2016ին «Զուարթնոց»ի Ուղեւորահոսքը Աւելցած Է 12 Տոկոսով

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 2016 թուականին, 2015 թուականին հետ բաղդատելով, Հայաստանի օդակայաններուն մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 10.4 տոկոսի աճ կամ ուղեւորահոսքի տարբերութիւնը կազմած է շուրջ 200,000  հոգի:

2016 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 2,105,540 հոգի՝ նախորդ տարուան ուղեւորահոսքը գերազանցելով 12 տոկոսով:

Ինչպէս կը նախատեսուէր, 2016 թուականին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը հատած է 2 միլիոնի շեմը՝ 1992 թուականէն ի վեր արձանագրելով բարձրագոյն ցուցանիշը:

2016 թուականին Երեւանէն մեկնած է 1,048,153 ուղեւոր եւ ժամանած է 1,057,387, իսկ 2015 թուականին մեկնածներուն թիւը կազմած է 944,373 ուղեւոր, ժամանածներունը՝ 935,294:

2016 թուականին ժամանող ուղեւորներուն թիւը շուրջ 8500ով աւելի է մեկնողներուն թիւէն:

Դեկտեմբերին այս թիւը եղած է 189,018 հոգի՝ արձանագրելով 23.4 տոկոսի աճ՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով:

«Զուարթնոց»ի մէջ 2016ին բեռնափոխադրումը կազմած է 18,269 թոն ապրանք, որ 80.4 տոկոսով աւելին է, քան 2015 թուականին էր:

Նախորդ տարի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ կատարուած է 9266 թռիչք-վայրէջք՝ արձանագրելով 2.8 տոկոս աճ, նախորդ տարուան ցուցանիշներուն համեմատ:

Ութ ամսուան դադարէ ետք վերստին գործելու սկսած Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ 2016 թուականի ուղեւարահոսքը կազմած է 12,421 ուղեւոր, բեռնափոխադրումը՝ 4.2 թոն ապրանք: 2016 թուականի Դեկտեմբերին ճամբորդներու հոսքը կազմած է 2557 հոգի:

Comments are closed.