Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ժողովրդային Բազմամարդ Հանրահաւաքները Կը Շարունակուին` Հակառակ Ցուրտին

23 դեկտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը:  Հակառակ ցուրտին եւ տեղատարափ անձրեւին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն թիւը մեծ էր:

Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ ոչինչ պիտի կասեցնէ իրենց պայքարը, մինչեւ որ   վարչապետին աթոռը գրկած մարդը ժամ առաջ հեռանայ:

Գ. Մանուկեան յայտարարեց, որ երկու օրուան ընթացքին քրէական գործեր յարուցուած են երկրին մէջքը պինդ պահող Սիւնիքի քաղաքապետներուն դէմ:

Ան տեղեկացուց, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան այսօր հրաւիրուած է Քննչական կոմիտէ, ան արդէն դուրս եկած է ու շուտով պիտի ներկայանայ հրապարակ:

Ըստ Գեղամ Մանուկեանի, պէտք չէ յուսալ, որ մէկ օրուան հանրահաւաքով եւ երթով կարելի է աներեսները հեռացնել. Մանուկեան յիշեցուց, որ Փաշինեանի հեռացումը պահանջած են նաեւ Հայաստանի նախագահը, զոյգ կաթողիկոսները, մտաւորականներ, բժիշկներ, գիտնականներ, քաղաքացիներ եւ քաղաքական ուժեր:

Գեղամ Մանուկեան նաեւ հաստատեց, որ իրենց նպատակը սուտ խոստումներով մարդիկը հրապարակ բերելը չէ:

Գեղամ Մանուկեան ներկայացուց հետագայ քայլերը. «Հինգշաբթի օրը` ժամը 11:00-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կառավարութեան նիստը: Շատ յաճախ նախարարները ետեւի մուտքով կը մտնեն կառավարութիւն: Վաղը (այսօր` հինգշաբթի, 24 դեկտեմբերին, «Ա.») տեղի պիտի ունենայ Փաշինեանի գլխաւորած Հայաստանի կառավարութեան 2020-ի վերջին նիստը: Կը դիմենք բոլորիդ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի շրջափակուի Հայաստանի կառավարութեան շէնքը` բոլոր կողմերէն: Անոնք պէտք չէ կայացնեն կառավարութեան նիստ: Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է զրկուի, իբրեւ վարչապետ, կառավարութեան նիստ վարելու կարելիութենէն», կոչով ներկաներուն դիմեց Մանուկեան` աւելցնելով, որ նստացոյցը պիտի շարունակուի մինչեւ առաւօտ, վրանները պիտի մնան լարուած:

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցաւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան` իր խօսքին մէջ հաստատելով, որ այս կառավարութիւնը ձախողած է բոլոր ոլորտներուն մէջ. «Տարիներէ ի վեր ծառայած եմ Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան, ունեցած եմ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարներ, անձեր, որոնք ճամբայ անցած են, կերտած 30 տարուան նորագոյն պատմութիւնը, բայց ինծի համար միանշանակ ամէնէն գերագոյն հրամանատարը մեր ժողովուրդը եղած է` մեր պետականութեամբ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ հանրահաւաքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ ազատամարտիկ Գէորգ Գէորգեան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բեմադրիչ եւ դերասան Վիգէն Ստեփանեան, Ազգային օրակարգ կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արա Յակոբեան, քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան, Հայրենիք կուսակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Արա Սահակեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.