Քեպէգի 18 տարեկաններու երիտասարդական կազմի անդամ Նարեկ Գալլօղլեան երեք կոլի հեղինակ

Յուլիս 28 – Օգոստոս 13 Ուինիփէկի մէջ կայացած «Գանատայի մարզական խաղեր»ու տղոց ֆութպոլի մրցումներուն մասնակցող Քեպէգի 18 տարեկաններու երիտասարդական կազմի անդամ մոնթրէալահայ Նարեկ Գալլօղլեան 5 մրցումներու ընթացքին 3 կոլ նշանակեց եւ իր խումբին հետ տիրացաւ պրոնզ մետալին։

Քեպէգ յաղթելով Մանիթոպային տիրացաւ պրոնզ մետալին։ Մրցաշարքի ախոյեան հանդիսացաւ Օնթարիոն, որ աւարտականին յաղթեց Ալպերթա նահանգի կազմին։

Նարեկ 2016 թուականի Ս. Յակոբ վարժարանի շրջանաւարտներէն է։ Ֆութպոլի մարզաձեւին սկսած է հետեւիլ 5 տարեկանին, ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբին մէջ։ Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամքի սկաուտական կազմին անդամ է։ 18-ամեայ Նարեկ ներկայիս կը յաճախէ Marianopolis գոլէճ։

Նշենք, որ 1967-էն ի վեր Գանատայի մէջ կը կայանան «Գանատայի մարզական խաղեր»ը, որուն կը մասնակցին Գանատայի 13 նահանգներու տարբեր մարզաձեւերու մարզիկներն ու խումբերը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.