Ըստ «Gallup»-ի վերջին տուեալներուն՝ ընդդիմադիր դաշտը կը գերազանցէ ՔՊ-ն

Ըստ «Gallup»ի վերջին ընտրական հարցախոյզի արդիւնքներուն՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական տրամադրութիւնները շարունակաբար կը փոխուին ի վնաս իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան։ Այսօր հրապարակուած արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ ընդդիմադիր ուժերու միացեալ աջակցութիւնը զգալիօրէն կը գերազանցէ ՔՊ-ի ցուցանիշը։

Այս շաբաթ իրականացուած հեռախօսային հարցախոյզին համաձայն՝ եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան յաջորդ կիրակի, մասնակիցներուն 28.8 տոկոսը պիտի քուէարկէ ՔՊ-ի օգտին։ Սակայն ընդդիմադիր դաշտի գլխաւոր ուժերը միասնաբար արձանագրած են աւելի բարձր աջակցութիւն․ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը ստանայ 14.9 տոկոս, «Հայաստան» դաշինքը՝ 12.1 տոկոս, ԲՀԿ-ն՝ 8.7 տոկոս, իսկ «Միասնութեան Թեւեր»ը՝ 5.8 տոկոս։

Միւս քաղաքական ուժերէն «Դեմոկրատիա, Օրէնք, Կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը արձանագրած է 3.4 տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստան»ը՝ 2.9 տոկոս, իսկ մնացեալ ուժերը ստացած են 3 տոկոսէն նուազ աջակցութիւն։

Մասնակիցներուն 0.9 տոկոսը նշած է, թէ պիտի փճացնէ քուէաթերթիկը, 8.6 տոկոսը հրաժարած է պատասխանել, մինչդեռ 3.4 տոկոսը դժուարացած է կողմնորոշուիլ։

Հեռախօսային հարցախոյզին մասնակցած է 1,102 քաղաքացի։