Սաղաթելեան. ՏԻՄ ընտրութիւններուն ընդառաջ «համատարած բռնաճնշումներ» կը գործադրուին

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան յայտարարած է, որ յառաջիկայ ՏԻՄ ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայաստանի տարբեր համայնքներուն մէջ ընդդիմադիր ուժերու եւ թեկնածուներու նկատմամբ լայնածաւալ ճնշումներ կը գործադրուին։

Սեպտեմբեր 16-ին Ազգային ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին Սաղաթելեան նշած է, որ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի շարք մը համայնքներու ընտրութիւններուն, իսկ «Առաջ» կուսակցութիւնը եւս պիտի ներգրաւուի ընտրապայքարին։

Ան պնդած է, որ ուժային կառոյցները, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, Քննչական կոմիտէն, ոստիկանութիւնը, հարկային մարմիններն ու մարզպետարանները ճնշումներ կը բանեցնեն այն քաղաքական ուժերուն եւ աւագանիի անդամներուն նկատմամբ, որոնք կը պատրաստուին մասնակցիլ ՏԻՄ ընտրութիւններուն։ Սաղաթելեան այս երեւոյթը որակած է «բռնաճնշումներու նոր խայտառակ մակարդակ»։

Ճեպազրոյցին ընթացքին ան անդրադարձած է նաեւ Արման Եղոյեանի՝ դաշնակցականութիւնը «արմատախիլ ընելու» յայտարարութեան։ Սաղաթելեանի գնահատումով՝ իշխանութիւններուն պայքարը միայն ՀՅԴ-ի դէմ չէ, այլ ուղղուած է ազգային գաղափարախօսութեան, համահայկականութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ։

Սաղաթելեան նաեւ քննադատած է Առուշ Առուշանեանի՝ ՔՊ-ի հետ դաշինքով ընտրութիւններուն մասնակցելու որոշումը՝ զայն «անընդունելի եւ անհասկնալի» որակելով։

Անդրադառնալով Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի հաւանական դուրսբերման՝ Սաղաթելեան յայտարարած է, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ նման քայլ մը կրնայ նոր անվտանգային սպառնալիքներ ստեղծել Հայաստանի համար։ Ան նաեւ դէմ արտայայտուած է ԵԱՏՄ-էն Հայաստանի դուրս գալուն։