Քեպէգի նահանգային ընտրութիւններուն Հայ դատի յանձնախումբը կը զօրակցի Սիլվիա Պարոնեանին

Քեպէգի 42-րդ Նահանգային Խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 1 Հոկտեմբեր 2018-ին:

Քեպէգի կուսակցութիւնները՝ Liberal-ը (PLQ), Coalition Avenir Québec-ը (CAQ), Québec solidaire-ը (QS), Parti Québécois-ն (PQ) եւ Կանաչները (PVQ) կը պատրաստուին՝ մասնակցելու վերոնշեալ ընտրութիւններուն: Հարկ է նշել, որ Քեպէգը Գանատայի երկրորդ մեծագոյն նահանգն է, 8.2 միլիոն բնակչութեամբ:

Սիլվիա Պարոնեան CAQ կուսակցութեան ներկայացուցիչն է La Piniere ընտրատարածքի: Պարոնեան 25 տարուան փորձառութիւն ունի առեւտուրի եւ տնտեսական մարզէն ներս՝ La Baie d’Hudson, GE Money եւ Capital One ընկերութիւններուն մէջ: Ան մասնագիտացած է ճարտարարուեստական յարաբերութիւններու ասպարէզէն ներս, վկայուած է որպէս տնտեսագէտ եւ Կրթութեան ուսուցման մագիստրոսական աստիճան ունի: Ծնած է Քեպէգ, հայ հօրմէ եւ իտալացի մօրմէ, ամուսնացած է եւ ունի երկու դուստր:

Արդ, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ տիկին Սիլվիա Պարոնեանին, նաեւ կոչ կ՚ուղղէ Քեպէգի հայրենակիցներուն՝ անվարան իրենց քուէն տալու տիկին Պարոնեանին:

Նշենք, որ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքէջին վրայ հրապարակած տիկին Պարոնեանի մասին լրատուութեեան հրապարակումէն եւ Հայ Դատի յանձնախումբի կոչէն ետք տիկին Սիլվիա կապ հաստատեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութեան հետ եւ նշեց, որ յայտարարութեան տեղադրումէն անմիջապէս ետք իր ընտրատարածքին մէջ ապրող հայ քաղաքացիներ իրեն հետ կապ հաստատելով յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.