2020, Քանզի Ապրիլ Է Դարձեալ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին յաճախ ենթարկուած է հալա­ծանք­նե­րու եւ վայրագութիւններու, սակայն 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարբեր էր իր բնոյթով եւ աննախադէպ՝ իր տարողութեամբ։

2020, Ապրիլ է դարձեալ… Այս անգամ սարսափազդու եւ աննախադէպ դաժան օրեր կ՛ապրի համայն մարդկութիւնը: Պսակաձեւ ժահրը իր ոճով եւ տարողութեամբ կալանաւորած է երկրագունդը եւ առանց խտրականութեան ինքնա­մե­կուսացուցած է մարդ արարածը իր տան պատերէն ներս։ Համայն մարդկութեան սպառնացող պսակաձեւ ժահրի համաճարակը ծնունդ տուած է մարդկային կենցաղի նոր իրականութեան մը՝ ներառելով մեր ազգն ու հայրենիքը  իր մէջ:

Թէժ համաճարակի կանխարգիլման համար մարդկութիւնը արդի գիտութեան բարիքներէն ձեռք բեր­ուած առողջապահական արհեստագիտութեան համաշխարհային բովանդակ համա­կար­գը ի սպաս դրաւ կենաց ու մահու այս պայքարին, զօրակոչելով համայն աշխարհի գիտաշխատողները, բժիշկները, բուժքոյրերը, դեղագործները եւ հիւանդանոցներու համեստ աշխատողները, որոնք մոռնալով իրենց անձը տիւ ու գիշեր ծառայեցին եւ դառցան «անձինք նուիրեալք», մահուան գնով հասնելով բո­լո­րին, առանց ցեղային, դաւանական եւ համայնքային խտրութեան: Յարգա՜նք առողջապահութեան եւ բոլոր անձնուրաց յառաջամարտիկներուն:

Տագնապալի այս օրերուն, աշխարհացրիւ հայութիւնը եւս ենթակայ է իր ապրած բնա­կավայրերու պետական իշխա­նու­թիւններու առողջապահական եւ ապահովական բոլոր ցուցմունքներուն:

Այս օրերուն, հայու ներքին արդար մղում մը սակայն, կը խանգարէ ամբողջ էութիւնս,  կը յուզէ հոգեկան ներաշխարհս, քանզի Ապրիլ է դարձեալ: Չէ՞ որ Հայաս­տա­նի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայն հայութիւնը մէկ բռունցք դարձած՝ միասնական եւ համախումբ պահանջատիրութեան եւ հատուցման արդարահատոյց ձայնը դարձեալ պիտի  բարձ­րացնէր քաղաքակիրթ աշխարհին ու մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ կառավա­րու­թեան դէմ:

Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին ենթարկուած է բազում հալածանքներու, բնութեան եւ մարդկային ահաւոր աղէտներու: 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, 1988ի սարսափելի երկրաշարժը մեր պատմութեան սեւ էջերէն են, սակայն շնորհիւ հայութեան միասնական կամքին, անոր կազմակերպական կարոյցներու եւ հաստատութիւններու անդուլ ճիգերուն մեր ժողովուրդը մոխիրներէն յարութիւն առաւ եւ քալեց յաղթանակած:

Տագնապալի այս օրերուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը,  իր ուղեկից միութիւններու համաշխարհային կառոյցներով, հակառակ համաճարկով պարտադրուած սահմանափակումներուն՝ պիտի ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը պատշաճ կերպով:

Մեր ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն անգերեզման նահատակներուն ճիչը անգամ մը եւս պիտի մղէ մեզ բոլորս՝ մեր արդար իրաւունքներու պահանջով ներկայանալու աշ­խար­հին միշտ  լաւատեսութեան եւ վճռակամութեան ամուր քայլերով:

Մէկ դար եւ հինգ տարիներ անցած են Մեծ Եղեռնի կանխամտածուած ոճիրի սեւ թուականէն: Թուական մը, որ կը յատկանշուի աննկարագրելի ողբերգութեամբ, մարդկային անասնական  բնազդին ահաւորագոյն օրինակով։ Ցեղասպանութեան քաղաքական հետեւանքները եղան նոյնքան եղեռնային, որքան հա­յ ժողովուրդի սպանդը, որ ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ Օսմանեան կառա­վարութեան կողմէ անմարդկային սառնասրտութեամբ։ Հայասպանութեան թիրախը ոչ միայն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումն էր, այլեւ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու չէզոքացումը, հայոց հազարամեայ հողերու բռնագրաւումը։ Ամբողջ ժո­ղո­վուրդ մը տեղահանուեցաւ իր բնօրրանէն, մեծով ու փոքրով յանձնուեցաւ Տէր Զօրի անապատի փոթորիկներուն։ Օսմանեան Թուրքիան անապատի աւազի վերմակին տակ ուզեց վերջնականապէս թաղել առաջին քրիստոնեայ ազգը եւ վերջ տալ Հայ­կա­կան Հարցին։

