«Ո՞րն Է Իսկական «Տարածուած Միֆը»
- (0)

ԱԺ Պատգամաւոր Արման Եղոյեանի Սփիւռքի Մասին Արտայայտած Տեսակէտներուն Առիթով
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան վերջերս խորհրդարանի ամպիոնէն վիճարկումի նիւթ դարձուց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին տարածուած պատկերացում մը: Ան պնդեց, որ սփիւռքի հզօրացումը կրնայ տեղի ունենալ հիմնականին մէջ Հայաստանի հաշուոյն, որովհետեւ սփիւռքի թուային աճը կու գայ Հայաստանէն արտագաղթէն կամ մէկ գաղութէն միւսը տեղափոխութենէն: Հետեւաբար, ըստ իրեն, սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի տկարացումն է:
Այս մտածողութեան մէջ ճշմարտութեան բաժին մը կայ, բայց անկէ բխող եզրակացութիւնը հիմնովին սխալ է:
Նախ պէտք է ընդունիլ, որ սփիւռքը պետութիւն չէ: Չունի կառավարութիւն, բանակ, միասնական պիւտճէ կամ որոշումներ կայացնող մէկ կեդրոն. համաձայն ենք: Բայց սփիւռքը նաեւ նոր երեւոյթ չէ, որ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք: Ան դարերու ընթացքին, մեր պատմութեան բերումով ձեւաւորուած հայկական ցանց մըն է, որ գոյութիւն ունեցած է ներկայ հանրապետութենէն շա՜տ առաջ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին ստեղծած է տնտեսական, մշակութային, մտաւոր եւ քաղաքական լուրջ հայկական կարողութիւն:
Երկրորդ. Հայաստանի ժողովրդագրական տկարացումը սփիւռքի հզօրացում նկատելը անշուշտ սխալ է: Երբ Երեւանը կամ Գիւմրին կը պարպուին, իսկ Կլենտէյլը կը մեծնայ, հայկական հաւաքական ուժը չէ, որ կ՛աճի: Մեզմէ շատեր ցաւով դիտած են անկախութենէն ի վեր արտագաղթի ալիքները եւ անոնց պատճառով Հայաստանի ժողովրդագրական տկարացումը եւ արտագաղթի շարունակական ալիքներ: Աւելի՛ն. տարածաշրջանի անկայունութեան պատճառով նոյնքան ցաւով դիտած ենք Հայաստան ապաստան փնտռող, Հայաստանէն դուրս ապրող հայերու ալիքները, որոնց, ցաւօք, չկարողացանք մնայուն կերպով Հայաստանի մէջ պահել` Պաքուի հայերը, իրաքահայերը, սուրիահայերը, լիբանանահայերը եւ, վերջերս, նոյնիսկ արցախահայերուն մէկ մասը: Բայց ի վերջոյ, իւրաքանչիւր հայ ի՛նքն է, որ կ՛որոշէ իր կեանքի ուղին եւ իր ճակատագիրը, եւ թէ ո՛ւր կ՛ուզէ ապրիլ: Մեր հաւաքականութեան կը մնայ ստեղծել այն պայմաններն ու հաստատութիւնները, որոնք հայը կը խրախուսեն հայրենադարձուելու Հայաստան եւ կարելիութիւն կու տան հոն մնայուն հաստատուելու, երբ Հայաստանի մէջ ապաստան կը փնտռէ:
Հետաքրքրական է նաեւ հակառակ շարժումը: Եթէ ուշադրութեամբ նայինք Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերուն, պիտի տեսնենք, որ անոնց մէջ զգալի ներկայութիւն ունին գիտակից հայեր, որոնք մեծցած կամ կրթուած են հայկական հաստատութիւններու մէջ: Այսինքն երբեմն նոյնինքն սփիւռքի ստեղծած ազգային կարողութիւնն է, որ տարիներ ետք կը վերադառնայ Հայաստան:
