Կառավարութիւնը կը ծրագրէ միջամտել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին՝ մինչեւ Կաթողիկոսի հեռացում եւ ընտրութեան գործընթաց
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան յառաջիկայ հնգամեայ ծրագրին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կառավարման հարցերը ներառուած են «Հոգեւոր անվտանգութիւն» խորագրին տակ՝ նախատեսելով Եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած «բարենորոգում», Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեռացում եւ հետագայ ընտրական գործընթացներու կազմակերպում։
Factor.am-ի հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ կառավարութեան ծրագրով Եկեղեցւոյ «բարենորոգումը» կը ներկայացուի իբրեւ «արժէքահէն հոգեւոր կեանքի» ապահովման անհրաժեշտ պայման։ Փաստաթուղթը կը սահմանէ, որ այդ գործընթացը պէտք է նպատակ ունենայ Հայ Առաքելական Եկեղեցին «կանոնականութեան դաշտ» վերադարձնելու եւ անոր «քաղաքականացումը» բացառելու։
Առաւել մտահոգիչ է այն հանգամանքը, որ գործադիր իշխանութիւնը պետական ծրագրով կը նախատեսէ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «փաստացի պետի» հեռացումը՝ զայն ձեւակերպելով որպէս «հանգստեան կոչում»։ Ապա կը նախատեսուի կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն եւ, հետագային, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նոր ընտրութիւն։
Այս դրոյթները լուրջ սահմանադրական հարցադրումներ կը յառաջացնեն, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը կը ճանչնայ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան առանձնութիւնը, մինչդեռ Կաթողիկոսի պաշտօնավարման, հրաժարման կամ յաջորդի ընտրութեան հարցերը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին եւ կանոնական իրաւասութեան մաս կը կազմեն։ Գործադիր իշխանութեան կողմէ նման գործընթացներ պետական ծրագրով նախատեսելը փաստացի միջամտութիւն է Եկեղեցւոյ ինքնավար կառավարման ոլորտին։
Ծրագրով կը նախատեսուի նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունում՝ սկզբունքներու պահպանման, ֆինանսական թափանցիկութեան եւ հոգեւորականներու բարեվարքութեան ապահովման մեխանիզմներով։ Կառավարութիւնը նաեւ կը ծրագրէ հոգեւոր սպասաւորները ընդգրկել պետական ընկերային երաշխիքներու համակարգին մէջ եւ ապահովել Եկեղեցւոյ ֆինանսաւորման թափանցիկութիւնը։
Իշխանութիւնը այս ամբողջ օրակարգը կը փորձէ հիմնաւորել «հոգեւոր անվտանգութեան» անհրաժեշտութեամբ՝ պնդելով, թէ պէտք է բացառել արտաքին ուժերու կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին «հիբրիտային պայքարի յենակէտ» դարձնելու փորձերը։ Սակայն նման ձեւակերպումներու ներքոյ կառավարութիւնը իր վրայ կը վերցնէ Եկեղեցւոյ կանոնականութեան, ղեկավարութեան եւ ներքին կառավարման գնահատողի ու կարգաւորողի դեր մը, որ չի բխիր աշխարհիկ պետութեան սահմանադրական լիազօրութիւններէն։
Աւելի քան մէկ տարիէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարբերաբար հրապարակային յարձակումներ կը կատարէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի դէմ եւ կը խօսի անոր հեռացման անհրաժեշտութեան մասին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բազմիցս իշխանութիւններու քայլերը գնահատած է իբրեւ անընդունելի միջամտութիւն Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին։
Գարեգին Բ. ներկայիս նաեւ քրեական գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունի՝ իշխանութիւններու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ ամիսներէ ի վեր խորացող դիմակայութեան պայմաններուն մէջ։
Կառավարութեան նոր ծրագիրը, սակայն, հակամարտութիւնը կը տեղափոխէ նոր մակարդակի՝ պետական քաղաքականութեան մաս դարձնելով հարցեր, որոնք պատմականօրէն եւ կանոնականօրէն կը պատկանին բացառապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւասութեան։