Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Շաբաթ, 14 եւ կիրակի, 15 ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր` Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան (առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Սիփան ծ.վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան (Առաջնորդական փոխանորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին), արժանացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման` բարձր հայեցողութեամբ եւ հայրական տնօրինումով Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Հաւատքի Խոստովանութիւն Եւ Ուխտի Ստորագրութիւն

Շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման կոչման արարողութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանի, Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեանի եւ Թորգոմ ծ.վրդ. Տօնոյեանի:

Հայրապետական թափօրը նուիրապետական բոլոր կարգերու եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներով ու հանդերձանքով առաջնորդուեցաւ վեհարանէն մայր տաճար: Վեհափառ հայրապետին ամպհովանին կը կրէին ձեռնադրեալներու կնքահայրերը` Անուշաւան Նազարեան, Վարուժ Մովսէսեան, Հրայր Սողոմոնեան եւ Կարօ Էշկեան: Վեհափառ հայրապետը կը գլխաւորէր թափօրը` առընթերակայ ունենալով Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը:

Իրենց թեմերու Ազգային ժողովներու խնդրագիրներուն եւ վեհափառ հայրապետին կողմէ տրուած արտօնութեան համաձայն, ընծայեալ հայր սուրբերը ներկայացան մայր տաճարին Ս. Երրորդութեան խորանին առջեւ եւ խարտաւիլակ հայ սուրբին` Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի ու վկաներուն արտօնութեամբ ծնրադիր կարդացին իրենց ուխտագիրները` հետեւելու անսայթաք կեանքի եւ ուղղափառ հայրերու վարքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ծառայելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ իրենց վստահուած հօտին: Անոնք ստորագրեցին իրենց ուխտագիրները եւ խարտաւիլակին ու վկաներուն առաջնորդութեամբ ներկայացան վեհափառին` ստանալու համար անոր օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոնները զգեցուց ընծայեալներուն եւ պահպանիչով օրհնեց զանոնք:

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնները սկիզբ առած էին շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին եւ շարունակուեցան կիրակի, 15 ապրիլ 2018-ին Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցման ընթացքին` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրով: Վեհափառ հայրապետը ամպհովանիին ներքոյ Ս. Սեղանին սպասարկող ամբողջ շքախումբով մուտք գործեց մայր տաճար` մատուցելու Ս. եւ անմահ պատարագը եւ կատարելու ձեռնադրութեան ու օծման կարգը: Օրուան պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Պատարագի ընթացքին ընծայեալները ծնրադիր հրաժարեցան աշխարհէն եւ կոչուեցան եպիսկոպոսութեան կարգին: Ապա, սրբալոյս միւռոնի հեղումով եւ «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, վեհափառ հայրապետը օծեց ընծայեալներուն ճակատներն ու աջ ձեռքին բթամատը եւ անոնց յանձնեց եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին: Աւարտին վեհափառ հայրապետը ընծայեալներուն կուրծքերը զարդարեց պանակէով:

Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Նախ եւ առաջ  վեհափառը իր ուրախութիւնը ու գնահատանքը յայտնեց չորս ընծայեալներուն եպիսկոպոսական ծառայութեան միանալուն առիթով: Ան յայտնեց, որ ասիկա ուրախութիւն է հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռին, որ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրելէ ետք կարողացած է վերանորոգ ոգիով եւ հաւատքով շարունակել իր առաքելութիւնն ու ծառայական կեանքը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղելով նորաօծ եպիսկոպոսներուն կարեւորութեամբ շեշտեց երեք կէտեր, որոնք հիմնականօրէն կ՛ընդգծէին հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը նորաօծ եպիսկոպոսներուն թելադրեց հայ եկեղեցին ունենալ իրենց կեանքի առանցքը եւ յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին շէնք չէ, այլ Քրիստոսի մարմինն է, իսկ անոր դերակատարութիւնը սովորական դերակատարութիւն չէ եւ չէ եղած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ եկեղեցին ծառայութիւն է եւ ոչ իշխանութիւն. «Հետեւաբար ծառայութիւնը պէտք է դառնայ ձեր կեանքի առաքելութեան ուղին», յայտնեց ան: Ապա վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց նորընծայ եպիսկոպոսներուն, թէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները պէտք է դառնան իրենց կեանքի մղիչ ուժը եւ նպատակը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ խնդրելով Անկէ, որ նորաօծ եպիսկոպոսները վերանորոգ հաւատքով լծուին ժողովուրդին ծառայութեան ու նոր իրագործումներով արժեւորեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. աթոռին ծառայական երթը:

Քարոզէն ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, միաբան հայրերն ու բոլոր հոգեւորականները, խորան բարձրանալով շնորհաւորեցին նորաօծ եպիսկոպոսները` համբուրելով անոնց միւռոնուած ճակատները եւ ձեռքերը:

Պատարագի աւարտին, նորաօծ սրբազան հայրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.