Դաւիթ Մանուկեան Պաքուի բանտէն հրապարակային կոչ ուղղեց Նիկոլ Փաշինեանին

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան, որ շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը պահուի Ատրպէյճանի բանտերէն մէկուն մէջ, հրապարակային կոչ ուղղած է Նիկոլ Փաշինեանին՝ պահանջելով յստակ դիրքորոշում ներկայացնել Պաքուի կողմէ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ։

Մանուկեան մասնաւորաբար անդրադարձած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը Հայաստանի կողմէ ծրագրուած եւ նախապատրաստուած ըլլալու ատրպէյճանական պնդումներուն։ Ան ընդգծած է, որ պաշտպանական կողմը ներկայացուցած է բազմաթիւ փաստեր, որոնք, իր խօսքով, կը հաստատեն, թէ պատերազմը սանձազերծուած է Ատրպէյճանի կողմէ՝ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ։

«Քանի որ այդ ժամանակ դուք Հայաստանի վարչապետն ու գերագոյն հրամանատարն էիք, իսկ պատերազմի ծրագրումը կը սկսի այդ մակարդակէն, կը յորդորեմ հրապարակաւ ներկայացնել ձեր դիրքորոշումը այս մեղադրանքներուն վերաբերեալ», ըսած է Մանուկեան։

Ան զգուշացուցած է, որ Փաշինեանի լռութիւնը կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ համաձայնութիւն՝ Պաքուի առաջադրած մեղադրանքներուն հետ։ «Չարձագանգելու պարագային պիտի նշանակէ, որ համաձայն էք առաջադրուած կեղծ մեղադրանքներուն՝ մեղսակից դարձնելով ոչ միայն դուք ձեզ, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը», նշած է ան։

Պաքու Արցախի նախկին ղեկավարներուն կը մեղադրէ յարձակողական պատերազմ ծրագրելու մէջ, մինչդեռ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին տարիներուն բազմիցս հրապարակաւ յայտարարած է, որ իր իշխանութիւնն էր որոշած հարցը լուծել ռազմական ճամբով՝ գործադրելով այսպէս կոչուած «երկաթեայ բռունցքը»։ Վերջերս Մարտակերտ կատարած այցելութեան ընթացքին ան դարձեալ սպառնացած էր անհրաժեշտութեան պարագային դիմել նոյն միջոցին։

Դաւիթ Մանուկեան նաեւ պահանջած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յստակացնեն իրենց դիրքորոշումը Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներու եւ կալանաւորներու իրաւական կարգավիճակին վերաբերեալ։

Մանուկեան գերեվարուած էր 27 սեպտեմբեր 2023-ին՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումէն եւ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութենէն ետք։