ԿԸՅ-ն համաձայնութիւն տուաւ Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը բաւարարեց Դատախազութեան միջնորդութիւնը՝ համաձայնութիւն տալով «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու։

«Ուժեղ Հայաստան»-ի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեան պարզաբանեց, որ ԿԸՅ-ի որոշումը կը վերաբերի միայն Կարապետեանին մեղադրանք առաջադրելու համաձայնութեան եւ չի նշանակեր անոր անձեռնմխելիութենէն ամբողջական զրկում կամ կալանաւորում։

Անոր համաձայն՝ Կարապետեանը ազատութենէն զրկելու հնարաւորութեան վերաբերեալ քննարկումը պիտի շարունակուի ԿԸՅ-ի յաջորդ նիստին։ Պաշտպանական կողմը ներկայացուցած է իր առարկութիւնները՝ պնդելով, որ գործը քաղաքական հետապնդման բնոյթ ունի եւ նպատակ ունի խոչընդոտելու թէ՛ Կարապետեանի, թէ՛ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան գործունէութիւնը։

Վարդեւանեան ընդգծեց, որ Նարեկ Կարապետեան արդէն իսկ ընտրուած պատգամաւոր է, սակայն տակաւին չէ ստանձնած իր լիազօրութիւնները։

Քրէական գործը կապուած է «Ուժեղ Հայաստան»-ի աջակից Ալեքսան Ալեքսանեանի նկատմամբ ներկայացուած մեղադրանքներուն։ Ան կը մեղադրուի հաւաքի մասնակցելու համար քաղաքացիները նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով դրամ լուալու մէջ։

Դատախազութիւնը միջնորդութիւնը ԿԸՅ-ին ներկայացուցած էր յուլիս 13-ին, սակայն յանձնաժողովը զայն քննեց միայն պատգամաւորական լիազօրուգիրներու տրամադրումէն ետք։ Նարեկ Կարապետեան եւս ստացած է իր լիազօրագիրը։