2023 տարուան հայրապետական հռչակագրի գործադրութիւնը անյետաձգելի հրամայական է յատկապէս սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ

Աւանդաբար մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, Մայրավանքին եւ մեր բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ կ՚ընթերցուի տուեալ տարուան նուիրուած թեմային Հայրապետական հռչակագիրը, որուն մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ կ՚առնէ նիւթին առնչուած մտահոգութիւնները, հայ կեանքին վրայ անոնց անդրադարձը եւ իր Հայրապետական ցուցմունքները ու թելադրութիւնները կը կատարէ, որպէսզի ամբողջ տարուան ընթացքին զանոնք հաւաքաբար սերտենք, քննենք եւ բարեփոխենք։ Արդարեւ, Կիրակի, 8 Յունուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Նորին Ս. Օծութեան։ Յընթացս Ս. Պատարագին քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագրերու բաժանմուքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ դարձեալ աւետելով մանուկ Յիսուսի ծնունդը՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս. օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի։ Ան քարոզի իբրեւ բնաբան քաղած էր Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն, ուր առաքեալը կ՚ըսէ. «… Նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք» (Հռ 12.2)։ Սրբազանը յայտնեց, որ այս բառերը նոր տարուան առաջին օրը, Վեհարանի դահլիճին մէջ, արտասանուեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բերնով, եւ կը հաւատամ, որ ո՛չ միայն այդ օրուան, այլեւ ամբողջ տարուան մը համար արտասանուած սկզբունքային խօսքեր են, որոնցմով մեզ կը հրաւիրէ Հայրապետը նորոգուելու։ Առաքելական թելադրութիւն է նորոգել մեր միտքերը։ Սրբազանը ամփոփելով նորոգութեան գաղափարը՝ ըսաւ, որ նորոգուիլ կը նշանակէ փոխակերպուիլ, պայծառակերպութեան իմաստով, եւ նորոգութիւնը մարդկային կեանքին բնական ընթացքին մաս կը կազմէ։ Նոր հագուստ, նոր տուն, նոր ինքնաշարժ, նոր բջիջային, կը պատկանին այս աշխարհին. սակայն առաքեալը կ՚ըսէ՝ անոնք բոլորը պիտի անցնին։ Այսօր, ան մեզ կը հրաւիրէ նորոգութեան եւ իր նամակներուն մէջ կը բացատրէ, թէ նորոգութիւնը տեղի կ՚ունենայ, երբ մարդ Քրիստոսի միացած կ՚ըլլայ եւ այսպիսով նոր արարած կը դառնայ։ Քրիստոսի միանալ, Քրիստոսով նորոգուիլ, Քրիստոսով յուսադրուիլ եւ Քրիստոս-Յոյսով ապրիլ կը նշանակէ փոխակերպուիլ, հետզհետէ աճիլ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ՝ Ս. Հոգիին միջնորդութեամբ։ Ս. Հոգին է, որ մեզ կը փոխակերպէ եւ կը միացնէ Քրիստոսի։ Աստուած երկինքէն երկիր իջաւ, միացաւ մարդուն եւ մարդը միացուց Իրեն, նորոգեց մարդը եւ մարդկութիւնը, յայտնեց քարոզիչ սրբազան հայրը։

Ապա, քրիստոնէական կեանքի առաջադրող նորոգութեան սկզբունքէն մեկնելով, սրբազանը անդրադարձաւ հայ կեանքին անկիւնադարձային կարեւորագոյն խնդիրին՝ մեր ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին վերանորոգութեան, նոր հայութեան, նոր հայ քրիստոնեայ ըլլալու խնդիրին, որուն մեզ անցեալ տարի հրաւիրեց Հայոց Հայրապետը՝ «Սփիւռքի Տարի» հռչակելով։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը, 2003-էն սկսեալ, յաջորդաբար եւ աստիճանաբար մեր ժողովուրդը հրաւիրեց նորոգութեան մէջ հետզհետէ աճելու։ Անցնող 20 տարիներու ընթացքին՝ հայ ընտանիք, հայ դպրոց, հայ գիր, գրականութիւն, մամուլ, պահանջատիրութիւն, Ցեղասպանութիւն, հայոց իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ մինչեւ Հանրապետութեան 100 ամեակ, Վեհափառ Հայրապետը 20-րդ տարին «Սփիւռքի Տարի» հռչակեց։ Իր խօսքին մէջ սրբազանը ընդգծեց, որ Նորին Ս. Օծութեան հռչակագրերը միայն ժողովականներուն համար չեն, այլ ամբողջ Սփիւռքին եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար են։ Այս տարուան հռչակագիրը քաղցր հրաւէր է Հայրապետական, որպէսզի մենք անդրադառնանք, թէ ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ՚երթանք։

