի նկարահանուի «Իմ հոգւոյն դատարկութիւն»ը ժապաւէնը, ուր պիտի ներկայացուին «1915-ի դէպքեր»ու ընթացքին հայերու, թուրքերու և քիւրտերու ապրած պատմական փորձառութիւնը։

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, նկարահանուելիք ֆիլմի հիմքը կը կազմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցող սիրավէպ մը։

Սիրավէպի հերոսներէն մէկը հայ բուժքոյր է, որուն կերպարը պիտի մարմնաւորէ Քէյթ Ուինսլէթը, իր կողքին գլխաւոր դերակատար ունենալով Մարք Ուոլպըրկը։

Ըստ Սապահի, ժապաւէնին մէջ ցոյց պիտի տրուի «ընդհանուր ցաւը»։ Հայերու ապրած ցաւէն բացի պիտի ներկայացուին նաև թուրքերու և քիւրտերու զգացած ցաւերը։

Ժապաւէնը պիտի նկարահանուի Վանի, Աղթամար կղզիի, Արարատի եւ Էրզրումի մէջ։

Հոլիվուտեան վերոնշեալ աստղերու պաշտօնական բանբերները ցարդ ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են այս մասին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.