Քրիստափոր Արթին՝ Հայրենիքի սրբազան բագինին նահատակը
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
«Նահատակները պատմութիւն չեն. անոնք ազգի խիղճն են եւ ապագայի ուղեցոյցը»։
Վեց տարի առաջ, արեան ու կրակի բոցերու մէջէն անցնող Արցախի սրբազան հողին վրայ իր անմահութեան կնիքը դրաւ նաեւ հաւատաւոր դաշնակցական, ազատամարտիկ Քրիստափոր Արթինը (Յարութիւնեան)։ Կը հաւատամ, թէ ժամանակը անկարող է մարելու այն յիշատակը, որ կը պատկանի հայրենիքին համար ամէնէն բարձր զոհաբերութիւնը մատուցած մարդոց։ Անոնք չեն մահանար. անոնք կը դառնան ազգի յաւերժական նշացողն ու յիշողութիւնը, պայքարի ոգին եւ սերունդներու առաջնորդող փարոսը։
Լիբանանի մէջ 1972 թուականին ծնած Քրիստափորը մանկութենէն իսկ դաստիարակուած էր ազգային արժէքներու, հայրենասիրութեան եւ յեղափոխական գաղափարներու մթնոլորտին մէջ։ Թէեւ պատանեկութեան տարիներուն Հայաստան չէր այցելած, սակայն Հայաստանը կ’ապրէր իր հոգիին մէջ։ Ան հայրենիքը սիրեց նախքան զայն տեսնելը, որովհետեւ այդ սէրը ժառանգած էր իր ընտանիքէն, մանաւանդ իր հօրմէն, որ անոր մէջ խոր արմատներ նետած էր դաշնակցականի գաղափարական նկարագրին ու ազգային պայքարի գիտակցութեան մասին։
Ութսունականներուն ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատանեկան միութեան ամէնէն աշխուժ ընկերներէն էր Քրիստափորը։ Իր կենսունակութեամբ եւ ազնիւ նկարագիրով կը փայլէր թէ՛ դպրոցին, թէ՛ աշխատանքին եւ թէ՛ ընկերային կեանքին մէջ։ Քաջութիւնը, համեստութիւնը, ընկերասիրութիւնը եւ անձնուիրութիւնը անոր բնաւորութեան հիմնական գիծերն էին։ Ան չէր հանդուրժեր կեղծաւորութիւնն ու շողոքորթութիւնը, որովհետեւ իր ամբողջ էութեամբ հաւատարիմ էր ճշմարտութեան եւ սկզբունքին՝ մինչեւ իր վերջին շունչը։
Ծնողքին հետ Գանատա հաստատուելէ ետք ալ ան չհեռացաւ ազգային ծառայութենէն։ Անդամագրուեցաւ եւ իր երդումը տուաւ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերուն եւ շարունակեց իր նուիրական գործունէութիւնը որպէս ՀՅԴ պատանեկան միութեան դաստիարակ եւ վարիչ՝ ներշնչելով հայրենասիրութիւն, կազմակերպչական ոգի եւ գաղափարական հաստատամտութիւն։
Քրիստափորը յատկապէս սիրահար էր հայ յեղափոխական պատմութեան։ Կը յիշեմ երբ, որպէս դաստիարակ, կը խօսէր Խանասորի արշաւանքին, Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան կամ Մուսա լեռան հերոսամարտին մասին՝ իր խօսքը միայն պատմական ակնարկ չէր։ Կը թուէր, թէ ինք այդ հերոսամարտերուն կենդանի մասնակիցն էր։ Ան այդ պատմութիւնը չէր սորվեցներ միայն. ան կը պատրաստէր սերունդներ, որպէսզի նոյն ոգին շարունակուի։
Սակայն Քրիստափորի համար հայրենասիրութիւնը գեղեցիկ խօսքերու կամ զգացական արտայայտութիւններու սահմաններուն մէջ չէր պարփակուեր միայն։ Անոր համոզումները կեանքի ամբողջանուէր գործ դարձան։ Քրիստափոր մասնակցեցաւ Արցախի առաջին ազատամարտին եւ իր բաժինը բերաւ յաղթանակի կերտման։ Ապա վերադարձաւ Գանատա, սակայն իր հոգին արդէն վերջնականապէս հայրենիքին կը պատկանէր։ Որոշ ժամանակ անց մշտական բնակութիւն հաստատեց Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ, կազմեց նահապետական իր ընտանեկան օճախը եւ շարունակեց ծառայութիւնը որպէս ՀՅԴ Կապանի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան գործունեայ անդամ եւ ներկայացուցիչ։
Երբ 2020-ի սեպտեմբերին նոր վտանգ ստեղծուեցաւ Արցախի սահմաններուն վրայ, Քրիստափորը մէկ վայրկեան անգամ չտատամսեցաւ։ Նախապէս ազատամարտի բովէն անցած մարտիկը առաջին օրէն իսկ միացաւ ՀՅԴ Կամաւորական գումարտակի երկրորդ վաշտի Պռոշեանի ստորաբաժանումին։
Քրիստափորին համար հայրենիքը պաշտպանելը ընտրութիւն չէր, այլ սրբազան պարտաւորութիւն։
2020 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին, Վարանգաթաղի բարձունքներուն վրայ մղուած անհաւասար մարտերու ընթացքին, ան նահատակուեցաւ՝ հաւատարիմ իր կուսակցութեան անմահ կարգախօսին՝ «Մահ կամ ազատութիւն»։ Իր արեամբ ան վերահաստատեց այն ճշմարտութիւնը, որ ազգային գաղափարները արժէք կը ստանան միայն այն ատեն, երբ զանոնք կեանքով կը պաշտպանեն։
Քրիստափոր Արթինը այսօր այլեւս միայն մէկ անհատի անուն չէ։ Ան խորհրդանիշ է այն սերունդին, որ հայրենիքը գերադասեց անձնական հանգստութենէն, գաղափարը՝ ընթացիկ շահէն, իսկ ազգային արժանապատուութիւնը՝ կեանքէն իսկ։
Հինգ եւ աւելի տարի ետք ալ անոր յիշատակը կը շարունակէ պատգամել, թէ ազգերու ազատութիւնը չի պահպանուիր միայն դիւանագիտական փաստաթուղթերով կամ գեղեցիկ յայտարարութիւններով։ Ազատութիւնը կը պահպանուի հաւատքով, կազմակերպուածութեամբ, ազգային կամքով եւ այնպիսի նուիրեալներու անձնազոհութեամբ, ինչպիսին էր Քրիստափոր Արթինը։
Այսօր, երբ Արցախը բռնագրաւուած է, իսկ արցախահայութիւնը բռնի տեղահանուած իր հազարամեայ բնօրրանէն, Քրիստափորի եւ մեր բոլոր նահատակներուն կտակը կը շարունակէ մեզի դիմել։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ ազգային պայքարը աւարտած չէ, եւ որ արդարութիւնը վերջնականապէս չի մեռնիր՝ քանի դեռ ժողովուրդ մը կը շարունակէ հաւատալ իր իրաւունքին։
Հպարտութեամբ կը յիշատակեմ՝ անցնող տարիներուն, ինչպէս նաեւ այս տարի, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները ուխտագնացութիւն կատարեցին Եռաբլուր՝ խոնարհելու մեր յաւէտ ննջող բազմահազար հերոսներու յիշատակին առջեւ։ Անոնք, ազգային-յեղափոխական երգերով ծաղիկներ զետեղելով եւ լուռ աղօթքով, վերահաստատեցին իրենց ուխտը՝ վառ պահելու հայրենիքի ազատութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերած անմահ հերոսներու յիշատակը։ Այդ սրբազան պահուն առանձնայատուկ յարգանքով կանգ առին նաեւ իրենց ՀՅԴ պատանեկութեան նախկին վարիչ, Արցախեան առաջին եւ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի մասնակից, հայրենիքին ու Արցախի համար ոչինչ խնայած նահատակ հերոս Քրիստափոր Արթինի շիրիմին մօտ՝ երախտագիտութեամբ խոնարհելով անոր անսակարկ զոհաբերութեան եւ անմահ կտակին առջեւ։
Ակնածանքով կը խոնարհինք Քրիստափոր Արթինի եւ մեր բոլոր նահատակներուն անմար յիշատակին առջեւ։ Անոնց հոգիները կը սաւառնին Արցախի երկնակամարին վրայ սպասելով այն օրուան, երբ Հայաստանի եւ Արցախ հայաշխարհի դրօշները դարձեալ խրոխտօրէն պիտի ծածանին Արցախի լեռներուն վրայ, եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը պիտի վերադառնայ իր պապենական սրբազան բնօրրանը։
Յաւերժ փա՛ռք Քրիստափոր Արթինին։
Յաւերժ փա՛ռք հայրենիքի բոլոր անմահ նահատակներուն։
Անոնց յիշատակը մեր սրբազան ուխտն է, իսկ անոնց կիսատ թողած պայքարը՝ մեր պարտականութիւնը։