Այո՛, հայրենադարձութիւնը պէտք է քաջալերել: Հայաստան կը հզօրանայ, երբ սփիւռքահայեր հոն կ՛ապրին, կ՛աշխատին, ձեռնարկութիւններ կը հիմնեն, արժէք կը ստեղծեն եւ իրենց ընտանիքները կը կազմեն:
Բայց հո՛ս է Եղոյեանի փաստարկին հիմնական խնդիրը: Սփիւռքի ուժը կարելի չէ չափել միայն մարդոց թիւով:
Մէկ միլիոն լաւ կրթուած, կազմակերպուած, իրարու կապուած եւ հաստատութիւններ ունեցող հայեր կրնան շատ աւելի մեծ կարողութիւն ունենալ, քան` երկու միլիոն մասնատուած հայեր: Հարցը միայն թիւը չէ, այլ` կարողութիւնը: Դրամագլուխը, գիտելիքը, համալսարաններու, կառավարութիւններու եւ ընկերութիւններու հասանելիութիւնը, քաղաքական կապերը, մշակութային հաստատութիւնները, արհեստագիտութիւնը եւ համաշխարհային ցանցերը` բոլորն ալ ուժի աղբիւրներ են: Սփիւռքը կրնայ թուային առումով տկարանալ, բայց տակաւին` կարողութեամբ հզօրանալ:
Այս երեւոյթը նոր չէ մեր պատմութեան մէջ: Մատրասի փոքրաթիւ հայկական գաղութը ԺԸ. դարուն դարձաւ հայկական մտքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Հոն գործեցին Շահամիր Շահամիրեանն ու Յովսէփ Էմինը, հոն ծնան հայկական պետականութեան եւ քաղաքական վերածնունդի մասին գաղափարներ` առանց այդ գաղութը Հայաստանի արտագաղթով մեծցնելու: Նոյն ժամանակաշրջանին Մխիթարեանները Վենետիկի եւ Վիեննայի մէջ ստեղծեցին մտաւոր ու մշակութային հսկայական կարողութիւն: Հայկական ուժը միշտ չէ, որ ստեղծուած է Հայաստանի աշխարհագրական սահմաններուն մէջ եւ զօրացած` Հայաստանէն արտագաղթով:
Եղոյեան իր ելոյթին մէջ հետաքրքրական հարցում մը կ՛ուղղէ սփիւռքի մասին. «Ո՞վ է այդ հեռախօսահամարի տէրը»: Պատասխանը պարզ է. ոչ ոք: Եւ թերեւս այդպէս ալ պէտք է ըլլայ:
Անդրազգային ազգ մը պարտադիր չէ մէկ հրամանատարական կեդրոն ունենայ: Անոր անհրաժեշտ են հաստատութիւններ, որոնք կրնան իր տարբեր կեդրոններուն միջեւ կապ, համակարգում եւ համագործակցութիւն ստեղծել:
Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր հայ ազգի ինքնիշխան քաղաքական կեդրոնն է: Բայց անկէ չի հետեւիր, որ հայկական ամբողջ կարողութիւնը պէտք է գտնուի Հայաստանի մէջ: Մեր պատմութեան ընթացքին մենք ոչ միայն ուրիշ պետութիւններու մէջ կարողութիւն ստեղծած ենք, այլ պետականազուրկ ժամանակաշրջաններուն նոյնիսկ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետականութիւն կերտած ենք:
Հոս, սակայն, արժէ վայրկեան մը յիշեցնել, թէ այս «առանց հեռախօսահամարի» սփիւռքը ի՛նչ ըրած է Հայաստանի համար վերջին չորս տասնամեակներուն: 1988-ի երկրաշարժէն սկսեալ ան օգնութեան հասաւ աղէտեալներուն, անկախութենէն ետք մասնակցեցաւ նոր պետութեան վերականգնումին, ֆինանսաւորեց ճանապարհներ, դպրոցներ, բնակարաններ եւ հիւանդանոցներ, Հայաստանի դեսպանատուներ գնեց ու նուիրեց տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ, միջազգային քաղաքական աջակցութիւն կազմակերպեց Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն եւ անկէ ետք: Քըրք Քըրքորեանի «Լինս»-ի հիմնարկը միայն աւելի քան մէկ միլիառ տոլար տրամադրեց Հայաստանին: Սփիւռքահայ նախաձեռնութեամբ կամ մասնակցութեամբ ստեղծուեցան ու զարգացան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը, ԹՈՒՄՕ-ն, FAST-ը, «Հայաստան ծառատունկ ծրագիր»-ը, «Աւրորա»-ն եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Սփիւռքահայ դրամագլուխը մասնակցեցաւ «Զուարթնոց»-ի արդիականացման, Հայաստանի արհեստագիտական համակարգի զարգացման, գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ ձեռնարկատիրութեան վերելքին: Իսկ հազարաւոր ուրիշներ իրենց դրամը, գիտելիքը, կապերը, ժամանակը եւ երբեմն կեանքը դրին Հայաստանի ու Արցախի ծառայութեան: Սփիւռքահայ դրամագլուխը, գիտելիքն ու կապերը իրենց կարեւոր բաժինը ունեցան նաեւ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի կայացման եւ զարգացման մէջ, ներառեալ` վերջերս իրագործուած Firebird-ի արհեստական բանականութեան գործարանը: Մեր ընտանիքի փոքր հիմնադրամն ալ այս բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է. իր համեստ միջոցներով իր նպաստը բերած է Հայաստանի շարք մը ծրագիրներու եւ կարեւոր դեր ունեցած` ազգային պատուաստման ծրագրի հիմնադրման մէջ:
Եւ վստահ եմ` հազարաւոր ուրիշ լոյսի կէտեր կը մոռնամ այս կարճ թուարկումին մէջ: Հայաստանի ժողովուրդը գիտէ, թէ ինչի՛ մասին կը խօսիմ: Ամէն այցելութեանս մարդոց աչքերուն մէջ կը տեսնեմ այդ ճանաչումն ու երախտագիտութիւնը սփիւռքի հանդէպ:
Այս բոլորը կատարուեցան առանց «մէկ հեռախօսահամար»-ի, առանց մէկ կեդրոնի եւ առանց մէկ հրամանատարի:
Ուրեմն խնդիրը ուժեղ Հայաստան կամ ուժեղ սփիւռք ընտրելը չէ: Քաղաքական խնդիրը երկուքին կարողութիւնները բազմապատկելն ու իրարու կապելն է: Բայց ասիկա երկար նիւթ է, որուն պատասխանը, անկախութենէն ի վեր, տակաւին միասնաբար չենք գտած:
Եւ ճիշդ այս պատճառով այսօր մէկ վտանգէ պէտք է զգուշանալ: Հայաստանի ներքաղաքական պայքարը արդէն իսկ բաւական խոր բաժանումներ ստեղծած է: Զայն սփիւռք արտածելը նոր ուժ պիտի չստեղծէ: Ընդհակառակը, պիտի մասնատէ այն հայկական կարողութիւնը, որ պէտք է այսօր համախմբել ու բազմապատկել:
Մեզի պակսողը նոր ճակատներ չեն: Մեզի պակսողը Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած հայկական կարողութիւնները իրարու կապելու քաղաքական երեւակայութիւնն ու հաստատութիւններն են:
Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արման Եղոյեան թերեւս պէտք է նկատի ունենայ, որ սփիւռքը կրնայ «յստակ քաշային կարգ» չունենալ: Բայց Հայաստանի մէջ տարածուած իսկական «միֆը», կարծես, այն է, թէ հայկական ուժը ուժ է միայն այն ատեն, երբ Երեւանի մէջ կեդրոնացած է: