Մի՛շտ զօրավիգ Արցախին եւ Արցախահայութեան. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւն
3829
0
Արցախը կը բոլորէ իր վրայ պարտադրուած ատրպէյճանական շրջափակման հարիւրերորդ օրը։ Պաքուի իշխանութիւններու կողմէ Արցախը կենցաղային տարրական պայմաններէ զրկելու անմարդկային ու հայատեաց այս քայլը՝ կը միտի յաւելեալ ճնշումներով միանգամընդմիշտ յուսալքման մատնել Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդը եւ հայաթափել Հայաստանի Արեւելից կողմանց դարպասը։«Խաղաղութեան դարաշրջան»է ճամարտակող Հայաստանի վարչախումբի պատրանքներուն՝ ալիեւեան բռնատիրութեան պատասխանը միշտ եղած են նմանօրինակ թշնամական կեցուածքներն ու օրըստօրէ աճող հաւանականութեամբ՝ նոր պատերազմի մը սպառնալիքները:
Հակառակ տիրող այս պայթիւնավտանգ լարուածութեան, թեւակոխելով շրջափակման 100-րդ օրը, Արցախն ու իր ժողովուրդը կրկի՛ն անգամ հաստատեցին, որ ինչպէս անցնող երեսնամեակին, այսօր ե՛ւս, դիմադրութեան ու պայքարի ոգին բարձր է ժողովուրդի խաւերուն մէջ, որոնք հաստատակամ են, որ իրենց ճակատագիրը կրնայ վճռուիլ միա՛յն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով։
Մենք, Գանատայի ՀՅԴ կառոյցը, կու գանք անգամ մը եւս մեր անսակարկ զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի հայութեան իրաւունքներուն, եւ անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ Գանատայի քաղաքական եւ դիւանագիտական բեմերուն վրայ անդուլ պիտի պայքարինք ու զօրակցինք Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ անոնց անկախութեան անօտարելի իրաւունքին։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