Սփիւռքը՝ բեմի լուսարձակին տակ

ԿԱՐԻՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

«Salud»։

«Կենաց»։

Ամէն երեկոյ այս երկու բառերը կը հանդիպէին նոյն սեղանին շուրջ։ Մեր լեցուն գինեգաւաթներու զրնգոցը կը խառնուէր ծիծաղներու, պատմութիւններու եւ երկու տարբեր աշխարհներէ եկած հայերու ձայներուն։

Այդ ճոխ իրարանցումի պահերուն դժուար էր հաւատալ, թէ ընդամէնը քանի մը օր առաջ Արժանթին կ՚երթայի գրեթէ առանց ակնկալութեան։ Յուլիս 17-էն 27-ը, «Դէմքեր» թատերախումբի անդամներով ճամբորդեցինք դէպի Արժանթին՝ մեր սիրելի բեմադրիչ Նանսի Իսսա Թորոսեանի ծննդավայրը։ Ճամբորդութեան բուն նպատակն էր ներկայացնել «Արեան հատուցում – Նեմեսիս» թատերախաղը՝ բեմադրութիւն մը, որ արդէն խոր հետք ձգած էր Մոնթրէալի հայ գաղութին մէջ։ Այս թատերախաղին գաղափարը Նանսին յղացած էր Քորտոպայի մէջ՝ Արամ Երկանեանի շիրիմին առջեւ, եւ մենք պիտի վերադառնայինք այդ նոյն վայրը՝ զայն ներկայացնելու։

Իբրեւ այս բեմադրութեան նորագոյն դերասանը՝ պէտք է խոստովանիմ, որ նախքան այցելութիւնս այս ճամբորդութեան տարողութիւնն ու նշանակութիւնը անյայտ էին ինծի։ Կը կարծէի, թէ պարզապէս պիտի ներկայացնենք թատերախաղը եւ ետքը վերադառնանք տուն։ Սակայն իրականութիւնը բոլորովին տարբեր դուրս եկաւ։ Փոխարէնը, ինքզինքս գտայ համայնքի մը մէջ, որ իր ջերմութեամբ, հայասիրութեամբ եւ կենսունակութեամբ վերափոխեց Սփիւռքի մասին իմ պատկերացումներս։

Տասը օրուան ընթացքին ծանօթացանք Պուէնոս Այրէսի եւ Քորտոպայի սքանչելի հայ գաղութներուն։ Վայելեցինք անոնց ընդարձակ ակումբները, գեղեցիկ սրահները, շքեղ բեմերն ու ճաշարանները։ Հաստատեցինք նոր բարեկամութիւններ, լսեցինք պատմութիւններ եւ մխրճուեցանք աշխարհի մը մէջ, որուն նման փորձառութիւն մինչ այդ չէի ունեցած։ Արժանթինի հայ գաղութը գերազանցեց բոլոր պատկերացումներս։ Հմայուած մնացի անոնց հայասիրութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու յամառ ջանքերով։

Սփիւռքի ամենահին եւ ամէնէն հաստատուած գաղութներէն մէկուն մէջ կը գտնուէինք։ Երբ կը շրջէինք Պուէնոս Այրէսի եւ Քորտոպայի թաղերը, յաճախ կը հանդիպէինք հայկական անուններու, հայատառ ցուցանակներու եւ հայերու ներկայութեան հետքերու։ Այդ տեսարաններով անդրադարձայ, թէ հայութեան արմատները որքան խորացած են այդ երկրին մէջ, եւ թէ այդ նոյն արմատներէն մեր միութիւնները սնունդ կը ստանան ու կը շարունակեն ծլիլ եւ բողբոջիլ՝ ի վերջոյ վերածուելով մշակութային անտառներու։ Միեւնոյն ժամանակ, կը փորձէի մտաբերել նաեւ գաղութին պատմական ճանապարհը։ Տասնամեակներու ընթացքին այս մարդիկը ստեղծած էին իրենց հաստատութիւնները, կառուցած դպրոցներ, ակումբներ ու մշակութային կեդրոններ՝ հեռու հայրենիքէն, բայց ո՛չ հայութենէն։

Մեր ներկայացումներուն ընթացքին յատկապէս զգալի էր «Նեմեսիս»-ի խորհուրդն ու վրէժի պատմութիւնը։ Բեմին վրայ կենդանացնելով Արամ Երկանեանի եւ իր սերնդակիցներուն նուիրումը՝ յարգանք ընծայեցինք այն սերունդին, որ իր ուսերուն կրեց ամբողջ ժողովուրդի մը ցաւը, յոյսն ու արդարութեան տենչը։ Իբրեւ դերասաններ՝ վերահաստատեցինք յիշելու, փոխանցելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելու մեր հաւաքական պարտականութիւնը։ Բեմն ու պատմութիւնը այդ պահուն միացան, եւ անցեալն ու ներկան անընդհատ խօսեցան իրարու հետ։

