Լիզպոնի հինգը՝ ազգային արժանապատուութեան, զոհողութեան եւ անկոտրում կամքի ու պայքարի յաւերժի խորհրդանիշը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

2026 թուականի Յուլիսը կը նշուի իբրեւ Լիզպոնի Հինգի անմահ ինքնազոհութեան 43-րդ տարելիցը։ 1983 թուականի Յուլիս 27-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներ՝ Սեդրակ Աճէմեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Գըրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան, իրենց կեանքը կամաւոր զոհաբերեցին՝ ի լուր աշխարհի բարձ­րա­ձայնելու Հայոց ցեղասպանութեան չլուծուած դատը եւ մարդկութեան խիղճը ցնցելու մի­ջազ­գային անտարբերութեան ու քաղաքական կեղծաւորութեան դէմ։

Անոնց անունները վաղուց արդէն դադրած են միայն հինգ անհատներու յիշատակ ըլլալէ։ Անոնք դարձած են հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, ազգային արժանապատուութեան, անձ­նազոհութեան եւ գիտակից պայքարի խորհրդանիշեր։ Անոնց ընտրութիւնը յուսահա­տական քայլ չէր, այլ պատմական անարդարութեան դէմ ուղղուած գիտակից բողոք, որ ծնունդ առաւ բռնաբարուած իրաւունքէն, մերժուած արդարութենէն եւ անլսելի դարձած ճշմարտութենէն։

Լիզպոնի գործողութիւնը պէտք չէ դիտուի միայն որպէս պատմական դէպք։ Անիկա ահա­զանգ էր՝ ուղղուած աշխարհի խուլ ղեկավարներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ քա­ղաքական շահերը գերադասեցին ճշմարտութենէն եւ արդարութենէն։ Լիզպոնի Հինգը իրենց արիւնով յայտարարեցին, որ երբ միջազգային ընտանիքը կը լռէ ցեղասպանութեան դիմաց, այդ լռութիւնը կը վերածուի նոր անիրաւութիւններու մեղսակցութեան։

Քառասուներեք տարի անց ալ, աշխարհը տակաւին լիովին չէ ընկալած այդ պատ­գամը։ Նոյն միջազգային երկդիմութիւնը, նոյն ընտրովի արդարութիւնը եւ նոյն քաղա­քական հաշուարկները այսօր ալ կը շարունակեն քաջալերել անպատժելիութիւնը։ Այդ պատ­ճառով Լիզպոնի Հինգին պատգամը ոչ թէ անցեալի յիշատակ է, այլ ներկայի խղճին ուղղուած անժամանցելի կոչ։

Անոնք զէնքը վերցուցին ոչ թէ մահը փառաբանելու, այլ կեանքի, արժանապատուութեան եւ ազգային իրաւունքներու ձայնը լսելի դարձնելու համար։ Իրենց նահատակութիւնը դար­ձաւ այն բոցը, որ լուսաւորեց սերունդներու ճանապարհը եւ վերահաստատեց, թէ կան ար­ժէքներ, որոնց համար հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չընտրէ լռութիւնը կամ անձնա­տւու­թիւ­նը։

Այսօր, երբ Հայաստանը, Արցախը եւ համայն հայութիւնը կը դիմագրաւեն նոր եւ աննա­խադէպ փորձութիւններ մեր իսկ իշխանաւորներուն կողմէ, Լիզպոնի Հինգին կտակը կը հնչէ նոյն ուժգնութեամբ. ազգերը կը գոյատեւեն ոչ միայն իրենց բանակներով ու իշխանական փառ­քերով ու մեծարանքներով, այլ նախեւառաջ իրենց յիշողութեամբ, արժանապա­տուու­թեամբ եւ պայքարելու կամքով։ Ազգային իրաւունքները չեն պահպանուիր մոռացութեամբ, այլ յիշողութեան, պահանջատիրութեան, զոհաբերութեան եւ աննահանջ կամքի միջոցով։

Լիզպոնի Հինգը հերոսները ապացուցեցին, որ նահատակութիւնը երբեք պարտութիւն չէ, երբ անիկա կը ծառայէ ազգի պատմական իրաւունքին։ Անոնց զոհաբերութիւնը դարձաւ յաւերժական մոմավառութիւն, որ կը լուսաւորէ Հայ դատի ճանապարհը եւ կը ներշնչէ նոր սերունդները՝ մնալու հաւատարիմ ազգային իտէալներուն։

Այսօր՝ քառասուներեք տարի անց, մեր խոնարհումը միայն յարգանքի արտայայտութիւն չէ։ Անիկա ուխտի վերանորոգում է՝ շարունակելու արդարութեան, ազգային ազատագրու­թեան եւ համազգային պահանջատիրութեան ճանապարհը, որուն համար Լիզպոնի Հինգը վճարեցին իրենց մատղաշ կեանքով։

Փա՛ռք եւ խոնարհում Լիզպոնի Հինգի անմեռ յիշատակին։

Թող անոնց անունները միշտ հնչեն որպէս խիղճի ղօղանջ աշխարհի ղեկավարներուն, որպէս ներշնչում հայ երիտասարդութեան, եւ որպէս յաւերժ յիշեցում, որ արդարութիւնը կրնայ ուշանալ, բայց երբեք պիտի չմեռնի, քանի դեռ կան ժողովուրդներ, որոնք պատրաստ են ամէնէն թանկը զոհաբերելու յանուն ճշմարտութեան։

Լիզպոնի Հինգը յիշելը պատիւ է։

Անոնց կտակը պահելը՝ ազգային պարտք։

Անոնց օրինակով ապրիլը՝ մեր յաւերժական ուխտը։