Վարչապետ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ Սփիւռքահայ պատանիներու «Քայլ դէպի Տուն» ծրագիրի փակման հանդիսութեան

Օգոստոս 23-ին  Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան, Ծաղկաձորի քաղաքապետ Արթուր Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձիք, հիւրեր:

Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները` վարչապետը նշեց. «Քիչ առաջ հնչած «Երազ իմ երկիր հայրենի» արտայայտութիւնը շատ երգերու մէջ  հնչած է, ընդ որում հետաքրքիրն այն է, որ մենք հայրենիքի մասին երազած ենք ինչպէս Հայաստանի ներսը, այնպէս ալ Հայաստանէն դուրս: Կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող հայերուն համար այդ երազն արդէն իրականութիւն է, եւ եկած է դարաշրջան մը, որ սկսի այդ երազն իրականութիւն դառնալ նաեւ արտերկիր ապրող, ինչպէս ընդունուած է ըսել` սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար: Ես կ՛ուզեմ, որ դուք այստեղէն տանիք ձեր միջավայրի, ձեր ծնողներու եւ ձեր երեխաներու Հայաստան վերադառնալու սերմը, Հայաստան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը, Հայաստան վերադառնալու գիտակցութիւնը, Հայաստան վերադառնալու սէրը, Հայաստան վերադառնալու քաղաքացիութիւնը, որովհետեւ ես կը համարեմ, որ իւրաքանչիւր հայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, եւ պատիւ ունիմ ձեզ դիմել որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ: Մեր աւետեաց երկիրն իրականութիւն դարձնելու ժամանակը եկած է եւ շատ կարեւոր է, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրի ընտանիքին մէջ ամէն օր  խօսուի Հայաստան վերադառնալու գաղափարի եւ անհրաժեշտութեան մասին: Կրկին կը ցանկամ կրկնել, եթէ ոչ ձեր ծնողները, ապա գոնէ դուք, եթէ ոչ դուք, ապա գոնէ ձեր երեխաները պէտք է անպայման վերադառնան հայրենիք: Սփիւռքի նախարարն ըսաւ, որ Հայաստան սիրելու հայրենիք է, Հայաստան սիրելու երկիր է, բայց ես կ՛ուզեմ ըսել նաեւ, որ Հայաստան ապրելու երկիր է, սա  երկիր մըն է, ուր պէտք է ապրիլ, զարգանալ, ստեղծագործել, ուժեղանալ, հարստանալ եւ հարստացնել` գաղափարներով, սիրով, ապագայով, հզօրութեամբ: Եւ ես համոզուած եմ, որ մենք այսօր, իրար աչքերու մէջ նայելով, իրար տեսնելով, իրար սիրելով, աւելի կը հզօրանանք: Եւ ուրեմն, կեցցէ′ ազատութիւնը, կեցցէ′ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե′նք մենք եւ մեր երեխաները, որ պիտի ապրինք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ»:

Ճամբարականներուն ողջունեց նաեւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աշխատակիցներուն, գործընկեր կառոյցներուն, կամաւորներուն, որոնք օգնեցին իրականութիւն դարձնել «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որ աննախադէպ էր մասնակիցներու թիւով:  Մխիթար Հայրապետեան համոզմունք յայտնեց, որ երեխաները կրցած են սիրել հայրենիք-Հայաստանը: «Հայաստանը սիրելու երկիր է, ապրելու երկիր է, խենթանալու երկիր է: Համոզուած եմ, որ  տուն կ՛երթաք ու ձեր հասակակից հայրենակիցներուն կը պատմէք Հայաստանի մասին` իր գեղեցկութեամբ, իր հարուստ մշակոյթով ու պատմութեամբ, իր հզօր ժառանգութեամբ, նաեւ` իր մարտահրաւէրներով, բայց հզօր բանակով, իր խնդիրներով, բայց հպարտ ժողովուրդով: Վստահ եմ, որ պիտի հանդիպիմ ձեզի հետ Հայաստանի մէջ: Կը տեսնուինք: Շնորհակալ եմ բոլորիդ», – աւելցուց նախարարը:

Աւարտին վարչապետը պատասխանեց երիտասարդներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի մէջ արդարութեան հաստատման, օրէնքի գերակայութեան, նոր աշխատատեղերու ստեղծման եւ այլն: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութիւնն արդէն իսկ հաստատուած է: «Այսօր չկայ մարդ մը, որ կրնայ  ինքզինքը վեր դասել օրէնքէն, որ կրնայ համարել, որ ինք կրնայ ունենալ աւելի շատ իրաւունքներ, քան ոեւէ մէկը: Օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութիւնն անկիւնաքարն է արդարութեան: Մեզի համար ամենակարեւոր խնդիրը մարդոց համար աշխատանքով զարգանալու, յառաջընթաց ունենալու, բարեկեցութեան հասնելու պայմաններ ստեղծելն է: Եւ ամէն օրուան հետ, ամէն ժամուան հետ Հայաստանն աւելի արդար պետութիւն կը դառնայ, քան կար»,- ընդգծեց կառավարութեան ղեկավարը:

Պատասխանելով սփիւռքահայ երիտասարդներէն մէկուն հարցին` արդեօք Նիկոլ Փաշինեանին չի վախցներ, որ իրեն նկատմամբ հայ ժողովուրդն այդքան մեծ հաւատով  լեցուած է, վարչապետը նշեց. «Վերջերս «ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի իմ էջիս վրայ տեղադրած էի  յօդուած մը, որ գրած եմ 2010 թուականին «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկի մենախցին մէջ գտնուելու ժամանակ, եւ այդ յօդուածը վերնագրուած էր «Իմ վախը»: Այդ յօդուածը այն մասին էր, թէ ինչէն կը  վախնամ: Այդ յօդուածին մէջ ես գրած եմ այն մասին, որ ես շատ կը վախնամ մարդոց հիասթափեցնելէն. բայց սա վախ է, որ ոչ թէ կը ստիպէ նահանջել կամ կծկուիլ, այլ վախ է, որ կը ստիպէ առաջ երթալ եւ ամէն օրուան, ամէն քայլին վերաբերիլ առաւել պատասխանատու»: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ իր յօդուածը կ՛աւարտուի հետեւեալ կերպ. «Չվախենաք, չե՛մ հիասթափեցնի»:

Ծրագիրի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչապետին իրենց հանդիպելու եւ հարցերուն պատասխանելու համար:

«Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը նախատեսուած էր 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Օգոստոս 10-էն մեկնարկած ծրագիրին մասնակցած է սփիւռքի շուրջ 400 պատանի եւ երիտասարդ` աշխարհի 25 պետութենէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.