Վանայ Իշխան. Անվեհեր Դաշնակցական Ազատամարտիկը, անպարտելի Հայ Յեղափոխականը
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան պետականօրէն ծրագրումին ու կազմակերպումին նախանշաններէն մէկը տրուեցաւ 1915ի այս օրը՝ Ապրիլ 3ին, երբ Վանի օրուան կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի սադրանքով դաւադրաբար սպաննուեցաւ Վանայ Իշխանը՝ իր երեք զինակիցներով։
Օրին, սակայն, Վանէն դուրս՝ Պոլսոյ մէջ թէ այլուր, իբրեւ այդպիսին չընկալուեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկին ու հայկական յեղափոխութեան մարտունակութիւնը խորհրդանշող Դաշնակցական Ազատամարտիկին դէմ կատարուած պետական ոճրագործութիւնը։
Վանայ Իշխան Հայկական Յեղափոխութեան անընկճելիութիւնը խորհրդանշող՝ անպարտելի՛ մարտիկ էր նաեւ թրքական իշխանութեանց աչքին։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն առաջ թէ ետք, 1904էն սկսեալ եւ ամբողջ 11 տարի, Արցախի ծնունդ այս դիւցազնը անվեհեր գործեց Վանի մէջ, յատկապէս Վասպուրական աշխարհի գաւառին ու գիւղերուն վրայ կեդրոնացնելով իր յեղափոխական ծաւալուն գործունէութիւնը՝ եկող-գացող թուրք կուսակալներու, ոստիկանապետներու եւ անոնց հետ գործակցող քիւրտ հրոսակներու «աչքի փուշ»ը դառնալով…
Արամ Մանուկեանի իսկ վկայութեամբ՝ Իշխան «զարմանալի ղեկավարելու, թելադրելու, կազմակերպելու շնորհ ունէր։ Նրանից պատկառում էին ե՛ւ Վանի մեր ընկերներն ու զինուորները։ Իսկ ժողովուրդը ո՛չ միայն պատկառում էր, այլեւ՝ սիրում։ Արդէն սկսել էին երգել նրա քաջագործութիւնները՝ «Իշխան եկաւ, ձեռքն մաուզեր…»։ Կա՛րճ. իմ Վան մտած ժամանակ Իշխանը, կարելի է ասել, ամենահեղինակաւոր զինուորական յեղափոխականն էր»։
Հայ ժողովուրդի յեղափոխական ծառացումին, ազգային-ազատագրական պայքարին եւ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան իրա՛ւ իշխանը եղաւ ան՝ հայութեան ամէն կարգի թշնամիները պատուհասող իսկական հոգէառ հրեշտակը։
Ծնած էր Արցախ աշխարհի միջնաբերդ Շուշիի մէջ 1883ին՝ Նիկոլ Միքայէլեան աւազանի անունով։ Յաճախած էր տեղւոյն Թեմական վարժարանը, ուր պատանի տարիքէն դրսեւորած էր քաջ, անվեհեր եւ ըմբոստ իր նկարագիրը։ Իր ըմբոստութեան հետեւանքով՝ վտարուած էր Շուշիի Թեմականէն, բայց ուսումնատենչ եւ ընդունակ ըլլալով՝ Իշխան իր ուսումը շարունակած էր Երեւանի Թեմական վարժարանին մէջ։
Աշակերտական տարիներուն, Շուշիի մէջ, ծանօթացած էր Արամ Մանուկեանի՝ մասնակցելով Արամի կազմած աշակերտական ինքնազարգացման ու յեղափոխական խումբերուն։ Այդ ճամբով նաեւ կանուխ տարիքէն անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։
Արամի եւ Իշխանի միջեւ ստեղծուած էր գաղափարական խոր մտերմութիւն, որ մինչեւ վերջ շարունակուեցաւ եւ պատահական չէր, որ Իշխան կրնկակոխ հետեւեցաւ Արամի՝ անոր պէս յեղափոխական իր գործունէութիւնը նախ Ալեքսանդրապոլէն սկսելով, ապա՝ Կարս անցնելով եւ, վերջապէս, Վան հաստատուելով։
Հազիւ 20 տարեկան էր Իշխան, երբ 1903ին միացաւ ռուս-թրքական սահմանը հատող Նեւրուզի զինատար խումբին՝ Սասուն զէնք եւ կռուող ուժ հասցնելու առաքելութեամբ։ Արշաւախումբը իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ եւ Իշխան եղաւ այն քիչերէն, որ կրցան փրկուիլ։ Այդպէ՛ս կրակի իր մկրտութիւնը ստացաւ Իշխան։
1904ին դաշնակցական հայդուկը մուտք գործեց Վասպուրական աշխարհ եւ շատ արագ ընտելացաւ թէ՛ Երկրին, թէ՛ ժողովուրդին։ Մտաւորական ու գաղափարական հիմնաւոր իր պատրաստութեամբ, մարտական ղեկավարի իր ընդունակութեամբ, կազմակերպական իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդային լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու՝ ինքնավստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչելու իր բնատուր շնորհքով, ան արժանաւորապէս դարձաւ Վանայ Իշխանը։
