Պուլկարիոյ Մէջ Պիտի Կանգնեցուի Նժդեհի Արձանը
Պուլկարիոյ Պլիսքա քաղաքի «Cyrillic courtyard» պատմամշակութային համալիրին մէջ պիտի կանգնեցուի հայ պետական եւ ռազմական գործիչ Գարեգին Նժդեհի պրոնզաձոյլ արձանը:
«Պիտի Կանգնեցուի տարբեր ժողովուրդներու եւ երկիրներու ականաւոր գործիչներու աւելի քան 80 յուշարձան: Հայ ժողովուրդը ներկայացուած պիտի ըլլայ ականաւոր գործիչ եւ փիլիսոփայ Գարեգին Նժդեհի արձանով»,- ըսած է համալիրի ստեղծման հեղինակ եւ պուլկարաբնակ գործարար Կարէն Ալեքսանեանը, կը յայտնէ Rusarminfo-ն:
Ան նշած է, որ վերջերս այցելած է Հայաստան մասնագէտներու հետ խորհրդակցութիւններու նպատակով, որպէսզի Նժդեհի արձանը ամենաբարձր մակարդակով պատրաստուի: «Մոսկուայի մէջ հիմա կ՛աշխատին Փուշկինի, Տոսթոեւսքիի եւ Եսենինի արձաններուն վրայ: Անոնք պիտի տեղադրուին, երբ աշխատանքները աւարտին»,- ըսած է գործարարը:
Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Նժդեհի արձանը պիտի տեղադրուի, հաւանաբար, 2018-ի ամրան:
Cyrillic courtyard պատմամշակութային համալիրը բացուած է 2015-ին: