Ի ՅՈՒՇ. Լենիան՝ սիրոյ եւ լոյսի թիթեռնիկը
- (0)

ԱՐՄԻԿ ԵԱՂՃԵԱՆ
Բնութեան ամէնէն գեղեցիկ ու քնքուշ հրաշքներէն մէկն է թիթեռնիկը։ Թեթեւօրէն եւ ուրախութեամբ ծաղիկէ ծաղիկ կը թռթռայ՝ զմայլութիւն, խաղաղութիւն եւ ժպիտ պարգեւելով բոլոր անոնց, որոնք զինք կը տեսնեն։ Կարճ պահու մը կ’անցնի մեր քովէն, բայց նոյնիսկ երբ հեռանայ, մեր սրտերուն մէջ կը ձգէ սիրոյ, յոյսի եւ գեղեցկութեան իր անջնջելի հետքը։
Այդպիսի թիթեռնիկ մըն էր Լենիան։
Լենիան գորովի, քնքշութեան եւ երջանկութեան մարմնացումն էր։ Արեւու ճառագայթի պէս կը լուսաւորէր իր շուրջը, իսկ իր վառվռուն ներկայութիւնը բերկրանք կը սփռէր։ Իր դէմքը միշտ ժպտուն էր, խնդուքը՝ վարակիչ, իսկ փաթթուկները՝ անոյշ ու ջերմ։ Իր հետ ամէն հանդիպում փաթթուկով կը սկսէր եւ փաթթուկով կը փակուէր։ Լենիային անունն իսկ կարծես իր բնաւորութիւնը կը նկարագրէր. ան կը խորհրդանշէ աշխոյժ ու պայծառ էութիւն մը։ Լենիա՝ ինչքա՜ն յարմար անուն այդպիսի աղջնակի մը համար։
Լենիան սիրելու անսահման կարողութիւն ունէր։ Այսքան պատանի հասակին արդէն կարծես հասկցած էր կեանքի մեծագոյն արժէքը՝ սէրը։ Ան պարզապէս կը սիրէր կեանքը՝ մանկական անմեղութեամբ, կը սիրէր մարդիկը՝ անկեղծ սրտով, եւ նոյն այդ սէրն ու գուրգուրանքը բազմապատիկ կերպով կը ստանար ու կը վայելէր բոլորին կողմէ։ Իր նուիրումը ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ համայնքին սահման չէր ճանչնար։
Ան շարժուն, ստեղծագործ եւ աշխոյժ աղջնակ մըն էր։ Փոքր տարիքէն երգի, պարի, երաժշտութեան եւ արուեստի սիրահար էր։ Հազիւ քալել սորված՝ կ’երգէր ու կը պարէր։ Մեծ եռանդով կը մասնակցէր Մոնթրէալի հայ համայնքի կեանքին՝ երգչախումբի, պարախումբի, սկաուտութեան եւ այլ միութիւններու միջոցով։ Լենիան կեանքի ծարաւ ունէր։ Իւրաքանչիւր վայրկեան կ’ուզէր արժեւորել, նոր բաներ սորվիլ, նոր բաներ փորձել եւ լիովին վայելել ամբողջ օրը։ Ձանձրոյթը երկար չէր հանդուրժեր. միշտ բան մը կը փնտռէր ընելու, զբաղելու, ստեղծագործելու կամ վայելելու։ Ան երջանկութիւն կը գտնէր կեանքի ամենապարզ ու սովորական պահերուն մէջ։ Ան իր կեանքը կ’ապրէր՝ իւրաքանչիւր օրը ընդունելով որպէս պարգեւ եւ գնահատելով որպէս լաւագոյն օրը, կամ իր բառերով՝ «Best day ever»։
Լենիան յիշել՝ կը նշանակէ ոչ միայն յիշատակ մը մտաբերել, այլ զգացում մը ապրիլ։ Իր խնդուքը, իր գուրգուրանքը, իր հրեշտակային երգեցիկ ձայնը եւ իր անմեղ ուրախութիւնը կարծես կը միանային մէկ զգացումի մէջ՝ սիրոյ։ Երբ Լենիային մասին կը մտածեմ, շատ անգամ առաջինը իր ձայնն է, որ կը վերակենդանանայ մէջս։ Իր զիլ ու հնչուն ձայնը կարծես միշտ կը յիշեցնէր, թէ ինք հոս է, մեր հետ է։ Ինքն իր իւրայատուկ ձեւով, գրեթէ երգելով անունս կ’արտասանէր։ Այժմ այդ ձայնը, որով իմ անունս կը կանչէր, կ’արձագանգէ սրտիս խորերէն։
Լենիային կեանքը կարճ էր, բայց ան զայն ապրեցաւ լիութեամբ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ կեանքի լիութիւնը տարիներով չի չափուիր, այլ՝ սիրոյ լիառատութեամբ, ապրած պահերու լիութեամբ եւ այն տպաւորութեամբ, զոր կը թողունք ուրիշներու սրտերուն մէջ։
Այժմ, երբ Լենիային մասին կը մտածեմ, թիթեռնիկ մը կը տեսնեմ, որ նրբութեամբ եւ քնքշօրէն թռթռալով քովէս կ’անցնի։ Պահ մը կանգ կ’առնեմ եւ զինք կը փնտռեմ նայուածքովս։ Կարծես հետս կը խօսի կամ խաղալ կ’ուզէ։ Կ’ուզեմ վազել, զինք գրկել, ձեռքիս մէջ պահել, որ չփախչի, բայց չեմ շարժիր։ Կ’անշարժանամ, զինք կը դիտեմ եւ սիրտս կը բանամ՝ զգալու այդ պահուն անուշութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Յանկարծ հանդարտութիւն մը կը զգամ, եւ սիրտս յոյսով կը լեցուի։ Այդ պահուն թիթեռնիկը կը հեռանայ՝ ետին ձգելով խաղաղութեան, հրճուանքի եւ գոհունակութեան խոր զգացում մը։
Ամէն օր, ուր որ ալ ըլլամ, ուր ալ երթամ, այդ թիթեռնիկը կը փնտռեմ։ Կարծես զինք կը կանչեմ, եւ ինք ալ, կանչս լսելով, քովս կը յայտնուի։ Ու այդ պահուն դարձեալ կը զգամ, որ Լենիան հեռու չէ։ Սիրտս կը լեցուի սիրով եւ լոյսով, եւ խաղաղութեամբ կը մտածեմ, որ անոր թեթեւ թեւերը, իր ժպիտին, իր ձայնին ու սիրոյն նման, տակաւին մեր կողքին կը թռչին: