Լիզպոնը՝ պահանջատէր հայութեան անմար պատգամը
- (0)

ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ
Լիզպոնի գործողութեան 43-րդ տարեդարձին առիթով, պատգամս այս կը ներկայացնեմ իբրեւ խոկում մը՝ անձնական ուղեւորութեանս ընդմէջէն։
1983-ին տակաւին մանուկ էի, բայց կը զգայի եւ կ’անդրադառնայի իմ շուրջ տիրող այն մթնոլորտին, այն յուզումին ու ապրումներուն, որոնք համակած էին նախ ծնողքս եւ ապա լիբանանահայութիւնը։ Ապա, տարիներ ետք, իբրեւ Լիբանանի պատանեկան միութեան եւ երիտասարդական միութեան անդամ, Լիզպոնի հինգին պատգամը դարձաւ իմ դաստիարակութեան եւ ազգային գիտակցութեան անբաժանելի մասը։ Իսկ այսօր, իբրեւ չափահաս դաշնակցական, կը վերադառնամ այդ նոյն պատգամին՝ բայց աւելի խոր գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ. նուիրումի, զոհաբերութեան, հաւատքի եւ մեր ժողովուրդին ու մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ անսակարկելի հաւատարմութեան պատգամն է այդ, որ Արան, Սագոն, Սեդոն, Վաչէն եւ Սիմոնը իրենց կեանքով ու նահատակութեամբ կտակեցին մեզի:
Լիզպոնի հինգը երիտասարդներ էին՝ երազներով, ապագայի ծրագիրներով եւ կեանքի բնական ձգտումներով, սակայն իրենց անձնական երջանկութենէն վեր դասեցին ժողովուրդի արդար իրաւունքները։ Անոնք գիտակցաբար ընտրեցին դժուար ճանապարհը, որովհետեւ համոզուած էին, որ հայ ըլլալը միայն պատկանելիութիւն մը չէ, այլ պատասխանատուութիւն է։
Լիզպոնի հինգը աշխարհին յիշեցուցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան պահանջը չի կրնար մոռացութեան մատնուիլ, եւ որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան, իր նահատակներուն եւ իր ապագային հանդէպ ունի անսակարկելի պարտաւորութիւն մը։ Այդ գործողութիւնը դարձաւ այն կայծը, որ վերակենդանացուց պահանջատէր հայութեան ոգին եւ նոր թափ տուաւ Հայ դատի պայքարին։
Լիզպոնի հինգը մեզի սորվեցուցին, որ մեծ գաղափարները կը գոյատեւեն, երբ կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են զանոնք իրենց կեանքով պաշտպանելու։ Անոնք իրենց անձնական «ես»-ը վերածեցին հաւաքական «մենք»-ի։ Անոնք ապացուցեցին, որ ազգի մը ուժը միայն իր թիւին կամ կարողութիւններուն մէջ չէ, այլ իր հաւատքին, կազմակերպուածութեան եւ իր արժէքներուն հանդէպ ունեցած նուիրումին մէջ է։
Այսօր, 43 տարի անց, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ հայրենիքի անվտանգութեան խնդիրներ, Արցախի կորուստի հետեւանքներ, ազգային ինքնութեան պահպանումի վտանգներ եւ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ օտարացումի հոսանքներ, Լիզպոնը մեզ կը յիշեցնէ, որ անտարբերութիւնը երբեք պատասխան չէ։
Լիզպոնի ոգին մեզի կը պատգամէ, որ պայքարը չի սահմանափակուիր մէկ ժամանակաշրջանով կամ մէկ միջոցներով։ Յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է հաւատք, գիտակցութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ նուիրում։ Ան մեզ կը կոչէ ամրացնել մեր համայնքները, զօրացնել մեր ազգային կառոյցները եւ իւրաքանչիւրս մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ ծառայել մեր ժողովուրդին ու Հայ դատի արդար ճանապարհին։ Ան մեզ կը կոչէ չըլլալ հանդիսատես մեր պատմութեան, այլ դառնալ անոր գիտակից մասնակիցները։
Մասնակիցները՝ աւանդական կամ նորարար միջոցներով:
21-րդ դարու հայ երիտասարդը ունի հմտութիւնը մեր պայքարը մղելու նաեւ գիտութեամբ, կրթութեամբ, դիւանագիտութեամբ, մշակոյթով, քաղաքական աշխատանքով եւ համազգային կազմակերպուածութեամբ։ Ունի գիտակցութիւնը պարտականութիւն համարելու սորվիլ մեր պատմութիւնը, փոխանցել զայն նոր սերունդներուն, պահպանել մեր լեզուն ու ինքնութիւնը եւ շարունակել այն ճանապարհը, որ Լիզպոնի հինգը բացին։
Թող այսօր իսկ Արան, Սագոն, Սեդոն, Վաչէն եւ Սիմոնը «իջնեն երկնքէն, ընկերանան մեզի, որպէսզի քալենք հաստատ այս գետնի վրայ վստահութեամբ, եւ իրենց շունչով զինուինք։ Ոչնչացնե՛նք ամէն բան որ կ’արդարացնէ մեր անտարբերութիւնն ու հանգիստ ընթացքը։ Դառնանք կայծա՛կ, մահացո՛ւ դանակ, Դառնանք պատուհասը թշնամուն, դառնանք փուշը իր աչքին»։
Այսօ՛ր իսկ: