“ԱՅԴ ՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱԾ ԸԼԼԱԼԸ ՉԻ ՆՇԱՆԱԿԵՐ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ԵՂԱԾ ԵՆ” կ’ըսէ Մուշի քաղաքապետը


 

 

Մշոյ AKP-ական (իշխանութեան կրօնամէտ կուսակցութիւնը) քաղաքապետը՝ Նէճմէտտին Տէտէ զրպարտութիւն որակած է Մշոյ Քալէ (Բերդ) թաղամասի հայկական տուներու քանդումին մասին լուրերը: “Մենք կամ TOKI-ն (հանրային բնակարաններու տնօրէնութիւնը) փլուզման ոչ մէկ աշխատանքի ձեռնարկած ենք Քալէ թաղամասին մէջ: Նման պնդումներ հրապարակ նետելը զրպարտութիւն է”, ըսած է ան:  Աւելցուցած է, թէ քաղաքին բնակչութեան բարօրութիւնը չփափաքող որոշ շրջանակներ քով-քովի եկած՝ կը փորձեն արատաւորել ծրագիրը: Ու, Ն. Տէտէ յատկապէս հակազդած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթին, որուն այս մասին լրատըւութիւնը եւ նախաձեռնած արշաւը, ինչպէս ծանօթ է, լայն արձագանգ գտած են, յատկապէս՝ ընկերային ցանցերուն միջոցով: (Լուսանցքի վրայ նշենք, որ AKP-ականները յատուկ հակակրանք կը տածեն ընկերային ցանցերու հանդէպ, «Կէզի» շարժումին պատճառով: Արդարեւ, ցուցարարներուն հաղորդակցութեան, կազմակերպման եւ հակակառավարական արշաւին անշրջանցելի «զէնք»ը հանդիսացաւ ընկերային ցանցը):

Ապա, քաղաքապետը խնդրոյ առարկայ ծրագրին մասին մանրամասնութիւններ տալով, բացատրած է, թէ նշեալ թաղամասին մէջ պիտի կառուցուի 864 բնակարան, 86 խանութ եւ մզկիթ մը. համաձայնութիւն գոյացած է իրաւատէրերէն 80%ին հետ: “Մուշ՝ քաղաքային բարեկարգումներէն վերջին օգտուողը եղաւ: Բայց, շնորհիւ մեր նախաձեռնութիւններուն, վերջապէս յաջողեցանք ծրագիրը բերել տալ նաեւ հոս: Սակայն, որոշ շրջանակներ հարցը կը ձեռնավարեն: Կը պնդուի, որ Քալէ թաղամասին մէջ հայկական տուներն ու եկեղեցիներ կը քանդուին: Այս թաղամասին մէջ ուր՝ ծնած ու մեծցած եմ, եւ որու իւրաքանչիւր թիզը գոց գիտեմ, կայ երկու մզկիթ եւ եկեղեցի մը: Անոնք պիտի չքանդուին”:

Ապա, Տէտէ կրկնած է, որ քանդումի որեւէ աշխատանքի չեն ձեռնարկած, այլ որոշ բնակիչներ քակած են իրենց տուներուն դռները, պատուհանները, գերանները, դիտել տալով, որ քաղաքապետարանը ատոր միջամտելու իրաւասութիւն չունի:

Ինչպէս կ’երեւի, Նէճմէտտին Տէտէ «աժան» ճարտարախօսութեամբ կը փորձէ ինքնապաշտպանութիւն մը, տասն անգամ կը կրկնէ, թէ հայկական տուներուն դէմ քանդումի չէ ձեռնարկուած, բայց որեւէ պահու, որեւէ տեղ չ’ըսեր, թէ պիտի չքանդուին: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ արդեօք ո՞ւր պիտի կառուցուին իր իսկ յայտարարած 864 բնակարանները, 86 խանութներն ու մզկիթը:

Ատոր փոխարէն, Տէտէ եզրակացուցած է. “Երբ ծրագիրը իրագործուի եւ բնակարաններու կառուցումը աւարտի, բոլորը պիտի տեսնեն գեղեցկութիւնը եւ բոլոր թաղերը դիմում պիտի կատարեն (նո՞յնը պահանջելով – «Հ»): Բայց մենք, ծրագրին գեղեցկութիւնը մէկդի ձգեր, աղմուկ-աղաղակ կը բարձրացնենք: «Ակօս»ով սկսած եւ ընկերային ցանցերու շնորհիւ տարածուած արշաւը զրպարտութիւններով լեցուն է: … Արդէն հոս Հայոց պատկանող տուն չկայ: Անցեալին հոս Հայեր ապրեր են: Բայց այդ չի նշանակեր, թէ անոնք տան տէրեր եղած են”: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.