Յունաստանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Ձեռնարկած Է Քայլերու` Սեւան Նշանեանի Հարցը Լուծելու Նպատակով

Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեակ է պոլսահայ մտաւորական, Հայաստանի քաղաքացի Սեւան Նշանեանի շուրջ ծաւալած հոլովոյթէն եւ կը ձեռնարկէ կարելի բոլոր քայլերուն` հարցը լուծելու նպատակով: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Յունաստանի կառավարութիւնը չէ երկարաձգած Սեւան Նշանեանի` Յունաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացած ըլլալու հանգամանքով ձեռք բերուած կեցութեան իրաւունքի ժամկէտը, որ աւարտած է 29 դեկտեմբերին: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, Նշանեան 30 դեկտեմբերին ձերբակալուած է կեցութեան կարգավիճակի ժամկէտը լրանալու պատճառով: Նշուած է, որ Նշանեանը արտաքսելու որոշում պիտի տրուի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.