Ամէնէն յուզիչ պահերէն էին ներկայացումներէն ետք հանդիսատեսներուն հետ մեր ունեցած հանդիպումները։ Մարդիկ կը մօտենային մեզի եւ կ՚ըսէին, թէ առաջին անգամ ըլլալով իսկապէս ծանօթացան շիրիմին ետին գտնուող մարդուն պատմութեան։ Շատերուն համար Արամ Երկանեանի անունը ծանօթ էր, սակայն անոր կեանքի մանրամասնութիւններն ու ներքին պայքարները անծանօթ մնացած էին։ Այդ պահերուն կը զգայի, թէ մեր արուեստը իր առաքելութիւնը կատարած էր։ Այս զգացումը կը խորանար այն գիտակցութեամբ, որ Արամ Երկանեանի աճիւնները կը հանգչին այն ակումբին մէջ, ուր այսօր նոր սերունդներ կը հաւաքուին, կը սորվին, կը պարեն, կ՚երգեն եւ կը ծառայեն իրենց ժողովուրդին։ Անցեալն ու ներկան կրկին կը հանդիպին նոյն վայրին մէջ։

Այս ամբողջ փորձառութիւնը նաեւ առիթ մըն էր վերարժեւորելու միութենական կեանքը։ Մեծցած եմ այն գաղափարով, որ հայկական միութիւնները պարզ կազմակերպութիւններ չեն, այլ ազգային կեանքի ողնայարը։ Ուստի մեծ տպաւորութիւն ձգեց վրաս Արժանթինի հայերուն ակումբային կեանքը, նուիրուածութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու կամքը։ Թէեւ իրենց մօտեցումը յաճախ տարբեր է մեզի ծանօթ իրականութենէն, անոնք յաջողած են գեղեցիկ կերպով միաւորել երկու ինքնութիւնները։ Անոնք թէ՛ հայ են եւ թէ՛ արժանթինցի՝ առանց մէկը միւսին զոհաբերելու։ Պուէնոս Այրէսի հայկական կեդրոնի նկուղին մէջ միասին թանկօ պարեցինք։ Քորտոպայի «Անդրանիկ Ակումբ»-ի պատերէն ներս ծանօթացանք Արժանթինի բնիկ ժողովուրդներու աւանդական երգերուն։ Կերանք «Mante con Madzoun» եւ մեր ականջները սպաներէնով լեցուցինք։

Արժանթինահայերը կենդանի մարմնաւորումն են այն գաղափարին, թէ մշակոյթը քարացած բան մը չէ։ Ան կը շնչէ, կ՚ապրի, կը զարգանայ եւ կը հարստանայ նոր միջավայրերու մէջ՝ առանց կորսնցնելու իր էութիւնը։ Երբ այսօր կը խորհիմ այս թանկագին փորձառութեան մասին, կը հասկնամ, որ անիկա շատ աւելի իմաստալից էր, քան թատերական շրջագայութիւն մը։ Ան եղաւ հանդիպում մը պատմութեան, Սփիւռքի, բարեկամութեան եւ ինքնութեան հետ։

Այս բոլոր փորձառութիւնները ծնունդ առին գաղափարէ մը՝ թերեւս նոյնիսկ խենթ գաղափարէ մը, որ յայտնուեցաւ Նանսի Իսսա Թորոսեանի մտքին մէջ։ Այնուհետեւ այդ գաղափարը վերածուեցաւ էջերու ու գրութեան, ոգեշնչուեցաւ բազմաթիւ հեղինակներէ, ստացաւ մարմին ու հոգի եւ վերջապէս կենդանացաւ բեմին վրայ՝ նուիրեալ դերասաններու եւ օգնականներու խումբի մը շնորհիւ։

Ետ նայելով՝ կրնամ վստահաբար ըսել, թէ չկայ աւելի գեղեցիկ բան, քան ականատես ըլլալ գաղափարի մը ճամբորդութեան։ Գաղափար մը, որ ժամանակին միայն կայծ մըն էր մէկու մը երեւակայութեան մէջ, տարիներու համբերատար աշխատանքով եւ նուիրումով վերածուեցաւ բոցի, ապա՝ փարոսի մը, որ իր բեմական լոյսին շուրջ համախմբեց ժողովուրդը։

Թերեւս այս է ամբողջ փորձառութեան մեծագոյն դասը. որքան ալ հեռու ըլլան իրարմէ մեր գաղութները, որքան ալ տարբեր ըլլան մեր առօրեաները, մեր լեզուական առոգանութիւնները կամ սովորութիւնները, միշտ կը մնայ նոյն անտեսանելի թելը, որ մեզ բոլորս կը կապէ իրարու։ Այդ թելը հայութիւնն է՝ անսահման եւ անժամանակ։

Արժանթինի մէջ հասկցայ, որ իսկական նպատակը ո՛չ հեռաւորութիւն, ո՛չ ալ տկարութիւն կը ճանչնայ, իսկ արուեստի հանդէպ սէրն ու նուիրումը կրնան անհնարինը հնարաւոր դարձնել։ Սորվեցայ նաեւ, թէ երբ տեսլական մը կը միանայ կամքի եւ հաւատքի, կրնայ լեռներ շարժել, սերունդներ իրարու մօտեցնել եւ կամուրջներ կառուցել համայնքներու միջեւ, որոնք իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու կը գտնուին։

Եւ թերեւս այդ պատճառով է, որ Արժանթինէն վերադարձանք ոչ միայն յիշատակներով ու լուսանկարներով հարուստ, այլ նաեւ աւելի հաւատացած՝ մեր ժողովուրդի գոյատեւման, մեր մշակոյթի կենսունակութեան եւ այն անխախտ ուժին, որ դարերէ ի վեր կը շարունակէ մեզ մէկ ընտանիքի պէս կապել աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։