Բակօ Սահակեան Կովսականի Մէջ Մասնակցած Է Բազմաբնակարան Շէնքի Բնակարանամուտին


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Ապրիլին այցելած է Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաք եւ մասնակցած բազմաբնակարան շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Բակօ Սահակեան այցելած է Կովսականի նորակառոյց հիւանդանոց եւ ծանօթացած աշխատանքային պայմաններուն:
Ան ծանօթացած է նաեւ քաղաքին մէջ կառուցուող նոր մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքներուն: Նախագահը կարեւոր նկատած է հարաւային շրջաններու զարգացումը, բնակչութեան ընկերային-տնտեսական պայմաններու բարելաւումը՝ աւելցնելով, որ այսուհետեւ եւս այս ուղղութեամբ կարելին պիտի ընեն:
Այցելութեան ընթացքին նախագահին ընկերակցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.