«Մենք Արամի տեսակն ենք». ՀՅԴ-ն քարոզարշաւը մեկնարկեց Արամ Մանուկեանի արձանին քովէն

«Մենք Արամի տեսակն ենք` պայքարող տեսակ, միաւորող տեսակ»

ՀՅԴ-ն Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը կատարեց Արամ Մանուկեանի արձանին քովէն:

Դաշնակցութեան ցուցակը գլխաւորող Միքայէլ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ քարոզարշաւի մեկնարկի վայրը պատահականօրէն չէ ընտրուած. 1918 թուականին Արամ Մանուկեան յաջողեցաւ համախմբել երեւանցիներն ու մեր ժողովուրդը եւ յաղթանակ տանիլ Սարդարապատի հերոսամարտին: Այն ժամանակ Երեւանը տակաւին Հայաստանի մայրաքաղաքը չէր, քանի որ Հայաստանը անկախ պետութիւն չէր:

«Մենք Արամի տեսակն ենք` պայքարող տեսակ, միաւորող տեսակ», ըսաւ Մանուկեան եւ վստահեցուց, որ ՀՅԴ-ն կրնայ համախմբել երեւանցիները:

Ըստ իրեն՝ կը սպասուի դժուար աշխատանք, եւ ամբողջ կազմով երեւանցիները պիտի ներկայացնեն իրենց ծրագիրը` Երեւանի տեսլականը:

Դաշնակցութեան թեկնածուն նաեւ տեղեկացուց, որ ներկայութիւն պիտի ըլլան բոլոր վարչական շրջաններուն, բակերուն եւ թաղերուն մէջ:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.