Գոհաբանական եւ Հունձքի Տօն

Երախտագիտութեան, հաւատքի եւ օրհնութեան նուիրական խորհուրդը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ


Աշխարհի ժողովուրդներուն մօտ բերքահաւաքն ու գոհաբանութիւնը հնադարեան արմատներ ունեցող աւանդութիւններ են, որոնք սերտօրէն կապուած են մարդ արարածի կեանքին, աշխատանքին եւ Արարչին հանդէպ ունեցած երախտագիտութեան խոր զգացումին հետ։

Երբ հողին ընծայաբերած բերքը կը լեցնէ շտեմարանները, հողագործին սիրտը կը լեցուի խոնարհ երախտագիտութեամբ, իսկ մարդը կը կանգնի Արարչին առջեւ՝ շնորհակալական աղօթքով։ Գոհաբանական Օրը այս հոգեւոր կեցուածքին կենդանի արտայայտութիւնն է. օր մը, որուն մէջ կը հանդիպին հողը, քրտինքը, օրհնութիւնն ու աղօթքը։

Գոհաբանական Օրուան խորհուրդը միայն առատ բերքի մը ուրախութիւնը չէ։ Ան նաեւ մարդուն յիշեցումն է, թէ կեանքի պարգեւները, բնութեան բարիքները եւ աշխատանքի պտուղները երախտագիտութեամբ ընդունելու եւ պատասխանատուութեամբ գործածելու կոչուած ենք։

Այս գրութեամբ պիտի փորձեմ լուսարձակի տակ առնել Գոհաբանական Օրուան պատմական ծագումն ու զարգացման ընթացքը, անոր հոգեւոր խորհուրդը եւ հայկական համայնքներուն մէջ ունեցած առանձնայատուկ տեղը՝ առանձնակիօրէն վերապրելով ծննդավայրիս՝ Այնճարի, մէջ մանկութենէս մնացած քաղցր յուշերը։

Գոհաբանական Օրուան պատմական ակունքները

Գոհաբանական Օրուան ներկայիս աւանդութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ իր պատմական կարեւոր հանգրուաններէն մէկը ունեցաւ 1621 թուականին։ Պլիմութի մէջ, ներկայ Մասաչուսեթս նահանգին տարածքին, անգլիացի ուխտաւոր գաղթականները, առաջին տարուան դժուարութիւնները յաղթահարելէ եւ բերքահաւաքը կատարած ըլլալէ ետք, խնճոյք մը կազմակերպեցին՝ որուն մասնակցեցան նաեւ տեղացի բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցիչները։ Այս իրադարձութիւնը յետագային ճանչցուեցաւ որպէս ամերիկեան Գոհաբանական Օրուան պատմական նախակարապետներէն մէկը։

Այդ հանդիպումը, հակառակ անոր որ պէտք չէ անտեսել գաղութատիրութեան յետագայ բարդ ու ողբերգական պատմութիւնը, կը յիշուի որպէս բերքահաւաքի ուրախութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ սկզբնական շփման ու համագործակցութեան խորհրդանշական դրուագ մը։

Հետագային՝ 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն, ամերիկեան գաղութներուն մէջ զանազան առիթներով կը նշանակուէին գոհութեան եւ աղօթքի օրեր։ 1789-ին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթըն ազգային գոհութեան եւ աղօթքի օր հռչակեց։ Սակայն Գոհաբանական Օրուան համազգային աւանդութեան հաստատման մէջ վճռորոշ հանգրուան մը եղաւ 1863 թուականը։

Ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն, նախագահ Աբրահամ Լինքըն, նկատի ունենալով Աստուծոյ պարգեւներուն համար երախտագիտութիւն յայտնելու եւ պատերազմէն վիրաւորուած ազգին խաղաղութեան ու միասնութեան վերականգնումը հայցելու անհրաժեշտութիւնը, Հոկտեմբեր 3, 1863-ին հռչակեց Նոյեմբերի վերջին հինգշաբթին՝ որպէս գոհաբանութեան եւ փառաբանութեան օր։ Այս հռչակագիրը կրօնական ու հոգեւոր իմաստէն անդին ունէր նաեւ ազգային նշանակութիւն՝ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ վերամիաւորման յոյսը վերակենդանացնելու կոչով։

