Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբի պանծալի համերգը

Շաբաթ, 23 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Collége Beaubois-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբի տարեկան համերգը, նուիրուած մեծանուն երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 100-ամեակին, խմբավարութեամբ Սարգիս Պարսեմեանի, նուագակցութեամբ դաշնակահար Հուրի Մանուկեանի, կիթառահար Զոհրապ Սարգիսեանի, ջութակահար C-Perron Emilien-ի, հարուածային գործիքի նուագահար Առնօ Քեշիշեանի եւ սրնգահար Շիրազ Բենէնեանի, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ երգչախումբի վարչական ներկայացուցիչ Անի Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր բեմ կը բարձրանայ մեր համայնքի գեղարուեստական կեանքի կարեւոր սիւներէն մէկը՝ «Քնար» երգչախումբը, որ իր երկարամեայ նուիրումով, բարձրորակ կատարումներով եւ իր մշակութային պատասխանատուութեամբ արժանաւոր կերպով կը ներկայացնէ Համազգայինի գեղարուեստական տեսլականը: «Քնար» երգչախումբը ոչ միայն երգի միջոցով կը փոխանցէ մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ կը մարմնաւորէ այն շարունակականութիւնը, որուն շնորհիւ մեր ազգային ինքնութիւնը կը մնայ կենդանի եւ կենսունակ», ապա աւելցուց. «Թող այս երեկոն դառնայ ոգեշնչման, յիշողութեան եւ ազգային հպարտութեան շարժառիթ՝ արժանաւոր կերպով ներկայացնելով մեր մեծ արուեստագէտ Խաչատուր Աւետիսեանի անգնահատելի ժառանգութիւնն ու «Քնար» երգչախումբին նուիրեալ աշխատանքը»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ «Ջան Հայաստան» խմբերգով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աւետիսեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն: Համերգը շարունակուեցաւ յաջորդաբար «Իմ եղէգ», «Տաւիղ», «Որտեղ գտնեմ քեզ», «Կռունկներ», «Գարնանային», «Ծաղկած Բալենի» եւ «Երեւանի ջուր» երգերով, ապա կարճ դադարէ ետք շարունակուեցաւ ելոյթը՝ «Earth song», «Better place», «Viva la vida», երգերով, որմէ ետք համոյթը հանդէս եկաւ հայկական ժողովրդական երգերու փունջով՝ «Նուպար-Նուպար», «Սարերի հովին մեռնեմ», «Հոյ իմ նազանի եարը», «Հոյ նար» եւ ժողովրդական երգերու շարանով: Հանդիսատեսներուն բուռն ծափողջոյններուն եւ փափաքին ընդառաջելով, երգչախումբը կրկնեց «Որտեղ գտնեմ քեզ»-ի երգեցողութիւնը:

Ելոյթի աւարտին վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, որմէ ետք թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան փոխանցեց իր գնահատական խօսքը, ապա երգչախումին ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Շարունակեցէք ձեր այս սրբազան առաքելութիւնը, որովհետեւ այս ազդակներով է, որ մենք կը մնանք հայ եւ մեր ինքնուրոյն դիմագիծով կը շարունակենք մեր գոյերթը» եւ «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը:

Նշենք, որ ուշագրաւ էր երգչախումբին բարձրորակ ու ոգեշնչող կատարումը, խմբավարին մասնագիտական վերաբերումն ու վարակիչ եռանդը՝ խումբի անդամներուն ու հանդիսատեսին, նուագածուներուն որակեալ եւ համարկեալ ձայնակցութիւնը, քուլիսներու ետին կամաւոր աշխատողներուն ներդաշնակ գործակցութիւնը, վարչութեան եւ յանձնախումբին անխոնջ աշխատանքը եւ հանդիսատեսին գնահատումը այս բոլորին:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»