Հայոց Բանակի Նահատակներուն Եւ Մարտնչածներուն` Յարգա՛նք, Փա՛ռք Ու Պատի՛ւ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2015… Ընկերներուս հետ` անհոգ, ուրախ եւ հայրենի հողին ուժը մեր ոտքերուն տակ, հանդարտութեամբ ու թեթեւութեամբ կը քալէինք Երեւանի Հիւսիսային պողոտայէն, երբ հանդիպեցանք խումբ մը զինուորներու: Կարծէք փայլեցան մեր աչքերը, տրոփեցին մեր սրտերը, հպարտութիւնը պատեց մեր ամբողջ էութիւնը, եւ որոշ լրջութիւն մը պարտադրեց մեր զինուորներուն ներկայութիւնը մեր կողքին: Անսպասելի յանդգնութեամբ մը մեր ընկերներէն մէկը մօտեցաւ տարազաւոր տղոց եւ խնդրեց լուսանկարուիլ. տղաքը` մեղմ ժպիտով, համաձայնեցան: Մօտեցանք անոնց, կարծէք կեանքի երազ մը իրականութիւն դարձած ըլլար, կարծէք այդ օր աւելի՛ հպարտ հայեր դարձած ըլլայինք, կանգնած էինք կողքին այն տղոց, որոնք սահմանին վրայ առիւծաբար կը կանգնին թշնամիին դիմաց, մօտիկ էինք այն հերոսներուն, որոնք մահը իրենց մօտիկ ունին ամէն վայրկեան, լուսանկար մը մեզ կ՛անմահացնէր նուիրեալներու հետ, որոնք նուիրուածութեան գերագոյն օրինակներն են, որոնք անմահ են իրենց կեանքով ու նահատակութեամբ…

Լուսանկարուեցանք, լայն ժպիտով եւ մեր ուրախութիւնը առաւելագոյնս արտայայտող շնորհակալական խօսքերով բաժնուեցանք` ֆիզիքապէս միայն: Արդարեւ, վեհ հայ զինուորը, անոր կրած բանակայինի անբիծ տարազը, անոր նայուածքն ու պահուածքը միշտ տարբեր հմայք առթած են, իւրայատուկ հարազատութիւն մը ստեղծած, յարգանք ու պատիւ սփռած են ամէնուրեք, համախմբած են համայն հայութիւնը` բոլոր ժամանակներուն եւ տարբեր պայմաններու մէջ ալ:

Այսպէս եղաւ 2020-ին, երբ հայկական բանակի իւրաքանչիւր նուիրեալ անպայման յաղթելու հաւատքով եւ վճռակամութեամբ ըրաւ իր լաւագոյնը, մարտնչեցաւ հերոսաբար, տուաւ իր առաւելագոյնը, յաճախ` կեանքը: Աշխարհով մէկ հայութիւնը բանիւ եւ գործով զօրակցեցաւ իւրաքանչիւր զինուորի, յուսաց, սպասեց, հաւատաց բանակի երկաթեայ բռունցքին եւ նուիրուածութեան, աղօթեց մարտնչողներուն համար, լացաւ նահատակներուն ի տես, զօրացաւ տեսնելով ժպտուն ու խիզախ զինուորներուն լուսանկարներն ու տեսերիզները, սիրտը արիւն լացաւ հողին յանձնուող մատղաշ տղոց դագաղներուն վրայ անոնց ծնողներուն ողբին վկան ըլլալով:

9 նոյեմբերի սեւ գիշերը, սակայն, եկաւ սեւով պատելու ամէն բան, կարծէք լոյս պիտի չծագէր այլեւս հայութեան համար, սեւեր հագած ծնողներուն սրտերուն սեւ քար մը դրուեցաւ հաստատ… Հազարաւոր զինուորներու, նաեւ կամաւորաբար իրենց հայրենիքին պաշտպանութեան լծուած տղոց կորուստէն ետք, հողի՞ ալ կորուստ, հայրենիքի մէկ բաժինի՞ ալ կորուստ, տուներու եւ ինչքերո՞ւ ալ կորուստ, ուրեմն ինչի՞ համար կորսուեցաւ կեանքը տակաւին կեանքին նոր ժպտացող տղոց, չէ՞ որ մայրեր սեւեր հագուեցան, որպէսզի սպիտակ ու լուսաւոր առաւօտ մը բացուի հայութեան համար…

