Աննա Գրիգորեան ընտրուեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար

«Հայաստան» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութիւնը Աննա Գրիգորեանը ընտրեց խմբակցութեան ղեկավար, իսկ Արթուր Խաչատրեանը՝ խմբակցութեան քարտուղար։

Դաշինքի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ որոշումները կայացան խմբակցութեան անդամներու ժողովի ընթացքին, որ նախագահեց «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։ Ժողովի ընթացքին մասնակիցները քննարկեցին նաեւ խմբակցութեան յառաջիկայ գործունէութիւնն ու առաջնահերթութիւնները։

Հայաստանի նոր Ազգային ժողովը կազմուեցաւ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հրապարակած վերջնական տուեալներուն համաձայն՝ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած են երեք քաղաքական ուժեր։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 64 աթոռ՝ ապահովելով խորհրդարանական մեծամասնութիւն, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 աթոռ։ Նոր Ազգային ժողովը ունի 105 պատգամաւոր։