Հայաստան յառաջիկային պիտի սկսի ԵՄ անդամակցութեան պաշտօնական դիմումի գործընթացը. Փաշինեան
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 24-ին Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստան յառաջիկային պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական դիմում ներկայացնելու գործընթացը։
Կառավարութեան 2026-2031 թուականներու հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելով՝ Փաշինեան նշեց, որ ԵՄ անդամակցութեան հարցով հանրաքուէն նպատակայարմար կը նկատէ կազմակերպել այն ժամանակ, երբ Հայաստան արդէն պաշտօնապէս դիմած ըլլայ Եւրոպական Միութեան, ստացած ըլլայ համապատասխան արձագանգ եւ յստակ պատկերացում ունենայ անդամակցութեան գործընթացի ճանապարհային քարտէսին մասին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու՝ Երեւանին ուղղուած կոչին, որով Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջուած էր յստակեցնել ԵՄ անդամակցութեան եւ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու միջեւ ընտրութիւնը։ Փաշինեան այդ մօտեցումը «բարեկամական ժեստ» որակեց՝ ընդգծելով, որ հանրաքուէի հարցը օրակարգին վրայ է, սակայն անոր ժամկէտը պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ գործընթացի բովանդակային զարգացումներով։
Իր ելոյթին մէջ Փաշինեան անգամ մը եւս խօսեցաւ իր կառավարութեան առաջ մղած «Չորրորդ Հանրապետութեան» գաղափարին մասին՝ պնդելով, որ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով այդ գաղափարախօսութիւնը ստացած է հանրային հաւանութիւն։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն։
Փաշինեանի համաձայն՝ նոր Սահմանադրութեան մէջ պէտք չէ յղում կատարուի 1990-ի Անկախութեան հռչակագրին։ Ան այս մօտեցումը կապեց Ղարաբաղեան շարժումը «աւարտելու» եւ հակամարտութեան տրամաբանութենէն հեռանալու իր կառավարութեան քաղաքականութեան հետ։
Անդրադարնալով TRIPP ծրագիրին ան ըսաւ, որ անիկա նպատակ ունի ոչ միայն երկաթուղային ուղիղ կապ հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այլեւ Հայաստանը միացնել միջազգային երկաթուղային ցանցին։ Անոր խօսքով՝ ծրագիրը կրնայ ապահովել նաեւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով երկաթուղային կապը եւ Հայաստանի հաղորդակցութիւնը Իրանի, Ռուսաստանի ու Կեդրոնական Ասիոյ հետ։ Փաշինեան շեշտեց, որ TRIPP-ը օտարերկրեայ ռազմական կամ զինեալ ներկայութիւն չի նախատեսեր։
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց Ռուսաստանի իշխանութիւններուն՝ ճկունութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի երկաթուղային համակարգի կառավարման հարցով։ Փաշինեան նշեց, որ ռուսական կառավարման ներքեւ գտնուող երկաթուղիներու ներկայ կարգավիճակը, Ռուսաստանի դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ, կրնայ խոչընդոտել միջազգային ներդրողներու եւ փոխադրողներու ներգրաւումը։ Ան առաջարկեց քննարկել կառավարման արտօնութեան իրաւունքը Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համար ընդունելի երրորդ երկրի փոխանցելու կարելիութիւնը։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն՝ Փաշինեան յայտարարեց, որ անոնց ազատ արձակման եւ Հայաստան վերադարձին հարցը կը շարունակէ մնալ կառավարութեան աշխատանքային օրակարգին վրայ։
Փաշինեան անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այլեւս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մաս պիտի չկազմէ։ Փաշինեան պնդեց, որ միջազգային դերակատարները երբեմն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կ’օգտագործեն սեփական քաղաքական նպատակներուն համար՝ Հայաստանի շահերուն վնաս հասցնելով։
Կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրին շուրջ քննարկումները Ազգային ժողովին մէջ կը շարունակուին։