Բայց տղաքը ի՛նչ իմանային… Տղաքը միայն գիտէին, որ լուսաւոր առաւօտի ու ապագայի համար պէտք է զոհուիլ, տղաքը քաջ գիտէին, որ «Մի՛ լաք, պիտի վերադառնանք» խօսքով իրենց ծնողներէն, կիներէն ու զաւակներէն հրաժեշտի պահը կրնար զանոնք տեսնելու վերջին անգամը ըլլալ, տղաքը լաւատեղեակ էին, որ հողը հայկական պահելու համար հայուն արիւնը պէտք է շաղախել հողին, տղաքը կը հաւատային վեհութիւններու, սրբութիւններու, հաւաքական գերագոյն շահերու, այլապէս պիտի չկարենային կանգնիլ թշնամիին դէմ, մահուան հետ պիտի չընկերանային, միայն իրենց խիղճի կանչին ականջ պիտի չտային, իրենց զաւակները անհայր, կիները այրի, ծնողները անզաւակ պիտի չձգէին…

«Ես յաճախ կ՛ըսեմ, մեր մեծերն ալ ըսած են, որ զաւակները իրենց ծնողները իրենց ուսերուն առած պիտի տանին վերջին հանգրուան, բայց իմ չար բախտէս, ճակատագիրիս բերումով, թերեւս Երկնայինը այդպէս որոշեց, չեմ գիտեր, ես իմ զաւակներս տարի եւ յանձնեցի հողին:

«…Այնքան կարօտ կայ մէջս, այնքան մեծ մղում կայ իմ որդիներս վերադարձնելու, կրկին տեսնելու զանոնք, ինչպէս զաւակ կորսնցուցած իւրաքանչիւր ծնողքի մօտ…  Փաստօրէն, մեր սրտերուն մէջ ուրախութեան տեղ չմնաց այլեւս:

«… Ես հպարտ եմ, որ իմ երկու որդիներս ելան ի զէն, ի պաշտպանութիւն հայոց հողին, հայրենիքին, Արցախին: Անոնք հայու, քաղաքացիի, որդիի, տղամարդու իրենց պարտքը կատարեցին հայրենիքին ու ծնողներուն հանդէպ, անոնք նաեւ մեզ պաշտպանեցին, իրենց տիկիններն ու զաւակները: Եւ ո՛չ միայն իմ զաւակներս, հազարաւոր տղաներ, որոնք վահանով վերադարձան այս պատերազմէն կամ, ցաւօք, վահանի վրայ զանոնք բերին տուն, բոլորն ալ այս գիտակցութեամբ ելած էին կռիւի, բոլորն ալ լաւապէս կը գիտակցէին հայրենիքի իմաստին, անոր անվտանգութեան ու պաշտպանութեան կարեւորութեան` հայրենիքին համար, հողին համար, հայութեան համար, ապագային համար…»:

Գլխագիր մարդ, 2 նահատակներու հերոսածին հայր եւ իսկական հարազատ ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ-ի այս մտածումներն ու զգացումները լաւագոյնս կ՛արտայայտեն 2020-ին մեր բանակին յաղթանակին մասին, իւրաքանչիւր զինուոր մահուան յաղթելու իր վճռակամութեամբ արդէն յաղթեց, իւրաքանչիւր կամաւոր կեանքը արհամարհելով եւ մահը գրկելով յաղթեց, իւրաքանչիւր բանակային, հակառակ ամէն ինչի, կրկին բանակին մէջ ծառայելու պատրաստակամութեամբ յաղթեց:

Մեծ է ցաւը մեծ կորուստին, դառն է իրականութիւնը` մեծաթիւ անտուններու, այրիներու, որբերու եւ անզաւակներու, Եռաբլուրը ալ չի՛ կրնար իր գիրկին մէջ հանգիստ տալ այդքան մեծաթիւ երիտասարդներու, որոնք մէկական տան շիջած ճրագ են, մէկական անվերադարձ յոյս, շատ վաղ մարած լոյս, անոնք կոչուած էին յիշատակ կերտելու եւ ոչ թէ յիշատակ դառնալու…

Յարգա՛նք, պատի՛ւ եւ փա՛ռք 45 օրեր շարունակ մարտնչած հայ բանակայիններուն եւ կամաւորներուն, երկինքի անսահման արքայութիւն` մեր նահատակ հերոսներուն, որոնք յաղթեցին, երբ մենք պարտուեցանք, որոնք արժանացան յաւերժութեան, որ վայել է միայն վեհերուն եւ նուիրեալներուն:  Անսահման երկինքին կը նայիմ եւ կը սպասեմ, որ անսահման ուժ, զօրութիւն եւ հաւատք պարգեւէք մեզի` նահատա՛կ հերոսներ, որպէսզի ազգովին կարենանք կրկին ոտքի կանգնիլ եւ շարունակել ձեր ուղին` պատիւի եւ փառքի ուղին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.