Վանայ Իշխանի ուղղակի անձնական ձեռակերտը հանդիսացաւ Վասպուրականի Հ.Յ.Դ. Լեռնապարի կազմակերպութիւնը, որ Իշխանի ղեկավարութեամբ ոչ միայն կրցաւ դիմադրել Օսմանեան Սահմանադրութենէն առաջ թէ ետք շրջանի հայութեան սպառնացող վտանգներուն, այլեւ առանցքը դարձաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան։
Հետեւողական եւ անդուլ անձնուէր աշխատանքի գնով՝ Իշխան իրագործեց Լեռնապարի ուժեղ կազմակերպութիւնը։ Շրջեցաւ եւ եղաւ բոլոր գիւղերուն մէջ, ինքնազարգացման խումբեր կազմեց, զինավարժութիւն սորվեցուց, «Աշխատանք» թերթը հրատարակեց եւ խմբագրեց, բայց մանաւանդ յղացաւ, ծրագրեց ու իրագործեց դէպի Տարօնի աշխարհ «Ծծման եղանակով» զէնք ու կռուող ուժ հասցնելու աշխատանքը։
Ինչպէս որ Վանի 1915ի հերոսամարտին յառաջապահներէն եւ հետագայ պատմագիրներէն Օննիկ Մխիթարեան կը վկայէ՝
«… Եւ հայ գիւղէն ու գիւղացիէն Իշխան չբաժնուեցաւ ամբողջ տասնըմէկ տարիներ։ Եւ Իշխանի եղերական մահը նորէն նոյն գիւղի եւ գիւղացիի համար եղաւ։ Հպարտ ու ասպետ, յանդուգն ու վճռական, ճարպիկ ու վարպետ, մարդկային գրեթէ բոլոր լաւագոյն ընդունակութիւններով օժտուած էր Իշխան։ Զարմանալի կերպով թելադրել, ղեկավարել, կազմակերպել գիտէր։ Ինք հաւատաւոր էր եւ գիտէր ներշնչումի ու հաւատքի մէջ պահել իր շրջապատը, իր զէնքի ու գաղափարի ընկերները, իր աշակերտները, ամբողջ գիւղացիութիւնը։ Գիտէր պատկառանք ու անվերապահ յարգանք ազդել իր ոչ միայն գործին, այլ եւ անձին շուրջ։ Գիտէր ամէնէն կարեւորը՝ կարգապահութեան մէջ պահել կուսակցական շարքերը։ Կարգապահութիւն մը, որ ոչ թէ կոյր է, այլ գիտակցական»։
Յատկապէս Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք մեծ եղաւ Իշխանի ներդրումը՝ Վասպուրական Աշխարհի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները ամրակուռ պահելու, զէնքերը վար չդնելու եւ յոռեգոյն հաւանականութեանց պատրաստ գտնուելու վարքագծի պահպանման ուղղութեամբ։ Այդ պատճառով ալ, իթթիհատականներու իշխանութեան շրջանին եւս, տեսնելով 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով շեփորուած ազատութեան եւ եղբայրութեան խոստումներուն նկատմամբ Իշխանի վերապահութիւնը, Վանի կուսակալն ու թուրք պաշտօնատարները շարունակ որոճացին Իշխանի «չէզոքացման» դաւադիր ծրագիրներ։
«Պատեհ» առիթը անոնք նախապատրաստեցին… Նախ՝ Շատախի մէջ հայեւքիւրտ բախումներ հրահրեցին. ապա՝ Իշխանէն խնդրեցին, որ իր հեղինակութիւնն ու վարկը գործածելով՝ երթայ ու տեղւոյն վրայ հաշտեցնէ կողմերը։ Իշխան երեք զինակիցներով, Ապրիլ 3ին, հասաւ Հիրճ գիւղը եւ իջեւանեցաւ վաղեմի իր քիւրտ ծանօթին՝ Քեարիմ Օղլի Ռաշիտի տունը։ Դաւադրութիւնը մանրամասնօրէն սադրուած էր. Իշխանն ու իր երեք զինակիցները, տանտիրոջ եւ ոստիկանապետին հետ հազիւ հացի նստած՝ ներս խուժեցին կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի ուղարկած 12 ձիաւոր չէթէները, անմիջապէս կրակ բացին եւ տեղն ու տեղը սպաննեցին հաշտութեան համար եկած Իշխանն ու ընկերները։
Տարբեր եղանակով՝ առանց սադրանքի ու դաւադրութեան, կարելի չէր պարտութեան մատնել Վանայ Իշխանի խիզախութեամբ եւ մարտունակութեամբ դիւցազնը։
Ճիշդ է, անարգ դաւադրութիւնը կտրեց կեանքի թելը հազիւ 32 տարեկան դաշնակցական մեծանուն ազատամարտիկին, բայց իր մահով անգամ Վանայ Իշխան միաւորեց Վանի հայութեան բոլոր շերտերն ու հոսանքները, որպէսզի վերջնականապէս գիծ քաշեն թրքական իշխանութեանց վրայ եւ փարին սեփական ինքնապաշտպանութեան զէնքին՝ մութին մէջ կազմակերպուող մօտալուտ Հայասպանութիւնը դիմագրաւելու եւ ձախողութեան մատնելու համար։
Անզուգական Իշխանի յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման այս հակիրճ էջը կþարժէ պսակել երկու վկայութեամբ։
Առաջինին հեղինակը Վանայ Իշխանի պատրաստած յեղափոխականներէն եւ Վանի երիտասարդ գործիչներէն Հմայեակ Մանուկեանն է.
— «Այնքան անակնկալօրէն ու այնքան վայրկենական կատարուած Իշխանի եղեռնական մահը ստեղծեց պահանջուած մոմենտը (պահը)։ Ամէնքը՝ յեղափոխականն ու պահպանողականը, ծերն ու երիտասարդը, կուսակցականն ու չէզոքը, կինն ու երեխան, բոլորը, բոլորը, մէկ վայրկեանի մէջ, հոգեբանական զսպանակի մը ուժով զգացին, որ զէն ի ձեռին պաշտպանուելէ զատ՝ չկա՛յ ուրիշ միջոց։ Իշխանի մահը եղաւ շաղկապող, զօդող օղակը հասարակական բոլոր ուժերու, հանրային բոլոր կարողութիւններու, անիկա accumulateur մը եղաւ եւ մեր դիմադրական ուժի բոլոր ակերը բացաւ մէկ կէտի վրայ։ Իշխանի մահը եղաւ երկաթեայ այն հարուածը, որ դարբնեց բոլոր կարողութիւնները եւ անոնցմէ ստեղծեց կամք մը հզօր ու ապառաժեայ՝ Ցեղի գոյութիւնը պահելու եւ յաղթանակելու անյողդողդ որոշումով մը»։
Երկրորդ վկայութիւնը կը պատկանի հռչակաւոր հրապարակագիր Մանուկ Ասլանեանի, որ Պոլսոյ «Ճակատամարտ»ի 21 Ապրիլ 1921ի համարով Վանայ Իշխանի գործն ու արժէքը կը խտացնէ անոր թէ՛ մարտական եւ թէ՛ մտաւորական գործիչի եզակի համադրումին ու ամբողջական կերպարին մէջ.
— «Մէկը այն լուսագեղ աստղերէն, որ այնքան շքեղօրէն կը զարդարեն Վանի փառաւոր յեղափոխութեան երկնակամարը։
«…Վայրենաբարոյ քիւրտերուն ոճրագործ բնազդները զսպողը ռազմիկ Իշխանի հռչակուած համբաւն էր։
«Կար նաեւ մտաւորական Իշխանը, որ սուրի հետ միասին ձեռքին մէջ կը պտտցնէր նաեւ լուսաւորութեան ջահը։
«Աղթամարի հարուստ Վանքը մաքրելէ յետոյ մակաբոյծ տարրերէ, հոն հաստատեց նախակրթարան-ուսուցչանոց մը, որ մտաւորական վառարանը եղաւ Վասպուրականի ամբողջ շրջանին։ Անկէ դուրս եկան այն երիտասարդ ուսուցիչները, որ ցրուած գիւղերու մէջ, մէկ կողմէ հայ մանուկին սորվեցուցին գրել եւ կարդալ, միւս կողմէ ալ հայ գիւղացիին մէջ դրին զէնքի եւ կռուի պաշտամունքը։
«Կրթութիւնը պարտաւորիչ էր, ամէն գեղ առանց այլ եւ այլի ունենալու էր իր սեփական դպրոցը՝ վայ եկած էր այն գիւղին, որ կը թերանար այս պարտականութեան մէջ։ Իշխանը կար. ամբողջ քրտութիւնը ծունկի բերող անոր հռչակուած սարսափը անխնայ էր նաեւ հայուն համար, երբ ան խօսք չէր հասկնար եւ կը փորձէր խոչընդոտ հանդիսանալ ազատագրական շարժումին։
«Իր գրիչը եղաւ հատու ինչպէս իր սուրը, խօսքը՝ տիրական եւ հեղինակաւոր, ինչպէս իր զինուորական համբաւը»։
Արդէն հարիւր տարի անցած է Վանայ Իշխանի եւ անոր զինակիցներուն տմարդի սպանութենէն ասդին։ Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի սեմին ենք արդէն։ Եւ երբ նորահաս մեր սերունդներով այսօր մենք կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն, անպայման առանձնայատուկ յիշատակութեան կ՚արժանացնենք յիշատակը Վանայ Իշխանի, որ սեփական զէնքին ապաւինելու իմաստութեամբ ուղին հարթեց Հայաստանի անկախութեան եւ նահատակ հայ ժողովուրդի հրաշազօր յարութեան։