Մեծ Եղեռնի թուականէն միայն հինգ տարի ետք՝ 1920ին ստորագրուած Սեւ­րի դաշնագիրը ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլ­սընի իրականացուցած իրաւարարական վճռագիրը եղան անկիւնադարձային։ Այսօր, 100 տարի ետք, Սեւրի դաշնագիրը պէտք է դիտել որպէս Ցեղասպանութենէն ետք հայոց երկրի սահմանները յատկանշող վճռորոշ փաստագիր։ Սեւրի պայմանագիրը ու­նի անժամանցելի  արժէք, որ մինչեւ այսօր կ’անհանգստացնէ Թուրքիան։

1923 թուականին, սակայն, մշուշապատ Լոզանի դաշնագրով կը թաղուէր կարծես Հայ­կական Հարցը եւ քաղաքակիրթ կարծեցեալ Արեւմուտքը շուտով կը մոռնար Թուր­քիոյ կողմէ բնաջնջուած արեւմտահայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակները, հայոց բռնագրաւուած հողերն ու հայ գաղթականներու ճակատագիրը։ Արեւմտեան Աշխարհը իր տնտե­սա­կան, քաղաքական եւ ռազմավարական շահերէն թելադրուած՝ բարեկամական ու սի­րալիր յարաբերութիւններ կը մշակէ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ մինչեւ այսօր։ Նոյն թուականներուն, նոր խորհրդայնացած Հայաստանի դաւաճան ղեկավարները նող­կա­լի յանդգնութեամբ կը յայտարարէին, թէ Սովետական Հայաստանը հողային պա­հանջներ չունի հարեւան Թուրքիայէն։ Գաղթականութեան ճամբան բռնած տարագիր հայ բեկորներուն կը մնար կազմակերպել իրենց կեանքը եւ ինքնուրոյն ջանքերով տէրը դառնալ իրենց արդար իրաւունքներուն:

3000ամեայ հայրենիքէն տարագրուած եւ Մեծ Եղեռնի սարսափէն մազապուրծ ազա­տած հայ գաղթականութեան առաջին 50 տարիներու կեանքը եղաւ վերականգնումի, վերանորոգումի եւ վերակազմակերպումի շրջան մը: Ծնունդ առին հոգեւոր, կրթա­կան, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական հաստատութիւններ Սփիւռքի տա­րածքին:

1920ին, Սեւրի դաշնագիրով կարծես կը ձեւաւորուէր Հայ Դատի հիմնական նպատակը ու կը ստանար միջազգային իրաւական դիմագիծ: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտիչ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գերմարդկային ջանքերով հիմը դրաւ Հայ Դատի գրասեն­եակ­ներուն Սփիւռ­քի բոլոր այն գաղթօճախներուն մէջ, որոնք յետագային լծուեցան քաղաքական աշխատանքի, քաղաքական ինքնուրոյն ռազ­մա­վարութեամբ արդարութիւն պահանջելով քաղաքակիրթ պետութիւններէն եւ Ցե­ղա­­սպանութիւնը ուրացող թրքական կառավարութենէն:

Պահանջատիրական այս շրջանը սփիւռքահայ կեանքին մէջ եղաւ անկիւնադարձ մը ըլլա­լով հանդերձ, ան եղաւ ազատագրական պայքարի հանգրուան մը իր տարբեր հան­գա­մանքներով՝ մղելով նորահաս սերունդները Հայ Դատի արդար լուծման իսկական պայքարին, որ ծաւալեցաւ մինչեւ Արցախի ազատագրութեան յաջողութեամբ պսա­կու­մը։

Հայ Դատի գրասենեակներու հետեւողական աշխատանքով՝ սփիւռքի հայկական համայնք­նե­րուն մէջ արմատացաւ պահանջատիրական ոգին, սակայն միւս կողմէ, թուրք պե­տութեան հովանաւորութեամբ, զգալիօրէն ծայր առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու­րացումի անհիմն քարոզչական քաղաքականութիւն մը։ Ուրացման այս արշաւը զարգանալով ստացաւ տեւական բնոյթ յատկապէս ակադեմական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ: Հակառակ Թուր­քիոյ կառավարութեան երկար տարիներու ուրացումի քաղաքականութեան եւ ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, Հայ Դատի յանձնախումբերու քարոզչական աշ­խատանքները  սկսան արդիւնաւորուիլ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ, եւ տարուած հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ աշխարհի 32 մեծ ու փոքր պետու­թիւններ պաշտօնապէս ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Յատկանշական էին Եւրոպայի զանազան երկիրներու, Գա­նատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուած սպառիչ ամէնօրեայ աշխա­տանքները, որոնց յաջողութեան անխոնջ սպասարկուները եւ թուրք իշխանաւորները սարսափեցնողները եղան Հայ Դատի գրասենեակներու ջահակիր յառաջապահները:

Մեծ հպարտութեամբ եւ հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով մը պիտի անդ­րա­դառնամ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն:

2006ին, Գանատայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ջանքերով մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Դատի գրա­սենեակը եւ անոր հիմնադրութիւնը եղաւ անկիւնադարձային: Գրասենեակի գոր­ծունէութեան ծիրը կ’ընդգրկէ գանատական կառավարական վերնախաւին հետ յա­րա­բերութիւններու մշակում եւ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դես­պանատան հետ քաղաքական աշխատանքներու համադրում։

