Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի Սպանութեան 5-րդ Տարելիցի Նշում

2 ապրիլին ազատամարտիկ, Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան 5-րդ տարելիցն էր: Պռօշեան համայնքի Զօրաց պանթէոն հաւաքուած էին անոր ընտանիքին անդամները, ընկերները, կուսակցական ընկերները եւ գիւղացիներ:

Պռօշեանի ՀՅԴ «Դրօ Կանայեան» կոմիտէութեան անունով, որուն անդամ եղած էր Հրաչ Մուրադեանը, խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Հաճեանը: Ան ընդգծեց, որ պիտի չսահմանափակուին այս երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունենալիք` Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին նուիրուած ժողովրդային հաւաքներով, այլ յառաջիկայ ամիսներուն գիւղապետի սպանութեան 5-րդ տարելիցին առիթով պէտք է տեղի ունենան արդար բացայայտման կոչերով պահանջատիրական երթեր Հայաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ:

Պռօշեանի «Դրօ Կանայեան» կոմիտէի անդամ, բժիշկ Տարօն Տօնոյեանն ալ նշեց, որ 2 ապրիլը ծանր օր է: «Այնպէս դասաւորուած է, որ մեր կեանքի ընթացքին մենք բազմաթիւ ընկերներ կորսնցուցինք, բայց Հրաչ Մուրադեանի կորուստը միայն մեր կորուստը չէ, անոր մէջ ապագայի կորուստի վախ կայ, որովհետեւ ձեռք բարձրացուած է մարդու մը վրայ, տեսակի մը վրայ, որ երկիր պահող է: Խաղաղ պայմաններու մէջ արդար ապրող մարդու վրայ ձեռք բարձրացուած է», ըսած է ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան խօսք առնելով նկատել տուած է, որ Հրաչ Մուրադեանը իր մէջ կը մարմնաւորէր հայու պատմութեան փոքրիկ օրինակ մը: «Ծնած ըլլալով սփիւռքի մէջ, ապրեցաւ Հայաստան, զօրագրուեցաւ հայոց ազատագրման պայքարին, մինչեւ պատերազմի վերջը մասնակցեցաւ ազատամարտին, իսկ այնուհետեւ անցաւ խաղաղ աշխատանքի: Ան Հայաստան կառուցող մարդու կերպար էր, եւ այդ ձեռքը, որ բարձացաւ Հրաչին վրայ, ատիկա անձի վրայ չէր, ատիկա մեր պետականութեան վրայ էր», ըսաւ ան:

Ան նկատել տուաւ, որ այսօր Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործը տակաւին բացայայտուած չէ եւ նախաքննութեան փուլի մէջ է: «ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը հետեւողական պիտի ըլլայ` շարունակելու պահանջել իշխանութիւններէն` բացայայտել այս գործը Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորական իր խմբակցութեան միջոցով», յայտարարեց ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.