Ատրպէյճան աւելի քան 10 հազար թոն նաւթամթերք մատակարարած է Հայաստանին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ռուսիայէն, Ղազախստանէն եւ այլ երկիրներէ աւելի քան 40 հազար թոն բեռ Ատրպէյճանի տարածքով փոխադրուած է Հայաստան, իսկ Պաքու մինչեւ օրս Հայաստան արտածած է աւելի քան 10 հազար թոն նաւթամթերք։

«Հայաստանը վառելանիւթի վստահելի աղբիւր ունի, եւ այդ աղբիւրը Ատրպէյճանն է», ըսած է Ալիեւ՝ պնդելով, որ առանց այդ մատակարարումներուն Հայաստանը ստիպուած պիտի ըլլար պենզին եւ տիզել փնտռել այլ շուկաներու մէջ։

Ալիեւի այս հովանաւորական յայտարարութիւնները հերթական փորձն են սահմանափակ տնտեսական գործակցութիւնը ներկայացնելու իբրեւ Պաքուի շնորհած բարիք եւ Հայաստանը ծաղրանքի առարկայ դարձնելու։ Այս հռետորաբանութիւնը կը հնչէ այն պահուն, երբ Ատրպէյճան կը շարունակէ խաղաղութիւնը պայմանաւորել նոր պահանջներով, իր վերահսկողութեան տակ կը պահէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները եւ կը մերժէ իրական ու հաւասար խաղաղութեան հաստատումը։

Աւելի կանուխ, անդրադառնալով Ռուսիոյ վառելանիւթի շուկային մէջ ստեղծուած տագնապին, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստանի շուկան պատրաստ է նման զարգացումներու՝ մենաշնորհներու վերացման եւ ներածման աղբիւրներու բազմազանեցման շնորհիւ։ Ան նշած էր, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կը գործեն վառելանիւթ ներածող տասնեակ ընկերութիւններ, եւ թէ շուկան պիտի կարենայ ապահովել ներքին կայունութիւնը։