100 տա­րի ա­ռաջ, այսօր, ­Արարայի ճակատամարտին Հայկական Լեգէոնը ջախջախեց թուրք-գերմանական զօր­քե­րը

ֆրան­սա­ցի զօ­րա­վար ­Ռը­նէ ­Թուռ­նես. «թուր­քեւ­գեր­ման դի­մադ­րու­թեան ճեղ­քու­մը շան­թաս­լաց էր եւ ամ­բող­ջա­կան»

Սեպ­տեմ­բեր 19ին, մեր ժո­ղո­վուր­դը կը տօ­նէ տա­րե­դար­ձը ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի նո­ւա­ճած պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւոր յաղ­թա­նա­կի մը՝ հայ ռազ­մա­կան ու­ժին փառ­քի լու­սապ­սակ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին։

­Սեպ­տեմ­բեր 19ին, 100 տա­րի ա­ռաջ, ­Պա­ղես­տի­նի մէջ, Ա­րա­րա լե­րան շուրջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի եզ­րա­փա­կիչ եւ վճռո­րոշ ճա­կա­տա­մարտ­նե­րէն մէ­կը, երբ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու կող­քին կռո­ւող ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րը յաղ­թա­կան գրո­հով ջախ­ջա­խե­ցին գեր­մա­նեւ­թուրք զօր­քե­րու դի­մադ­րու­թեան վեր­ջին ամ­րո­ցը՝ ա­րա­գաց­նե­լով Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը ի նպաստ ­Դաշ­նա­կից­նե­րուն։

Ե­թէ մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը ա­ռա­ւե­լա­բար Ս­փիւռ­քը պա­հա­պան յու­շա­րարն էր Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին, վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին նաեւ ու մա­նա­ւանդ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան կար­ժա­նա­նայ ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ ռազ­մա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րուն մէջ իր ու­րոյն տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող Ա­րա­րա­յի հայ­կա­կան քա­ջա­գոր­ծու­թիւ­նը։
­Պատ­մա­կան ծա­նօթ փաստ է, որ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մէն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան ի գործ դրած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ւե­լի քան տա­րի մը ետք, 1916ին, «Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէոն» ա­նու­նին տակ, կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նը՝ ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու անգ­լիա­ցի եւ ֆրան­սա­ցի բա­նագ­նաց­ներ ­Սայքս¬­Փի­քո­յի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։

Ինչ­պէս որ նա­խա­պէս ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը, կով­կա­սեան ճա­կա­տի վրայ, նա­խա­ձեռ­նած էր ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դի կազ­մու­թեան, նոյն­պէս եւ անգ­լիա­ցի­ներն ու ֆրան­սա­ցի­նե­րը դի­մե­ցին թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զոհ գա­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն՝ ա­րե­ւե­լեան եւ յատ­կա­պէս ա­րա­բա­կան ճա­կա­տի վրայ թուր­քեւ­գեր­ման զի­նա­կից­նե­րու դէմ պա­տե­րազ­մող ­Դաշ­նա­կից զօր­քե­րը տե­ղա­կան ու­ժե­րով հզօ­րաց­նե­լու հա­մար։

Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մէն ա­ռաջ ար­դէն ­Փա­րի­զի մէջ կազ­մո­ւած էր եւ, ի նպաստ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու ինք­նա­վա­րու­թեան, աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէր ­Հայ Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Պօ­ղոս-­Նու­պար փա­շա­յի, որ անձ­նա­պէս մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի կազ­մու­թեան գա­ղա­փա­րը ­Դաշ­նա­կից­նե­րու ռազ­մա­վա­րու­թեան մէջ մտցնե­լու եւ ի­րա­գոր­ծե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ։

­Սայքս¬­Փի­քո­յի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ՝ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նը պի­տի գոր­ծէր ֆրան­սա­կան հա­մազ­գես­տով եւ հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ անգ­լիա­ցիք ու ֆրան­սա­ցիք յան­գած էին գաղ­թա­տի­րա­կան այն հա­մա­խո­հու­թեան, թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ջախ­ջախ­ման եւ կազ­մա­լուծ­ման պա­րա­գա­յին ­Կի­լի­կիան պի­տի հռչա­կո­ւէր հայ­կա­կան ինք­նա­վար պե­տու­թիւն եւ պի­տի դրո­ւէր ֆրան­սա­կան հո­գա­տա­րու­թեան տակ (Անգ­լիա իր հո­գա­տա­րու­թեան տակ պի­տի առ­նէր ­Պա­ղես­տի­նը)։

­Դաշ­նա­կից­նե­րը լրիւ ան­կեղծ չէին, ան­շուշտ, ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի կազ­մու­թեան ա­տեն ի­րենց կա­տա­րած այս խոս­տում­նե­րուն մէջ։ ­Մե­ծա­պե­տա­կան ու գաղ­թա­տի­րա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րով՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր բե­մագ­րու­թիւն­ներ-փո­խընտ­րանք­ներ կը մշա­կէր պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին հա­մար։ Ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տի ամ­րապնդ­ման մէջ հա­մա­խոհ շար­ժե­լով հան­դերձ, գլխա­ւոր ե­րեք ­Դաշ­նա­կից­նե­րը (­Ռու­սաս­տանն ալ հա­շո­ւի առ­նե­լով) ներ­քին մրցա­պայ­քա­րի մէջ էին պա­տե­րազ­մի ա­ւա­րէն սե­փա­կան ա­ռա­ւե­լա­գոյն օ­գու­տը քա­ղե­լու մար­զին մէջ։

Անգ­լիա­ցիք ա­մէն գնով, թրքա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան եւ հա­մաթր­քա­կան ծրա­գիր­նե­րուն շունչ տա­լու գնով, հե­տա­մուտ էին ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի դէ­պի տաք ջու­րեր էջ­քը ար­գե­լա­կե­լու, որ­պէս­զի անգ­լիա­կան կայս­րու­թեան առ­ջեւ միշտ բաց մնայ դէ­պի կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա եւ ծայ­րա­գոյն ա­րե­ւելք հաս­նե­լու ­Մե­տաք­սի ­Ճա­նա­պար­հը… ­Հե­տե­ւա­բար, այն­քան ալ ան­հիմն չէ մատ­նան­շու­մը բո­լոր այն պատ­մա­բան­նե­րուն, ո­րոնք Անգ­լիոյ գաղ­թա­տի­րա­կան հա­կա­ռուս հա­շիւ­նե­րով կը բա­ցատ­րեն, ­Սեպ­տեմ­բեր 1918ի գրե­թէ նոյն օ­րե­րուն մղո­ւող ­Պա­քո­ւի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն, անգ­լիա­կան ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւ­նը ու­շաց­նե­լու ­Դաշ­նա­կից­նե­րու մար­տա­վա­րու­թիւ­նը։
­Միեւ­նոյն մրցա­պայ­քա­րի հա­շիւ­նե­րով կ­ա­ռաջ­նոր­դո­ւէին նաեւ Ֆ­րան­սան ու ­Ռու­սաս­տա­նը, ո­րոնք ի­րենց կար­գին գաղ­թա­տի­րա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման օ­րա­կարգ ու­նէին ա­ռաջ­նա­հեր­թա­բար եւ, առ այդ, Ա­րե­ւե­լեան ու ­Կով­կա­սեան ճա­կատ­նե­րու վրայ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու դիր­քե­րը ամ­րապն­դե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ՝ նա­խա­ձեռ­նած էին հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու զօ­րա­կո­չին…