1941 թուականին, Քոնկրեսի որոշումով եւ նախագահ Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթի ստորագրութեամբ, Գոհաբանական Օրուան պաշտօնական թուականը սահմանուեցաւ Նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթին։ Այդ օրէն ի վեր ան ամերիկեան հասարակութեան ընտանեկան եւ ազգային կեանքին անբաժանելի աւանդութիւններէն մէկը դարձած է՝ ընտանեկան հաւաքներով, աղօթքով, սիրոյ սեղաններով եւ կարօտեալներուն օգնութեան նախաձեռնութիւններով։

Գանատայի մէջ եւս Գոհաբանական Օրուան աւանդութիւնը դարաւոր պատմութիւն ունի։ Երկար ժամանակ անոր նշման թուականը փոփոխական եղած է՝ կապուած բերքահաւաքի, կրօնական արարողութիւններու եւ պետական հռչակումներու հետ։

1957 թուականին Գանատայի դաշնակցային իշխանութիւնները Գոհաբանական Օրը պաշտօնապէս հաստատեցին Հոկտեմբերի երկրորդ երկուշաբթին՝ որպէս Աստուծոյ շնորհած առատ բարիքներուն համար գոհութիւն յայտնելու օր։

Այսօր Գոհաբանական Օրը գանատական հասարակութեան մէջ ընտանեկան ջերմութեան, փոխադարձ հոգատարութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութեան կարեւոր առիթ մըն է։ Ընտանիքներ կը համախմբուին իրենց սիրելիներուն հետ սիրոյ սեղաններու շուրջ, կը բաժնեկցին բերքահաւաքի բարիքներով պատրաստուած սեղանը եւ կը յիշեն իրենց կեանքին մէջ ունեցած օրհնութիւններն ու այն մարդիկը, որոնց նեցուկն ու բարութիւնը իրենց կեանքը աւելի իմաստալից դարձուցած են։

Գոհաբանական Օրը հոգեւոր ցնծութեամբ կը նշուի նաեւ հայկական համայնքներուն մէջ՝ Հունձքի Տօն անուան տակ, պահպանելով բերքահաւաքի, գոհաբանութեան եւ Աստուծոյ ընծայաբերելու քրիստոնէական խորհուրդը։

Այս տօնին առիթով հաւատացեալները իրենց մշակած եւ հաւաքած բերքը՝ զանազան պտուղներ ու երկրագործական բարիքներ, կը բերեն եկեղեցի եւ իբրեւ գոհաբանական ընծայ կը նուիրեն եկեղեցւոյ խորանին։ Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը մարդուն յիշեցումն է, թէ հողին պարգեւած բարիքները միայն անձնական վայելքի համար չեն, այլ նաեւ բաժնեկցութեան, եղբայրասիրութեան եւ կարօտեալներուն ծառայելու միջոց են։

Այս սովորութիւնը յատկապէս կենդանի է ծննդավայրիս՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ, ուր բերքահաւաքի առատութեան հետ միասին կը վերանորոգուէր նաեւ հաւատացեալներուն երախտագիտութիւնը։ Եկեղեցւոյ խորանին ընծայաբերուած պտուղներն ու բարիքները ոչ միայն Աստուծոյ օրհնութեան երախտագիտական վկայութիւնն էին, այլեւ համայնքային համերաշխութեան եւ փոխադարձ հոգատարութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն մը։ Այդ բերքը կը տրամադրուէր Հայկական Կուրանոցին՝ ծառայելով կարիքաւորներուն եւ վերածուելով սիրոյ ու ծառայութեան կենդանի գործի։

Մանկութենէս մնացած քաղցր յուշերուս մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ բերքահաւաքի այս տօնը, ներաշխարհիս մէջ անմոռաց տեղ կը գրաւէ՝ Հայոց Կուրանոցէն ժամանած կոյր արուեստագետներու բաձառիկ հոգեւոր երաժշտական ելոյթները պաշտամունքի ընթացքին։

Յարգելի ընթերցող,

Մեր ծննդավայրին մէջ բերքի հասունացումը, զանազան պտուղներու հաւաքը եւ անոնցմէ բաժին մը եկեղեցւոյ խորանին ընծայաբերելը սովորական արարողութիւն մը ըլլալէ շատ աւելի խոր իմաստ ունէին։ Անոնք կը սորվեցնէին երախտապարտ ըլլալ, գնահատել հողին տուած բարիքը եւ յիշել, որ մեր վաստակին պտուղը աւելի արժէքաւոր կը դառնայ, երբ զայն կը բաժնեկցինք ուրիշներուն հետ։

