Շաբթուան ամփոփումը (4 յունիս 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
Գանատա Եւ Սփիւռք
– Վանգուվըրէն մինչեւ Թորոնթօ, Մոնթրէալ եւ Գեմպրիճ, գանատահայութիւնը հանդիսաւոր ձեռնարկներով նշեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 108-ամեակը։ Վանգուվըրի մէջ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ եւ ուղեկից միութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին շեշտուեցաւ պետականութեան, ազգային միասնութեան եւ պատմական յիշողութեան կարեւորութիւնը, մինչ Թորոնթոյի մէջ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան նախաձեռնած տօնախմբութիւնը սկսաւ յաղթանակի տողանցքով եւ շարունակուեցաւ հայրենասիրական ելոյթներով ու գեղարուեստական յայտագրով, ուր բանախօսները ընդգծեցին ինքնութեան եւ պետականութեան անքակտելի կապը։ Մոնթրէալի մէջ ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղին կազմակերպած աւանդական տողանցքը համախմբեց հոգեւորականներ, սկաուտներ, մարզիկներ, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը, իսկ ելոյթներուն ընթացքին շեշտուեցաւ Մայիս 28-ի ոգին, ազգային արժէքներու պահպանման եւ սերունդներու պատասխանատուութեան հրամայականը։ Գեմպրիճի մէջ ալ ՀՄԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տօնակատարութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դրօշակի օրհնութիւն, հայրենասիրական ելոյթներ եւ գեղարուեստական յայտագիր, ըմդգծելով ազգային ինքնիշխանութեան, Արցախի հայութեան իրաւունքներու եւ ազգային համախմբումի կարեւորութիւնը։ Բոլոր ձեռնարկները եզրափակուեցան աղօթքով, հայրենասիրական երգերով եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ շարունակուած տօնախմբութիւններով՝ վերահաստատելով Մայիս 28-ի պատգամին շուրջ գանատահայութեան վճռակամութիւնը։
– Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յունիս 2-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցան՝ քննարկելով երկկողմ յարաբերութիւնները, Հարաւային Կովկասի զարգացումներն ու Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը։ Զրոյցէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Անանտ ընդգծեց «տեւական եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան» կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ «դեռ չլուծուած հարցերու» կարգաւորումը։ Գանատայի պաշտօնական դիրքորոշման լոյսին տակ, այդ հարցերը կը վերաբերին հայ գերիներու ազատ արձակման, արցախահայութեան ապահով վերադարձի իրաւունքին եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան։ Իր կարգին, ատրպէյճանական կողմը յայտնեց, թէ քննարկուած են նաեւ տնտեսական համագործակցութեան, ուժանիւթի, եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան վերաբերող հարցեր։
Հայաստան եւ Արցախ
– Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յունիս 2-ին հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկեցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ յատկապէս երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի առեւտուրի մեկնարկին ուղղուած քայլերը։ Թրքական կողմի հաղորդումով, Էրտողան ընդգծեց, որ կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի գործնական միջոցներով, մինչ երկու կողմերն ալ կը խօսին սահմանային եւ առեւտրական կապերու զարգացման մասին։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ այն պայմաններուն մէջ, երբ Փաշինեան վերջին օրերուն յարաբերութիւններու կարգաւորումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ներկայացուցած է որպէս ռազմավարական անհրաժեշտութիւն։ Սակայն գործընթացը կը շարունակէ մտահոգութիւններ յառաջացնել Հայաստանի մէջ, քանի որ ան կը զարգանայ առանց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի բռնագրաւման հետեւանքներուն եւ Թուրքիոյ՝ Ատրպէյճանին ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան առնչուող հիմնահարցերու լուծման։
– Մայիս 31-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական արշաւի եզրափակիչ հանրահաւաքը, որուն նախորդեց համակիրներու երթը Արամ Մանուկեանի արձանի, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ եւ Մատենադարանի յարակից տարածքներէն։ Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցան դաշինքի առաջնորդները եւ թեկնածուները, ներառեալ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Իշխան Սաղաթէլեանը, որոնք յառաջիկայ ընտրութիւնները բնորոշեցին որպէս Հայաստանի ապագան որոշող վճռորոշ հանգրուան։ Բանախօսները կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն լայն մասնակցութիւն բերելու քուէարկութեան, իսկ Ռոպերթ Քոչարեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վստահութիւն յայտնեց, թէ «Հայաստան» դաշինքը ունի անհրաժեշտ փորձառութիւնն ու կարողութիւնը՝ երկիրը ներկայ մարտահրաւէրներէն դուրս բերելու։ Հանրահաւաքին ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ դաշինքի քաղաքական ուղին ներկայացնող տեսանիւթ, իսկ ձեռնարկէն ետք մասնակիցները քարոզչական երթ իրականացուցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ։
– Սուրբ Էջմիածնի տօնին եւ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հրապարակած իր պատգամին մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն մասնակցելու ընտրութիւններուն՝ առաջնորդուելով ազգային ու պետական շահերով եւ գալիք սերունդներուն հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով։ Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ քաղաքական ուժերը յորդորեց խուսափելու ատելութեան խօսքերէն եւ ժողովուրդը հեռու պահելու լարուածութիւն ու անցանկալի զարգացումներ ստեղծող քայլերէ, իսկ իրաւապահ մարմինները՝ երաշխաւորելու ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական ընտրական գործընթաց։ Գարեգին Բ. նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց երկրի մէջ առկայ բաժանումներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ դէմ շարունակուող ճնշումներուն առնչութեամբ՝ շեշտելով ազգային միասնութեան, ներքին համերաշխութեան եւ քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը։
– Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով կալանաւորուած Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, բանտէն յղած ուղերձով յայտարարեց, թէ ատրպէյճանական կողմը տակաւին 2024-ին անուղղակի կերպով ակնարկած էր, որ հայ գերիներուն վերադարձը կախեալ է Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական կամքէն։ Անդրադառնալով Պաքուի մէջ ընթացող վերաքննիչ դատավարութեան՝ Իշխանեան զայն բնորոշեց որպէս ամբողջովին վերահսկուող եւ հաշուեյարդարի գործընթաց, միաժամանակ շեշտելով որ երկարատեւ գերութիւնը չէ կոտրած ո՛չ իր եւ ո՛չ ալ միւս հայ գերիներուն կամքը, սկզբունքայնութիւնն ու հոգեկան ամրութիւնը, եւ որ անոնք պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց որդեգրած ուղիին։
– Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ մօտ ապագային Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ չի նախատեսուիր՝ ընդգծելով, որ նման քայլի համար ներկայիս ո՛չ իրաւական, ո՛չ ալ գործնական հիմք կայ, քանի որ Հայաստանը դեռ չէ դիմած անդամակցութեան կամ թեկնածու երկրի կարգավիճակի։ Ան նաեւ վերահաստատեց, թէ Երեւանը մտադրութիւն չունի դուրս գալու ԵԱՏՄ-էն եւ պիտի շարունակէ համագործակցիլ անոր անդամ պետութիւններուն հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուան շարունակեց զգուշացնել Հայաստանի արեւմտեան ուղղութեան հնարաւոր տնտեսական համագործակցութեան հետեւանքներուն մասին, մինչ ԵԱՏՄ-ԵՄ ընտրութեան հարցը կը մնայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքական բանավէճի հիմնական թեմաներէն մէկը։
– Միջազգային «International Observatory for Democracy in Armenia» (IODA) կազմակերպութիւնը, Հայաստանի մէջ իրականացուցած իր երկրորդ փաստահաւաք առաքելութենէն ետք, մտահոգութիւն յայտնեց յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ստեղծուած մթնոլորտին վերաբերեալ՝ մատնանշելով իշխանութեան քննադատներու ձերբակալութիւններ, պետական միջոցներու հնարաւոր չարաշահումներ, ընտրողներու ահաբեկման մասին հաղորդումներ եւ արտաքին միջամտութեան վերաբերող պնդումներ։ Կազմակերպութիւնը նշած է, որ արձանագրուած են խօսքի ազատութեան հետ առնչուող հետապնդումներ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան օգտին վարչական լծակներու կիրառման մասին բողոքներ եւ պետական ծառայողներու նկատմամբ ճնշումներու մասին տեղեկութիւններ։ IODA-ը նաեւ անդրադարձած է նախընտրական շրջանին արձանագրուած քաղաքական սուր բեւեռացման, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն շուրջ հնչող արտաքին ազդեցութեան մասին հակասական պնդումներուն՝ ընդգծելով, որ քաղաքացիները պէտք է կարենան ազատօրէն արտայայտել իրենց քաղաքական համոզումները եւ մասնակցիլ ընտրական գործընթացին՝ առանց վախի կամ ճնշումներու։