­Պատ­մու­թեան դա­ժան փաս­տը ա՛յն է, որ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը սոսկ իբ­րեւ խա­ղա­թուղթ ծա­ռա­յե­ցին ­Մե­ծե­րուն՝ յօ­գուտ ­Թուր­քիան «դար­պա­սե­լու» ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նո­ւա­ճու­մին, մո­ռա­ցու­թեան մատ­նե­լով հայ «փոքր» դաշ­նա­կի­ցին ի­րենց շռայ­լած խոս­տում­նե­րը։
­Դաշ­նա­կից մե­ծե­րու այդ հա­յավ­նաս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի հա­յա­կոր­ծան ռազ­մա­խա­ղե­րը, միա­ժա­մա­նակ, կը ծա­ռա­յեն ա­ւե­լիով շեշ­տե­լու նշա­նա­կու­թիւ­նը Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­կան ճա­կա­տա­մար­տին մէջ հայ ռազ­մա­կան ու­ժին ու­նե­ցած վճռո­րոշ դե­րին։

Ինչ­պէս ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տին վրայ հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը, այն­պէս ալ Ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տին վրայ հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րը յա­ռա­ջա­պահ­նե­րը ե­ղան հայ ժո­ղո­վուր­դին մղած կե­նաց¬մա­հու պայ­քա­րին։ ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տին վրայ այդ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ­Մա­յիս 1918 եւ պսա­կո­ւե­ցաւ ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէ­յի յաղ­թա­նակ­նե­րով նո­ւա­ճո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեամբ ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նու­մով։ Իսկ Ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տի վրայ այդ պայ­քա­րը պսա­կո­ւե­ցաւ, թէեւ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս միայն, տե­ղա­հա­նո­ւած հա­յու­թեան ­Կի­լի­կիա վե­րա­դար­ձով եւ հայ­կա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան հաս­տա­տու­մով։

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով մեր ժո­ղո­վուր­դը ազ­գա­յին իր յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջե­լի տեղ վե­րա­պա­հած է 19 ­Սեպ­տեմ­բեր 1918ի Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին, որ քսան ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ՝ ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ճա­կա­տում մը ե­ղաւ Ա­րա­րա­յի բար­ձուն­քին ամ­րա­կա­յո­ւած թուր­քեւ­գեր­ման զօր­քին եւ դէ­պի լե­ռը գրո­հող հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րուն մի­ջեւ։

­Թուր­քեւ­գեր­ման զի­նա­կից ու­ժե­րը, Ե­գիպ­տո­սէն, ­Սու­րիա­յէն եւ ­Յոր­դա­նա­նէն նա­հան­ջե­լով, ­Պա­ղես­տի­նի մէջ կեդ­րո­նա­ցած էին. յատ­կա­պէս Ա­րա­րա­յի բար­ձուն­քին հաս­տա­տո­ւած գեր­մա­նա­կան 701 եւ 702 գու­մար­տակ­ներն ու հրե­տա­նին՝ զօ­րա­վար Օթ­թօ ­Լի­ման ­Ֆոն ­Սան­տեր­սի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, վա­յե­լե­լով թրքա­կան 8րդ, 7րդ (­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ) եւ 4րդ ­զօ­րա­բա­նակ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, կա­տա­ղի դի­մադ­րու­թիւն ցոյց կու տար ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­քին։ Ֆ­րան­սա­ցի զօ­րա­վար Է. Ա­լեն­պի, որ հրա­մա­նա­տարն էր ­Պա­ղես­տի­նի ամ­բողջ ճա­կա­տով յա­ռա­ջա­ցող ­Դաշ­նա­կից զօր­քե­րուն, Ա­րա­րա­յի բար­ձու­քը նո­ւա­ճե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը վստա­հե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նին, որ բուռն մար­տե­րէ ետք ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեան մատ­նեց գեր­մա­նեւ­թուրք զօր­քը եւ տի­րա­ցաւ Ա­րա­րա­յի ա­նա­ռիկ բար­ձուն­քին։

Ա­րա­րա լե­րան լան­ջին բա­նա­կած «Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէոն»ի հայ սպայ ­Ճոն ­Շիշ­մա­նեա­նը հե­տե­ւեալ կո­չով դի­մեց իր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան վստա­հո­ւած հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րուն՝ Ա­րա­րա­յի բար­ձուն­քին ամ­րա­կա­յուած թուր­քեւ­գեր­ման զօր­քի դիր­քե­րուն դէմ գրո­հի անց­նե­լու հա­մար.
– «Տ­ղաք, գի­տէք, վա­ղը առ­տու մեր հար­սա­նի­քի օրն է, այն օ­րը, ո­րուն բո­լորս կը սպա­սենք։ Ա­մէն զի­նո­ւոր կազմ ու պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 4ին։ Այս ժա­մը վրէժխնդ­րու­թեան եւ ար­դար հա­տուց­ման վսեմ ժամն է. ­Հայ­րեն­քի ա­զա­տու­թեան հա­մար է, որ պի­տի մղենք նո­ւի­րա­կան պա­տե­րազ­մը։

Ա­տի­կա միակ ծա­ռա­յու­թիւնն է, որ մենք պի­տի կա­տա­րենք հան­դէպ մեր դժբախտ ազ­գին ու զայն եր­ջան­կաց­նենք մեր ա­րեան գնով։ ­Չեմ գի­տեր, թէ վա­ղո­ւան վա­րա­գոյ­րը երբ իջ­նէ, մեզ­մէ քա­նի՞ն պի­տի իյ­նան ճա­կա­տա­մար­տին մէջ, սա­կայն վստահ եմ, որ հա­յուն հպարտ ճա­կա­տը ա­մօ­թի մրու­րը պի­տի չտես­նէ, մեր ան­ցեա­լը մե­զի խթան եւ ա­պա­գան թող հա­ւատք ներշն­չէ բո­լո­րիս»։
Այդ ո­գիով հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րը յաղ­թա­պանծ ա­ւանդ մը նո­ւա­ճե­ցին Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին։

Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­նա­կը վճռո­րոշ ե­ղաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի վախ­ճա­նը ա­րա­գաց­նե­լու մէջ։ ­Գեր­մա­նեւ­թուրք զօր­քե­րը ա­րա­գըն­թաց նա­հան­ջի դի­մե­ցին եւ, քա­նի մը շա­բաթ ետք, ար­դէն ստի­պո­ւե­ցան պար­տու­թեան զի­նա­դա­դար կնքե­լու յու­նա­կան ­Լիմ­նոս կղզիի բա­ցե­րը գտնո­ւող Ա­կա­մեմ­նոն ռազ­մա­նա­ւին վրայ։ ­Պար­տու­թեան այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պատ­մու­թեան ան­ցաւ իբ­րեւ ­Մուտ­րո­սի զի­նա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­գիր։
­Ճա­կա­տա­մար­տին ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նը տո­ւաւ 23 զոհ եւ 76 վի­րա­ւոր, իսկ թուր­քեւ­գեր­ման կող­մը, ան­կախ իր զո­հե­րէն, տո­ւաւ 218 ռազ­մա­գե­րի­ներ, ո­րոնց 6ը՝ սպա­ներ։

Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նա­կը ար­ժա­նա­ցած է ինչ­պէս պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից զօ­րա­կան­նե­րու, այն­պէս ալ պատ­մա­բան­նե­րու միա­հա­մուռ սքան­չա­ցու­մին։
Օ­րի­նակ՝ ­Լի­տըլ ­Հար­թի գնա­հա­տու­մով, Ա­րա­րա­յի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը «ա­մէ­նէն ա­րագ ու վճռա­կան գրոհ­նե­րէն էր եւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի պատ­մու­թեան ա­մե­նա­կա­տա­րեալ վճռա­կան ճա­կա­տա­մարտն էր: ­Քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին թրքա­կան բա­նա­կը դադ­րե­ցաւ գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ ­Պա­ղես­տի­նի մէջ»։
Իր կար­գին ֆրան­սա­ցի զօ­րա­վար ­Ռը­նէ ­Թուռ­նես կը գրէ, թէ թուր­քեւ­գեր­ման դի­մադ­րու­թեան «ճեղ­քու­մը շան­թաս­լաց էր եւ ամ­բող­ջա­կան»:

