«Սա հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան դէմ բացուած դատ է». Դաւիթ Իշխանեան ուղերձ յղած է Պաքուի բանտէն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Պաքուի բանտէն ուղերձ մը յղած է՝ անդրադառնալով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ շարունակուող դատավարութեան։
Իշխանեան նշած է, որ վերաքննիչ դատավարութիւնը ձեւական բնոյթ կը կրէ եւ էական փոփոխութիւն չէ արձանագրուած առաջին ատեանի դատավարութեան համեմատ։ Ան բացատրած է, որ վերաքննիչ ատեան դիմելու հիմնական նպատակը միջազգային դատական կառոյցներուն դիմելու անհրաժեշտ իրաւական ընթացքը սպառելն է։
Իշխանյան յայտնած է, որ նոյնիսկ կարգ մը փաստաբաններ դատական նիստերու ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած են, որ նման փաստերով միջազգային դատարան հասնիլը ծանր պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի համար եւ կրնայ պարտութեան առաջնորդել։
Իշխանեան ընդգծած է, որ իր ելոյթին ընթացքին դատավարութիւնը որակած է քաղաքական պատուէրով կազմակերպուած գործընթաց, որ կապ չունի քրէական յանցագործութիւններու հետ եւ կը կատարուի ազգային ատելութեան ու ցեղային պատկանելիութեան հիման վրայ։
«Սա կարկատան մըն է», ըսած է ան՝ նշելով, որ մեղադրանքները լեցուն են հակասութիւններով, կեղծ ձեւակերպումներով եւ չապացուցուած պնդումներով։
«Սա հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան դէմ բացուած դատ է՝ յստակ ռազմավարութեամբ եւ հեռահար նպատակներով», շեշտած է Իշխանեան։
Ան նաեւ յայտնած է, որ փաստաբանները տակաւին ամբողջութեամբ չեն ստացած դատական նիստի վերաբերող թղթածրարները, եզրակացութիւնը եւ դատավճիռը, իսկ անոնց միայն արտօնուած է դատավճիռի ելեկտրոնային տարբերակին ծանօթանալ։
Իշխանեան իր ուղերձը եզրափակած է՝ կոչ ուղղելով համբերատար, նպատակասլաց եւ ամուր մնալու։