թէ Թուրքիոյ Մէջ «1915ի Դէպքերը Ցեղասպանութիւն Են»՝ Ըսէ՛ք, Ձեր Դէմ Հետաքննութիւն Չի Կատարուիր. Տաւութօղլու


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խստօրէն քննադատած է «Fredoom House»ին կողմէ Թուրքիոյ մասին պատրաստուած նորագոյն տեղեկագիրը: Ըստ Տաւութօղլուի՝ այդ տեղեկագիրին մէջ արտացոլուած չեն Թուրքիոյ մէջ տիրող իրականութիւնները, որովհետեւ, զոր օրինակ, մինչ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած են 5 լրագրողներ (ըստ Անգարայի), տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը 44 է:

Տաւութօղլու նաեւ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքներուն՝ յայտնելով. «Եթէ Թուրքիոյ մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսէք՝ «1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն են» եւ ըսեմ՝ «Ո՛չ, այդպէս չէ», ոչ ձեր, ոչ ալ իմ նկատմամբ հետաքննութիւն կը կատարուի: Բայց ես կամ մէկ այլ թուրք կրնա՞յ առանց հետեւանքի Ցիւրիխի մէջ ըսել՝ «1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն»: Խօսքի ազատութիւն կա՞յ ձեր մօտ, կրնա՞ք երաշխաւորել: Մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ ամէն բան կարելի է քննարկել, ամէն տեսակ քաղաքական հայեացք մէջտեղ բերել, ամէն տեսակի արշաւի ձեռնարկել»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.