Այդ յուշերը այսօր ալ կը մնան հոգիիս մէջ՝ որպէս հաւատքի, պարզութեան, հայրենի հողին հանդէպ սիրոյ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անջնջելի հետքեր։ Մեր Այնճարի մանկութեան այդ օրերը կը յիշեցնեն, թէ ինչպէ՛ս ընտանեկան օճախը, եկեղեցին, հողն ու համայնքը միասին կը կերտեն մարդուն հոգեւոր աշխարհը եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։

Ընտանեկան յարկերէն ներս եւս Գոհաբանական Օրը կը վերածուի սիրոյ ու երախտագիտութեան տօնի։ Սիրոյ սեղանին շուրջ համախմբուած ընտանիքի անդամները կը բաժնեկցին օրուան բարիքները, կը յիշեն իրենց ստացած պարգեւները եւ շնորհակալական աղօթքով իրենց սրտերը կը բարձրացնեն առ Աստուած։ Այդ պահուն կարեւորագոյնը սեղանին ճոխութիւնը չէ, այլ անոր շուրջ տիրող սէրը, խաղաղութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը։

Գոհաբանական եւ Հունձքի այս բարեբաստիկ տօնը մեզի կը հրաւիրէ վերստին խորհրդածելու Աստուծոյ հանդէպ մեր երախտագիտութեան եւ մարդոց հանդէպ մեր պատասխանատուութեան մասին։

Քրիստոնէական հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ, որ երախտագիտութիւնը միայն խօսք չէ, այլ նաեւ ապրելակերպ։ Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն համար գոհանալ կը նշանակէ նաեւ մեր ունեցածը գնահատել, կարիքաւորին ձեռք երկարել, տկարին նեցուկ կանգնիլ, մեր աշխատանքին պտուղը բաժնեկցիլ եւ սիրոյ գործերով վկայել մեր հաւատքը։

Գոհաբանական Տօնը առիթ մըն է, երբ մարդ արարածը խոնարհ երախտագիտութեամբ կը կանգնի Աստուծոյ առջեւ՝ տարուան ընթացքին իրեն շնորհուած պարգեւներուն, հողին պտղաբերութեան, աշխատանքին արդիւնքին եւ կեանքի բարիքներուն համար։

Այո՛, բերքահաւաքը բնութեան պարգեւներուն արտայայտութիւնը ըլլալէ անդին նաեւ հոգեւոր վերամիաւորում մըն է, ուր ընտանիքն ու ժողովուրդը կը միանան գոհութեան եւ օրհնութեան՝ Քրիստոսակեդրոն աղօթքով։ Իսկ իսկական հունձքը միայն դաշտերուն մէջ հասունցած պտուղները չեն. անիկա նաեւ մեր կեանքին մէջ աճած բարութիւնն է, սիրոյ պտուղը, արդարութեան ձգտումը եւ իրարու հանդէպ ցուցաբերած մարդասիրութիւնը։

Թող Ամենակալ Աստուած առատապէս օրհնէ այս նուիրական տօնը, որ իր քրիստոնէական ակունքներով խորապէս առնչուած է մարդ արարածի կեանքին, աշխատանքին եւ պտղաբերութեան։ Թող անոր խորհուրդը մեր մէջ արթնցնէ աւելի խոր երախտագիտութիւն, ամրացնէ մեր հաւատքը եւ մղէ մեզ՝ մեր ստացած օրհնութիւնները բաժնեկցելու մեր նմաններուն հետ։

Թող բարեբաստիկ այս տօնը երախտագիտութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճամբայ բանայ համայն մարդկութեան, ողջ հայութեան, մեր հայրենիքին եւ Սփիւռքի տարածքին ապրող մեր ժողովուրդին։
Մասնաւորապէս, մեր աղօթքն ու բարեմաղթանքը թող հասնին Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Թող անոնք վերագտնեն իրենց ապահովութիւնը, արժանապատիւ կեանքի պայմանները եւ իրենց հայրենի հողին վրայ խաղաղ ապրելու արդար իրաւունքը։ Իսկ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը թող զօրանան միասնութեամբ, հաւատքով, արդարութեամբ եւ ազգային վերանորոգման անսասան կամքով։

Գոհաբանական այս օրը թող մեզի համար ըլլայ ոչ միայն անցեալին ստացած բարիքներուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու առիթ, այլեւ ապագային հանդէպ նոր յոյսերու, բարի գործերու եւ մարդկային ծառայութեան խոստում։

Բարի՛ եւ օրհնաբեր Գոհաբանական Օր ու Հունձքի Տօն։

Թող մեր կեանքին հունձքը միշտ առատ ըլլայ սիրով, հաւատքով, խաղաղութեամբ եւ բարի գործերով։

Թորոնթօ