ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Արմաւիրի Մարզը Կ՚օժտուի Նոր Կեդրոնով

16-17 Մայիս 2020ի շաբաթավերջը յատկանշական եղաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մեծ ընտանիքին համար։ Բեղուն գործունէութեան երկօրեակ մը, որ անկասկած լաւ յիշողութիւններ ձգեց մասնակից միութենականներուն մօտ։

Շաբաթ, 16 Մայիսի կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Արմաւիր քաղաքի մէջ օրհնութիւնը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Արմաւիրի մարզային կեդրոնին, որուն ներքնայարկի կմախքը արդէն իսկ պատուած է եւ շինարարութիւնը պիտի շարունակուի անոր վրայ բարձրացող երկու յարկերուն։

Շրջանի հայ երիտասարդութեան համախմբման խիստ էական նկատուող այս կեդրոնը շօշափելիիրականութիւն դարձաւ Արեւմտեան ԱՄՆէն նուիրեալ ՀՄԸՄական Էմիլ Մաղագեանի եւ անոր ընտանիքի նուիրատուութեամբ, որ պիտի կոչուի «ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Վարդան Բախշեան» կեդրոն, անմահացնելով Արմաւիրի մասնաճիւղի հիմնադիր, նահատակ ազատամարտիկ Վարդան Բախշեանի յիշատակը։

Այս ուրախ առիթով օրհնութեան վայր ժամանած էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժման Եւրասիոյ Կոմիտէի նախագահ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական Վարչութեան անդաներ՝ ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, Շուշան Մելիքեան, Սաշէ Նազարեան եւ Խորէն Նազարեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի Մարզային վարչութեան անդամ Ալէն Ասատուրեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ընդհ. խմբապետ Գէորգ Օհանեան, Բախշեան ընտանիքը, Արմաւիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմը, անցեալի խմբապետներ, արի-արենոյշներ, գայլիկ-արծուիկներ եւ այլ հիւրեր։

Ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Արմաւիրի մասնաճիւղի վարութեան ատենապետ Նանէ Խլղաթեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը, բացատրեց իրագործելի յայտագիրը եւ անդրադարձաւ 1992ին հիմնուած մասնաճիւղի պատմականին, անցած ուղիին եւ սեփական կեդրոնունենալու երազանքի իրականացման։ Քոյրը մասնաճիւղի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մաղագեան ընտանիքին, որոնց նուիրատուութեան շնորհիւ իրականութիւն դարձած է ակնարկուած կեդրոնի շինարարութիւնը։ Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական Վարչութեան, մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան մասնաճիւղի հզօրացման եւ կեդրոնի իրականացման։

Ապա հրաւիրեց շրջանի Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ Քահանայ Ինջիկուլեանը, որ օրհնեց կեդրոնի շինարարութիւնը եւ մաղթեց, որ նորակառոյց կեդրոնը շրջանի նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան իսկական կեդրոնը կը հանսիսանայ։

Կեդրոնական Վարչութեան անունով ՀՄԸՄի գեղեցիկ օճախի կառուցումը շնորհաւորեց Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ցաւ յայտնեց, որ անձնապէս չէ ճանչցած Վարդան Բաշխեանը, սակայն անոր մտերիներուն միջոցաւ ճաչցած էր անոր էութիւնը եւ համոզում յայտնեց, թէ «Եղբ. Վարդան Բախշեանը բացի սկաուտական, համամարդկային ու մեր ՀՄԸՄական երազանքներից, առաջնահերթ մի մեծ երազանք ունէր, տեսնելու ազգային սերունդ, երկրին նուիրուած, մեր պետութեան, մեր ազգային արժէքների, գաղափարների նուիրուած սերունդ։ Այս կազմակերպական աշխատանքը, այս կեդրոնը ոչինչ կը լինի, եթէ կրելով Վարդան Բախշեանի անունը, մենք չկարողանանք Արմաւիրում դաստիարակել Վարդան Բաշխեանի արժանի սերունդ, որոնք իրանց գործունէութեամբ, իրանց կեանքով, իրանց ուժով մասնակից կը լինեն մեր երկրի պետութեան, մեր երկրի շինարարութեան գործին»։

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորանքները փոխանցեց Սանտրա Վարդանեան, որ անդրադառնալով կեդրոնի անուանման, ընդգծեց, թէ կեդրոնը կրելով Վարդան Բախշեանի անունը մեզ համար կը դառնայ պարտաւորեցնող, յուզիչ եւ մանաւանդ յուսադրող։ Քորը վստահութիւն յայտնեց, որ մասնաճիւղի գայլիկներու ծնող բարեխիղճ շինարարները, մեծ թափով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին կ՚ամբողջացնեն այնքան սպասուած կեդրոնի շինարարութիւնը, որպէսզի անոր բացումը պատշաճօրէն կատարուի եւ անցնի հայրենանուէր իր աշխատանքին։

Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրը՝Այտա Բախշեան։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նորակառոյց կեդրոնը իր զաւկին անունով կոչելու որոշումին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի պագայ աշխատանքներուն։

Ապա մասնաճիւղէն գայլիկ մը եւ Արծուիկ մը, քահանայ հօր օրհնութեամբ երկու ճերմակ աղաւնիներ բաց ձգեցին դէպի երկինք, իբրեւ խորհրդանիշ՝ խաղաղութեան եւ յաջողութեան։

Այնուհետեւ, ներկաները իրենց բարեմառթանքները արձանագրեցին գայլիկ-արծուիկները յատկանշող դեղին փողկապի մը վրայ, որ ապակեայ շիշի մը մէջ զետեղելէ ետք, Այտա Բախշեանի եւ մասնաճիւղի առաջին խմբապետուհի Ռուզան Թամրազեանի կողմէ տեղադրուեցաւ կեդրոնի հիմքը, իբրեւ աշխատանքային մաղթանքներ,կեդրոնէն ներս դաստիարակուող յաջորդող սերունդներուն։

Յուսադրող այս արարողութիւնը վերջ գտաւ միասնական «Տէրունական» աղօթքով։ Մեծապէս տպաւորուած ներկաները Սարդարապատի յաղթանակը խորհրդանշող յուշարձանը սկաուտական փողկապով զարդարուած գեղեցիկ կրծքազարդ մը ստանալէ ետք, հիւրընկալուեցան մասնաճիւղի գործունեայ անդամներէն Սիրակ եւ Յասմիկ Այվազեաններու բնակարանը։ Հրամցուած համադամ ճաշերուն առընթեր, ներկաները խրախճանքի ուրախ մթնոլորտի մը մէջ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին կեդրոնէն ներս տարուելիք աշխատանքնրուն նկատմամբ եւ յոյս յայտնեցին, որ ան Արմաւիրի մարզի ՀՄԸՄականներուն դաստիարկութեան դարբնոցը կը հանիսանայ։

ՍԿԱՈՒՏԸ ՄԻՇՏ Կ՚ՕԳՆԷ ՈՒՐԻՇԻՆ

Կիրակի, 17 Մայիս 2020ին, մեղուի փեթակի վերածուած էր ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնը, ուր բարեգործական աշխատանք կազմակերպելու համոզումով,համախմբուած էին միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն ու սկաուտական իրենց դաւանանքին հաւատարիմ շրջանի արի-արենոյշներու ու խմբապետ-խմբապետուհիներու խումբ մը։ Անոնք եկած էին ազգային իրենց պարտականութիւնը կատարելու հայրենի ժողովուրդի այն հատուածիննկատմամբ, որոնք Գորոնա Վիրուսի տարածման դժուարին այս օրերուն, իրենց տուներուն մէջ բանտարկուած, օգնութեան կարիքը ունին։

Անձնազոհ այս երիտասարդները, իրենց ղեկավարներուն հետ միասին, ուտեստեղէնի 400 տուփեր փաթեթաւորեցին, այն նախատեսութեամբ, որ զանազան մարզերու մէջ գործող ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մասնաճիւղերու անդամներու միջոցաւ պիտի տրամադրուին կարիքաւոր ընտանիքներու, ձեռբազատելով զանոնք գէթ մի քանի օրերու ուտելիքի մտահոգութենէն։Անոնք նոյնանման շխատանք կատարած էին նաեւ նախորդ շաբթուան ընթացքին։ Այսպիսով, ցարդ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Հայաստանի մեծ ընտանիքը 400 կարիքաւոր ընտանիքներու համար փաթեթաւորած է 800 ուտեստեղէնի տուփեր, իւրաքանչիւր ընտանիքի նկատի ունենալով երկու տուփ։

«Բնական է, այսքանով չենք աւարտում մեր աշխատանքը։ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը պիտի շարունակի իր բարեգործ աշխատանքը, օգնելով մեր ժողովրդի կարիքաւոր հատուածին։ Վերջապէս ՀՄԸՄը ծնունդ է առել, դաստիարակելու համար առողջ սերունդներ, որպէսզի նրանք օգտակար հանդիսանան իրենց ազգին ու հայրենիքին։ Ահա էս աշխատանքը ակնարկուած նպատակներից մին է», ըսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, որ ընդգծելով ՀՄԸՄական երիտասարդի ազգանուէր գործունէութիւնը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք սատար կը կանգնին հայրենանպաստ այս աշխատանքին։

Քոյրը համոզում յայտեց, որ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը հաւատարիմ մնալով «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» իր նշանաբանին, պատրաստակամութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ» կարգախօսով եւ պիտի շարունակէ ծառայել իր ազգին, հայրեիքին ու եկեղեցիին։

Մարօ Քէշիշեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.