Նոյն տարուան մէջ, Օթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազ­մուե­ցաւ հայ-գանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութիւնը, որ մեծապէս նպաստեց ապագայ ծրագիրներու յաջողութեան:

Շնորհիւ Օթաուայի մէջ գործող Հայ Դատի գրասենեակին, այսօր մեր կառոյցները նա­հանգային եւ դաշնակցային մակարդակի վրայ ունին բազմաբնոյթ յարաբերու­թիւն­ներ։

Օթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքին շնորհիւ, 2004ին Ապրիլ ամսուան մէջ Գանատայի Դաշնակցային խորհրդարանը կը միա­նար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած արդարադատ երկիրներուն: Առ այդ, Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքները նոր թափ ստացած կը զսպանակուին, որ­պէս­զի Գանատայի կառավարութիւնը եւս հետեւի խորհրդարանի M380 բանաձեւին ու ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2006ին, պաշ­տօնական ելոյթով մը Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան նորընտիր վարչապետ Սթիվըն Հարփըր խիզախ յայտարարութեամբ մը յանձնառու եղաւ նորաստեղծ կառավարութեան անունով եւս պաշտօնական ճանաչում տալու Հայոց Ցեղասպանութեան արդէն իսկ ծերակոյտին եւ խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին։ Գանատայի դաշնակցային կառավարութիւնը անգամ մը եւս կրցաւ հաս­տա­տել արդարութեան համաշխարհային ախոյեանի իր հանգամանքը՝ յաչս բոլոր քա­ղա­քակիրթ երկիրներուն։

Հոս արդար պիտի ըլլայ հաստատել, թէ նոյն տարիներու հայութեան իրաւունքներու կենսագործման ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը Հայոց Ցե­ղասպանութեան հարցին գծով եղաւ անկիւնադարձային եւ հիմնական խթան՝ քա­ղաքական գետնի վրայ Հայ Դատը ամրակայելու իմաստովէ։ Նորանկախ հանրապետութեան կա­ռավարութեան յաջորդական հաստատումները քաղաքական բոլոր շահագրգիռ կող­մե­րուն յստակացուցին, որ Հայոց Ցե­ղասպանութեան ճանաչումը անմիջական կապ ու­նի տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման հետ։

Յետադարձ ակնարկով յիշենք նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմագրքին մէջ 29 Հոկտեմբեր 2019 թուականը յատկանշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը հաստատող թիւ 296 բանաձեւի նշանակալից ամրագրումով: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկա­յացուցիչներու Տան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 405 թեր եւ 11 դէմ ձայներով հաստատեց տասնամեակներէ ի վեր սպասուած եւ տարբեր առիթներով անոր ընդունումը ձախողած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան թիւ 296 բանաձեւին ընդունումէն անմիջապէս ետք, աննախաընթաց քայլով մը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը եւս ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։  Համայն հայութեան ակնկալութիւնն է որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս օր կը ճանչնայ  Հայոց Ցեղասպանութեան:

Ամերիկայի Հայ Դատի Ուաշինկթոնի գրասենեակին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու զոյգ գրասենեակներուն երկար տարիներու անդուլ  աշխատանքներուն արդիւնքը եղան Միացեալ Նահանգներու Ներկա­յա­ցուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդուն­ման պատմական զոյգ յաղթանակները: Հայրենիքի եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը ընդ­հանրապէս եւ ամերիկահայ համայնքը մասնաւորապէս ցնծութեամբ դիմաւորե­ցին պատմական այս յաղթանակները, որոնք վստահաբար պիտի ունենան նշանակա­լից անդրադարձ եւ ազդեցութիւն համաշխարհային քաղաքական հարթակին վրայ: Այսպիսի յաղթանակները անպայման պիտի աշխուժացնեն նաեւ Հայ Դատի ժրաջան նուիրեալները՝ նորանոր չափանիշերով աւելի մեծ նուաճումներու հասնելու համար:

Եւ վերջապէս ժամանակն է, որ մեր ազգը, ի սփիւռս աշխարհի, Հայաստանի եւ Ար­ցախի , մէկ բռունցք դարձած՝ համայն աշխարհին ներկայանայ միասնական ճակա­տով եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն տէր կանգնելու անխախտ վճռականու­թեամբ: Ո՛չ Ցեղասպանութիւնը եւ ո՛չ ալ հողային պա­հան­ջատիրութիւնը ենթակայ են զիջումներու։ Թուրքիա պէտք է ընդունի իր գործադրած Հայոց Ցե­ղաս­պա­նութիւնը եւ արդար հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն։ 105 տա­րիներու մեր պայքարին մէջ ոչ մէկ ընկրկում ու նահանջ կրնանք ունենալ։ Յստակ է մեր պահանջը՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ ար­դար հատուցում: «Կը Յիշեմ եւ կը Պահանջեմ»։ Ա՛յս է եւ պիտի ըլլայ այլեւս հայուն կարգախօսը բոլոր ճա­կատ­ներու վրայ։

Բի՜ւր յարգանք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած մեր նահատակներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.