Իսկ հայ լե­գէա­կան­նե­րու ձեռ­քը գե­րի ին­կած թուրք հա­զա­րա­պետ մը չէր կրցած հա­ւա­տալ աչ­քե­րուն, որ ֆրան­սա­կան բա­նա­կի հա­մազ­գես­տով հա­յե­րու կող­մէ պար­տու­թեան մատ­նո­ւած եւ գե­րի ին­կած էին թրքա­կան զօր­քե­րը… Ան յայ­տա­րա­րած էր, որ «­Մի­թէ դեռ հայ կայ աշ­խար­հի ե­րե­սին, մա­շալ­լա՜հ, մա­շալ­լա՜հ. ձեր ազ­գը եր­բեք չի մեռ­նիր ու­րեմն»:

Ա­յո՛, Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­նա­կը նո­ւա­ճող հա­յը չի մեռ­նիր.
Այս ա­ռու­մով պատ­մա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նի յատ­կա­պէս ռազ­մա­ճա­կա­տի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Է. Ա­լեն­պիի վկա­յու­թիւ­նը. «Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէո­նը կամ ­Հայ­կա­կան լե­գէո­նը կա­րե­ւոր բա­ժին ու­նե­ցաւ 19 ­Սեպ­տեմ­բեր 1918 թո­ւա­կա­նին, ­Պա­ղես­տի­նի ճա­կա­տին վրայ, տե­ղի ու­նե­ցած մեծ ճա­կա­տա­մար­տի ըն­թաց­քին: Ես ա­սով հպարտ եմ»։
Այդ հպար­տու­թիւ­նը բո­լո­րէն ա­ռաջ եւ վեր հայ ժո­ղո­վուր­դին կը պատ­կա­նի։
­Հայ ռազ­մա­կան տա­ղան­դին եւ ու­ժին փառ­քի խորհրդա­նիշն է Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տը։

Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­նա­կէն ետք հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց յա­ռաջ­խա­ղաց­քը դէ­պի ­Կի­լի­կիա՝ թրքա­կան զօր­քի նա­հան­ջին կրնկա­կոխ հե­տե­ւե­լով։ 18օ­րեայ ար­շա­ւան­քէ ետք, ­Հոկ­տեմ­բեր 12ին, հա­սան ­Պէյ­րութ, ուր ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ող­ջու­նող ժո­ղո­վուր­դի շար­քին էին նաեւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րող հայ գաղ­թա­կան­ներ՝ ցնցո­տի­նե­րով ու ո­տա­բո­պիկ, ո­րոնք լսե­լով ֆրան­սա­կան հա­մազ­գես­տով զի­նո­ւոր­նե­րու հա­յե­րէն խօ­սակ­ցու­թիւ­նը՝ «­Հայ են, հայ են» գո­չե­լով փաթ­թո­ւե­ցան ի­րենց ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն, ա­նոնց ձեռ­քերն ու զէն­քե­րը համ­բու­րե­լով։

Ֆ­րան­սա­կան զօր­քին հետ ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րը ա­զա­տագ­րե­ցին Ա­լեք­սանտ­րէ­թը եւ հոն­կէ մտան ­Կի­լի­կիա, ուր կեդ­րո­նա­ցան Ա­տա­նա­յի եւ Այն­թա­պի մէջ։ «Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէոն»ը վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ «­Հայ­կա­կան ­Լե­գէոն» եւ դար­ձաւ հիմ­քը ­Կի­լի­կիոյ ինք­նա­վա­րու­թեան պաշտ­պան բա­նա­կին։

Օ­գոս­տոս 1920ին ­Դաշ­նա­կից­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս լու­ծա­րե­ցին «­Հայ­կա­կան ­Լե­գէոն»ը, որ 19 ­Սեպ­տեմ­բեր 1918ին նո­ւա­ճած Ա­րա­րա­յի յաղ­թա­նա­կով՝ իր կար­գին հիմք ծա­ռա­յեց հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր ժա­մա­նակ­ներ ինք­նավս­տահ մուտ­քին։

Ն. Պէրպէրեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.