Քարոզիչ սրբազան հայրը բաղդատական մը կատարեց անցեալ եւ ներկայ տարուան «Սփիւռքի Տարի» զոյգ հռչակագիրներուն միջեւ եւ զանոնք նմանցուց երկու հատորներու, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Առաջինը՝ ինքնաքննութեան, իսկ երկրորդը վերակազմակերպման հրաւէր է։ Արամ Ա. Կաթողիկոս այս երկու հռչակագիրներուն եւ Դեկտեմբեր (2022) ամսու սկիզբը գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովէն ետք այս Ս. Խորանէն արտասանած իր Հայրապետական պատգամին ընդմէջէն կոչ կ՚ուղղէ վերակազմակերպելու մեր կեանքը, մեր առօրեան, բնականաբար առաջնահերթութիւնները նկատի ունենալով՝ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւն-վերանորոգութիւն, մարդուժի պատրաստութիւն, արժէքներու վերադասաւորում եւ վերաշեշտաւորում՝ հայ ընտանիք, հայ եկեղեցի, հայ դպրոց, հայկականութիւն, Սփիւռքի վերակազմակերպման գծով համահայկական մտածողութիւն յառաջացնել։ Այս բոլորի լոյսին տակ սրբազանը յատուկ կերպով ընդգծեց, որ Հայրապետական պատգամներն ու հռչակագիրները տեղական եւ տեղայնական բնոյթ չունին երբե՛ք, չեն ունեցած եւ պիտի չունենան. անոնք ամբողջ հայութեան ուղղուած պատգամներ են, հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափեր, եւ բոլոր անոնք, որոնք ականջ ունին՝ կը լսեն։

Սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ Հայոց Հայրապետը յատկապէս Սփիւռքի ինքնաքննութեան ու վերակազմակերպման հռչակագիրներուն մէջ անդրադարձած է մեր ժողովուրդի կեանքին յոռի, անընդունելի ու մաշեցնող երեւոյթներուն՝ իրատեսական նայուածքով, սակայն լաւատեսական մօտեցումով։ Ան ըսաւ, որ լաւատեսութիւնը մեր Հայրապետին կարեւոր յատկանիշներէն մէկն է. ըլլալ Կաթողիկոսական գահի վրայ, ըլլալ ժողովուրդի առաջնորդ, ըլլալ ազգային այս տագնապալի օրերուն ղեկավար եւ կարենալ լաւատես ըլլալ՝ Աստուածային շնորհք է եւ փառք Ամենակալին, որ մեր Հայրապետը ունի այդ շնորհքը՝ իր այլազան շնորհքներուն եւ կարողութիւններուն առընթեր։

Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել, որ Հայրապետը իր 2023 տարուան հռչակագիրին մէջ կ՚ամփոփէ Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն ծրագիրը. հսկայական նախապատրաստական աշխատանք մը, զորս կատարեց Միաբանութեամբ, ժողովականութեամբ, թեմերով, մտաւորականութեամբ եւ ազգային մեր կեանքի զանազան մարզերու մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած անհատներով, շեշտեց սրբազան հայրը։

Իր քարոզի աւարտին, սրբազանը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրին վերջաբանը. «Թեմերէն ներս կատարուելիք կազմակերպչական աշխատանքներուն գծով, ներկայ տարուան ընթացքին յաջորդաբար պիտի այցելենք մեր թեմերը, եւ նախապէս ճշդուած օրակարգի համաձայն աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենանք Առաջնորդ Սրբազաններուն, հոգեւորական դասուն, Ազգ. Իշխանութեանց հետ։ Յաջորդող տարին թեմերու պատասխանատու մարմիններ պիտի այցելեն Անթիլիասի Մայրավանք եւ իրենց աշխատանքներուն մասին պիտի զեկուցեն Մեզի եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան խառն Ժողովին։ Քննարկումի, խորհրդակցութեան ու ծրագրումի աշխատանքներուն պիտի յաջորդէ գործադրումի ընթացքը։ Նշեալ ծրագրին իրականացումը մեր Ս. Աթոռի ժամանակակից պատմութեան մէջ մեծ իրագործում պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ ազդանշանը ու ուղենիշը պիտի դառնայ ողջ Սփիւռքի վերակազմակերպման», նաեւ ողջ հայութեան վերակազմակերպման, աւելցուց սրբազանը՝ շարունակելով. «Արդ, մեր դիմաց կը գտնուի իրագործելի հսկայ ու անյետաձգելի աշխատանք մը, որուն, Աստուծոյ օրհնութեամբ, մեր թեմերը կոչուած են լծուելու հաւաքական ճիգով եւ պատասխանատու ոգիով, բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութեամբ»։

Փակելէ առաջ իր քարոզը, սրբազան հայրը մատնանշեց, թէ յաճախ ո՞ւր կ՚երթանք, ի՞նչ պէտք է ընենք հարցումներուն անհատական պատկերացումներ, բացատրութիւններ կը տրուին եւ կու տանք, բայց ո՛չ ոք, ո՛չ հայրենիքի եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի մէջ, նախաձեռնութիւնը կ՚առնէ այս վերակազմակերպչական աշխատանքին, որ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է մեր կեանքին համար։ Հետեւաբար, ան իր աղօթքը վերառաքեց առ Աստուած, որպէսզի պայծառացնէ միտքը մեր Հայրապետին, պայծառացնէ միտքերը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ղեկավարներուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կամք, կորով եւ հաւատք ներշնչէ։ Արցախի մեր հայրենակիցներուն ազատութիւն եւ վերանկախացում պարգեւէ եւ մեր հաւաքական, միասնական կեանքը շաղախէ Աստուածային սիրով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.