Կողքի՛դ Եմ, Լիբանա՛ն

Խաժակ Գուլաճեան

Ճգնաժամը համաշխարհային է:

Բայց Լիբանանի ճգնաժամը դժնդակ է:

Տաժանելի է:

Դժոխային է:

Հոն միայն պսակաւոր ժահրի համաճարակի սարսափը չէ, որ ճգնաժամի մատնած է լիբանանցին:

Հոն լիբանանցիին տարիներու վաստակը մէկ օրուան մէջ կլանուեցաւ դրամատուներուն[՞] կողմէ:

Հոն լիբանանցին հացի կարօտ է, բառին ամենադաժան իմաստով:

Հոն լիբանանցին կ’ապրի մարդու տարրական իրաւունքները ոտնակոխուած պայմաններու մէջ:

Հոն լիբանանցին երանի կու տայ պատերազմի օրերուն:

Լիբանանի ճգնաժամը նոր չէ: Սակայն ականջալուր չէինք: Կամ չէինք ուզեր ըլլալ: Որովհետեւ Լիբանանցին կը տոկար:

Ու ձեռք կ’երկարէր Սուրիահայ իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, երբ անոնք պատերազմի արհաւիրքէն հասած էին Լիբանան:

Ճգնաժամը կը սրէր: Լիբանանահայը կը հիւծէր:

Տակաւին կը հանգանակէր Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Ճգնաժամը կը հասնէր ոսկորին: Լիբանանահայը կ’արիւնէր:

Բայց աշխարհին ցոյց կու տար ինչպէս Մայիս 28 կը տօնակատարեն, այդ ալ առցանց: Կը յիշէր, կ’արժեւորէր, յարգանք կը մատուցէր:

Լիբանանահայ գաղութը ամենէն տագնապալի օրերուն Եռագոյնը բարձր պահած էր: Ինչպէ՞ս պսակաւոր ժահրին ստեղծած պայմանները արգելք պիտի հանդիսանային փառաhեղօրէն նշելու Հայոց Պատմութեան Մեծ Տօնը: «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»․ եւ ադպէս առցանց տօնակատարութիւնը դասական ձեռնարկէ մը աւելի ազդեցիկ եւ բովանդակալից եղաւ:

Փառք ու պատիւ ձեզի, Լիբանանահայութի՛ւն, որ տնտեսական անասելի պայմաններու եւ անմարդկային կացութեան մէջ, Մայիսեան Փառահեղ Յաղթանակը եւ Հայաստանի Անկախութեան 102-րդ տարեդարձը այսպէս շքեղ, օրինակելի եւ նախանձելի ձեւով տօնակատարելու համար:

Եւ կարծէք այդ եղաւ խթանը: Մայիս 28-ին, խորհրդանշականօրէն մեկնարկուեցաւ առաւ ց Գանատայի կազմակերպած հանգանակային արշաւի մեկնարկը: Գանատահայութիւնը միշտ ամողջական օժանդակութիւն տրամադրած է հոն` ուրկէ հնչած է օգնութեան կանչը, ըլլայ ան հայրենիքէն կամ սփիւռքի որեւէ գաղութէ:

Թող այս անգամ մեր սրտերը բաբախեն Լիբանանի համար, որուն հետ, օրին մէկը, առնչուած եղած ենք գրէթէ բոլորս, խմած ենք անոր ջուրը, սորված ենք անոր փորձառութիւններէն:

Լիբանանին համար, որ պատրաստած է ղեկավարներ, որոնք աշխարհացրիւ հայութեան տարբեր գաղութներու ղեկավարներ են այսօր:

Լիբանանին համար, որ տակաւին կը պահպանէ հայութիւնը շնորհիւ իր կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական կառոյցներուն, որոնց գոյութիւնը յետայսու հարցական է:

Լիբանանին համար, որպէսզի «Ազդակ»ն ու «Վանայ Ձայն»ը շարունակեն մտնել մեր տուներէն ներս, ամենուրէք:

Հասնի՛նք Լիբանանահայութեան: Տա՛նք մեր լումաները Լիբանանահայութեան համար, օրինակ առնելով Սուրիոյ Հայութեան մեր օժանդակութեան փորձառութենէն: Ուղարկենք կեդրոնական մեր կառոյցին (https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48), ան լաւ գիտէ ինչպէս յատկացնել, ուր որ անկ է:

Իսկ ես… ովկիանոսին միւս կողմն եմ, բաղդատաբար բնական կեանք մը ապրելու աւելի լաւ պայմաններու մէջ:

Բայց կողքիդ եմ, Լիբանա՛ն, մինչեւ վերջին շունչս

Կողքիդ եմ, որովհետեւ կարօտդ զիս կ’այրէ:

Կողքիդ եմ, որովհետեւ հայկական կառոյցներուդ իւրաքանչիւրին պատկերը կը տողանցէ մտապաստառիս վրայ ամէն օր:

Կողքիդ եմ, որովհետեւ դուն Հայաստանը սերմանեցիր մէջս ու զայն ապրեցուցիր:

Կողքիդ եմ, որովհետեւ իմ առաջին Հայաստանս դո՛ւն եղար:

Արամի՛ն Հայաստանը:

Torontohye

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.