Ծերութեան կնճիռներէն անդին․«Վերապրել Շեքսպիրին»-ը հայկական ֆիլմարուեստի նորագոյն գոհարներէն է (ֆիլմի ակնարկ)

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Ծերութեան խորունկ կնճիռներուն ետին երբեմն կը պահուին ամենէն վառ ու կրքոտ պատմութիւնները։ Այս ճշմարտութեան լաւագոյն վկայութիւնն էր Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի 2026 տարեշրջանի ամենէն յուզիչ ու տպաւորիչ իրադարձութիւններէն մէկը՝ Իննա Սահակյանի եւ Ռուբեն Ղազարյանի համատեղ հեղինակած «Վերապրել Շեքսպիրին» (Outliving Shakespeare) ֆիլմը։ «Արշալոյսի լուսաբացը» (Aurora’s Sunrise) ցնցող գլուխգործոցէն ետք, Սահակյան դարձեալ կը վերադառնայ մարդկային վերապրումի եւ յիշողութեան թեմաներուն, սակայն այս անգամ բոլորովին տարբեր, առաւել անմիջական, ջերմ ու քնարական լեզուամտածողութեամբ։

Ֆիլմը մեզի կը տանի Երեւանի Նորքի խարխուլ, սովետական շրջանէն մնացած ծերանոցը, ուր թատերական բեմադրիչ Գառնիկ Սեյրանյանը կազմած է «Թարմանի» թատերախումբը՝ բնակիչներուն հետ բեմադրելու համար «Շեքսպիրի մեղքերը» ինքնատիպ ներկայացումը։ Մեր ընկերութիւնը յաճախ կը լուսանցքայնացնէ կամ մոռացութեան կը մատնէ տարեցները՝ զանոնք զրկելով ապրելու, սիրելու եւ արտայայտուելու իրաւունքէն։ «Վերապրել Շեքսպիրին»-ը կը ջնջէ այս անարդար սահմանը: Ֆիլմի բեմադրիչները անհաւատալի ջերմութեամբ ու յարգանքով կը ներկայացնեն ծերանոցի հերոսները. Լիգիան, որ միշտ «պրիմա» դերասանուհի է իր հոգիով, կրակոտ Անահիտը, դերասան Սուրէնն ու մանաւանդ բեմադրիչ Գառնիկը։ Հերոսները «խնամքի կարօտ ծերեր» չեն, այլ կրքոտ, կատակասէր, վիրաւոր, բայց արժանապատուօրէն ապրող անհատականութիւններ, որոնք թատրոնի միջոցով կը վերագտնեն իրենց ձայնն ու գոյութեան իմաստը։

Այն, ինչ որ այս ֆիլմը կը բարձրացնէ սովորական վաւերագրութենէն վեր, անոր գեղարուեստական բացառիկ որակն ու տեսողական լեզուն է։ «Վերապրել Շեքսպիրին» դիտելու ընթացքին հանդիսատեսը գրեթէ կը մոռնայ, թէ վաւերագրական ֆիլմ կը դիտէ․ անիկա ունի գեղարուեստական, բեմադրուած ֆիլմի մը վայելչութիւնը, ռիթմն ու խորութիւնը։ Այս ամենուն հիմնական շունչ տուողը երիտասարդ շարժանկարիչ Բագրատ Սարոյանի ապշեցուցիչ ու չքնաղ լուսանկարչութիւնն է. տեսախցիկը չի ներխուժեր, այլ դռներու շրջանակներէն ու պատուհաններէն դուրս, լոյսի ու ստուերի նուրբ խաղերով, ծայր աստիճան յարգանքով կը դիտէ հերոսները։ Սարոյանի ոսպնեակը իւրաքանչիւր տեսարան կը վերածէ տեսողական բանաստեղծութեան. տարեցներու դէմքերու խորունկ կնճիռները, պատերու մաշած գոյները, միջանցքներուն մէջ շրջող կատուներն ու ժամանակակից սպիտակ ռոբոտի հակադրութիւնը նկարահանուած են այնպիսի գեղագիտական նրբութեամբ, որ ֆիլմը կը վերածուի շարժապատկերային բարձրարուեստ ցուցադրութեան։

Ֆիլմին ամենէն յուզիչ ու ազդեցիկ շերտերէն մէկը Արցախի հարցին եւ անոր ժողովուրդի տեղահանութեան արծարծումն է։ Ֆիլմարտադրողները խուսափած են աժան լոզունգներէ կամ ճնշող քարոզչութենէ․ փոխարէնը, Արցախի ողբերգութիւնը ֆիլմին մէջ կը թափանցէ շատ նուրբ, բայց խորապէս ցաւոտ ձեւով։ Լուրերը կը հնչեն ծերանոցի հեռատեսիլներէն ու ռատիոյէն՝ իբրեւ մշտական ցաւի արտայայտութիւն։ Այս ազգային ողբերգութիւնը կը մարմնաւորուի յիսնամեայ Գայանէի կերպարով՝ կին մը, որ կը փորձէ վերադառնալ Արցախ՝ իր տունն ու կեանքը վերագտնելու համար, սակայն կը բախի շրջափակման, պատերազմին եւ բռնի տեղահանութեան՝ դարձեալ իբրեւ գաղթական վերադառնալով Նորքի ծերանոց։ Գայանէի լուռ վիշտը եւ ծերանոցի պատերէն ներս արձագանգող լուրերը Շեքսպիրեան ողբերգութիւնը կը վերածեն ապրուած, իրական հայկական իրականութեան։

«Վերապրել Շեքսպիրին»-ը ֆիլմ մըն է ծերութեան ու թատրոնի մասին, բայց նաեւ խոկում մը կորսուած ժամանակի, մարդկային մենութեան եւ անկոտրում արժանապատուութեան շուրջ։ Անիկա կը յիշեցնէ մեզի, որ նոյնիսկ ամենէն մութ պահերուն, արուեստն ու մարդկային կապը ունին բուժիչ ու վերապրեցնող զօրութիւն։

Առանց վարանելու կամ չափազանցութեան՝ «Վերապրել Շեքսպիրին»-ը ժամանակակից հայկան ֆիլմարուեստի ամենէն կատարեալ ու տպաւորիչ գոհարներէն մէկն է․ եթէ այս տարի միայն մէկ ֆիլմ դիտելու առիթ պիտի ունենաք, թող որ ըլլայ այս մէկը։ ֍

***

Այս յօդուածի մէկ տարբերակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2026 (#228) թիւին մէջ: (Լուսանկարները՝ https://gaiff.am/ -ի)