Միացնող, ոչ բաժանող

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի կազմակերպման կառոյցի ստեղծման աշխատանքը կը շարունակուի: Ժողովը ընտրած է արդէն իր նախագահը եւ երեք փոխնախագահները: Այժմ կ՛ընտրուին մշտական տասներկու յանձնաժողովներու նախագահները: Ազգային ժողովի սահմանադրական օրէնքին համաձայն, ութ յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունի մեծամասնական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, չորս` փոքրամասնութիւնը. երեք «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ մէկ` «Հայաստան» դաշինքը: Ընտրական գործընթացը բաւական երկար կը տեւէ. խմբակցութիւնը կը ներկայացնէ իր թեկնածուն, կը պատասխանէ պատգամաւորներու հարցումներուն, ապա ելոյթներ տեղի կ՛ունենան, ելոյթներուն կը յաջորդեն խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ելոյթները եւ, վերջապէս, թեկնածուին եզրափակիչ ելոյթը: Կը նախատեսուի, որ հարցապնդումներն ու ելոյթները կեդրոնանան տուեալ յանձնաժողովի կատարելիք աշխատանքին ու թեկնածուի ունակութիւններուն վրայ: Սակայն պատգամաւորներէն շատեր ցուցադրուելու առիթէն օգտուելով` կ՛արծարծեն հարցեր, որոնք կապ չունին քննուող հարցին հետ, եւ կրկնութիւններով կը հնչեցնեն քննադատութիւններ, աւելի ճիշդ` մեղադրանքներ, իրարու հասցէին:

Մեղադրանքները կ՛ընկերանան չհաստատուած, յաճախ սուտ տեղեկութիւններու: Նպատակը, յատկապէս` մեծամասնութեան կողմէ, փոքրամասնութիւնը վարկաբեկելն է եւ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ անոր ներկայութիւնը խորհրդարանէն ներս անտեղի է ու սխալ:

Այս երկարատեւ ու ձանձրալի քննարկումներուն ընթացքին, երկուշաբթի, 17 օգոստոսին կը քննարկուէր կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ սփիւռքի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածութիւնը: Երկար անունով այս յանձնաժողովը, ինչպէս դժուար չէ կռահել, կարեւոր գործառոյթներ ունի: Անոնց կարգին` սփիւռքի հարցերը: Բնական է, որ սփիւռքը անմասն պիտի չմնար հարցադրումներէն ու ելոյթներէն: Այդպէս ալ եղաւ:

Սփիւռք եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն: Օրակարգի բոլոր կէտերու քննութեան ընթացքին անպայման կը գտնուի բանախօս մը, որ հարկ կը զգայ անդրադառնալու Դաշնակցութեան սխալներուն եւ հակասութիւններ փնտռելու անոր անցեալ թէ ներկայ դիրքորոշումներուն մէջ: Երբ հայկական սփիւռքին կ՛անդրադառնանք, կարելի

չէ ամէնէն աւելի տարածուն, ամէնէն աւելի գործունեայ կուսակցութիւնը մոռացութեան տալ: Սփիւռքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն ու ընդհանրապէս հասարակական կեանքին անընդունելի է իրական Հայաստանի ջատագովներուն համար: Անընդունելին քիչ է այն բոլոր անհատներուն ու մանաւանդ կազմակերպութիւններուն պարագային, եթէ անոնք չեն բաժներ Քաղաքացիական պայմանագրի տեսութիւնները Հայոց հայրենիքի, պետականութեան կայացման, Արցախի, Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ դատի ու ազգային այլազան բնագաւառներուն մասին: Հայաստանի իշխանութիւնը կը նախընտրէ, որ սփիւռքը ունենայ որոշման մէկ կեդրոն, որուն ինք կարենայ թելադրել, ինչպէս կը թելադրէ օրէնսդիր իշխանութեան, գործադիրին, դատականին եւ մնացեալ սպասարկութիւններուն:

Սփիւռքը բարդ ու բազմաշերտ իրողութիւն է: Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր ներքին, սեփական խնդիրները: Ապրած երկրի վարչաձեւը, կանոնները, ընկերային եւ մշակութային առանձնայատկութիւնները չեն կրնար ազդեցութիւն չունենալ գաղութային ապրելակերպին ու մտածողութեան վրայ: Գաղութներու միջեւ յարաբերութիւնները միաձեւ ապրելակերպ ունեցող միաւորներու կապեր չեն: Համադրութիւնը յաճախ դժուար է, բանական ճիգերու կը կարօտի, տարբերութիւնները ընդունելով` նմանութիւնները շեշտելու կարիք ունի: Նմանութիւններու որոնման մէջ էական դեր ունի բոլորին ծագման հայրենիքը` յաւերժական Հայաստանը: Այդ հայրենիքը միայն հոգեկան չէ. անոր մէկ հատուածին մէջ հաստատուած ու ձեւաւորուած պետականութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, համախմբող, միասնականացնող փարոս պէտք է ըլլայ: Լայնախոհ եւ կենսատու կիզակէտ` Մայր Հայաստան:

Սփիւռքի նկատմամբ նման մօտեցումը կ՛օգնէ անոր հզօրացման ու միաժամանակ զայն կը դարձնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օժանդակող հզօր գործիք մը: Պայմանով անշուշտ, որ արտաքին քաղաքականութիւնը համահունչ ըլլայ համայն հայութեան բաղձանքներուն եւ հայ ազգի ու հայրենիքի գոյատեւման հրամայականին:

Հայաստան իրաւունք չունի անտեսելու սփիւռքը: Հայաստան իրաւունք չունի չլսելու սփիւռքը, սփիւռքի այլազան ձայները, զօրակցողն ու քննադատողը: Հայաստան սփիւռքի հետ կապուած միայն համադրող ու միասնականացնող դեր կրնայ ստանձնել: