ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը՝ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր խղճին, ազգային արժէքներուն եւ համամարդկային բարոյականութեան ձայնը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս օրերուն, խոր ակնածանքով, յուզախառն ապրումներով եւ հոգեկան բացառիկ ներշնչումով մամուլի էջերէն հետեւեցանք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի Վատիկան կատարած այցելութեան եւ Լէօ ԺԴ. Պապին հետ ունեցած հանդիպման։ Նաեւ ուշադրութեամբ հետեւեցանք անոր հրապարակային արտայայտութիւններուն, հանդիպումներուն եւ այն վճռորոշ պատգամներուն, որոնք կը բխին ոչ միայն Հայ Եկեղեցւոյ ազգընտիր գահակալին հոգեմտաւոր խոր աշխարհէն, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան գիտակից ու պատասխանատու կեցուածքէն։

Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր արտասանած իւրաքանչիւր խօսք, պատգամ եւ յայտարարութիւն, կը կրէին պատմական պատասխանատուութեան, հոգեւոր հասունութեան եւ ազգային հեռատեսութեան բացառիկ դրոշմը։ Ան դարձեալ ապացուցեց, թէ միայն եկեղեցական առաջնորդ մը չէ, այլ՝ մեր ժողովուրդի հաւաքական իղձերուն, խղճին, ազգային յիշողութեան, պահանջատիրութեան եւ հոգեւոր դիմագիծին ամուր պահապանը։

Արցախի հարցին անդրադառնալով՝ Վեհափառը յստակ եւ անվերապահ կերպով շեշտեց բռնագաղթուած արցախահայութեան վերադարձի անժամանցելի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ պատմական կոթողներու պահպանման հրամայականը՝ միջազգային օրէնքի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման կենսական անհրաժեշտութիւնը։

Այս յստակ ու անվեհեր կեցուածքը անգամ մը եւս փաստեց, թէ Հայ Եկեղեցին, հակառակ ժամանակի փոթորիկներուն, կը շարունակէ մնալ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ կանգնած աննկուն միջնաբերդ մը։

Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ներկայ տագնապալի իրավիճակին՝ շեշտելով Լիբանանի գերիշխանութեան ամբողջական վերահաստատման կարեւորութիւնը, լիբանանեան բոլոր տարածքներէն օտար ուժերու հեռացման անհրաժեշտութիւնը եւ զինադադարի ամբողջական յարգումը։ Անոր խօսքը դարձեալ լայն հորիզոնով առաջնորդի խօսք էր՝ շրջանցելով նեղ քաղաքական հաշիւները եւ առաջնահերթ նկատելով ժողովուրդներու խաղաղութիւնը, արժանապատուութիւնն ու համակեցութեան մշակոյթը։

Միջեկեղեցական շարժումներու ծիրին մէջ եւս Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նկատեց աստուածաբանական քննարկումներուն զուգահեռ բարոյագիտական հիմնահարցերու առաջնահերթութիւնը։ Այս մօտեցումը ցոյց կու տայ, թէ Արամ Ա Կաթողիկոսը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները կը դիտէ ոչ միայն կրօնական, այլեւ քաղաքակրթական ու մարդկային պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ։

Վատիկանը նոյնպէս յատուկ կարեւորութիւն տուաւ այս այցելութեան՝ լայն անդրադարձ կատարելով հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն։ Զգալի էր Պապին կողմէ ցուցաբերուած յարգանքն ու ուշադրութիւնը, որոնք կը վկայեն, թէ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը միջազգային հոգեւոր եւ մտաւոր շրջանակներուն մէջ կը վայելէ բարձր հեղինակութիւն ու վստահութիւն։

Այս բոլորին դիմաց՝ քողազերծուած ցաւով եւ մտահոգութեամբ կարելի չէ չանդրադառնալ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջանին որդեգրուած անհեթեթ, անպատշաճ եւ երբեմն նոյնիսկ վիրաւորական վերաբերմունքին՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր ազգընտիր Հայրապետներուն հանդէպ։ Այն հաստատութիւնը, որ դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնութեան, գոյատեւման եւ ազգային արժանապատուութեան ամրոցը, այսօր դժբախտաբար կը դառնայ քաղաքական մանր հաշիւներու եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններու թիրախ։

Անընդունելի եւ դատապարտելի են նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հասցէին հնչող վիրաւորական ու անհարկի արտայայտութիւնները, որոնք ոչ միայն կը խաթարեն ազգային միասնականութեան մթնոլորտը, այլեւ կը նսեմացնեն պետական եւ քաղաքական խօսքի արժէքն ու պատասխանատուութիւնը։ Պետութիւն ղեկավարելը չի նշանակեր ազգային արժէքներու նսեմացում, Եկեղեցւոյ հեղինակութեան խոցում կամ այլախոհութեան հանդէպ արհամարհական վերաբերմունք։

Այս ճգնաժամային եւ պատմական օրերուն մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք կարիքը ունի ազգային համախմբութեան, հոգեւոր արժէքներու վերարժեւորման եւ պատասխանատու առաջնորդութեան։ Իսկ այդ հոգեւոր առաջնորդութեան կենդանի խորհրդանիշներէն մէկը, անկասկած, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն է՝ իր իմաստութեամբ, ազգային տեսլականով, անխոնջ ծառայութեամբ եւ համամարդկային լայն մտածողութեամբ։

Հայրապետական հոգեզմայլ մաղթանքով պիտի կրկնենք․

«Պահեա՛, ով Տէր, անսասան զՍուրբ Աթոռ Կիլիկեան,
կեցցէ՛, կեցցէ՛ առ յաւէտ
Տ. Տ. Արամ Հայրապետ»։

Պատմականօրէն եւ խորախորհուրդ պահ մը հանդիսացաւ նաեւ այն տեսարանը, երբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ, Լէօ ԺԴ. Պապի ներկայութեան, միասնաբար հնչեցուց «Կիլիկիա»-ն։ Այդ բացառիկ եւ յուզիչ պահը ոչ միայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան խորհրդանշական արտայայտութիւն մըն էր, այլեւ համայն աշխարհին ուղղուած պատգամ մը, թէ հայ ժողովուրդը, իր Եկեղեցւոյ եւ պատմական յիշողութեան հետ, կը շարունակէ ապրիլ, պահանջել, վկայել եւ արժանապատուօրէն ներկայ մնալ միջազգային հոգեւոր բեմին վրայ։

Արժանապատուօրէն կարելի է ըսել՝ վարձքը կատար Վեհափառ Հայրապետին ուղեկցող մեր թեմակալ Սրբազան առաջնորդներուն, որոնց ներկայութիւնը, ծառայողական ոգին եւ հոգածութիւնը մեծապէս զգալի դարձան, մասնաւորաբար մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայի բարդ մարտահրաւէրներուն ընթացքին։

Թող Հայ Եկեղեցին շարունակէ մնալ մեր ազգի հոգեւոր լոյսը, իսկ անոր արժանաւոր հայրապետները՝ մեր ժողովուրդի յոյսի, արժանապատուութեան եւ ազգային վերազարթնումի անշէջ ջահակիրները։

Թորոնթօ