ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Միջազգային Հանրութեան Կը Յորդորէ Հասցէական Կոչեր Ընել
1896
0
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին կը վերահաստատէ, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը պատրաստ են պահպանել Հոկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած մարդասիրական հրադադարի պայմանները, ինչպէս նաեւ կիրառել կրակմարի դիտարկման համաձայնեցուած կարգաւորումները:
«Այս առումով կը յորդորենք միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, իրենց յայտարարութիւններուն եւ կոչերուն մէջ հասցէական անդրադառնալ հակամարտութեան այն կողմին, որ զանազան միջոցներով կը խուսափի հրադադարը պահպանելու համար անհրաժեշտ ստուգման մեքանիզմներու հաստատումէն», – ըսուած է ՀՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ: