Հազարաւորներ Մասնակցեցան Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հերթական Արժանապատուութեան Երթին

Յառաջիկայ Երեքշաբթի` Գործադուլ,
Դասադուլ Եւ Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր

Երէկ` չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Արժանապատուութեան երթը` Երեւանի կրկէսին յարակից հրապարակէն: Երթի մասնակցողները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու Նիկոլին: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար քաղաքացիներ: Անոնք կը վանկարկէին` «Նիկո՛լ, հեռացի՛ր», «Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստա՛ն»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց բոլորին միանալու արժանապատուութեան երթին, այսինքն` միանալու հայրենիքի փրկութեան պայքարին:

«Դուք չէք կրնար անտարբեր ըլլալ այն բանին նկատմամբ, որ այսօր կը կատարուի մեր երկրին մէջ ու մեր երկրի սահմաններուն շուրջ: Համախմբենք մեր բոլորին ուժերը, քշենք այս դաւաճան իշխանութիւնը, ձեւաւորենք նոր կառավարութիւն, որ ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու մեր ժողովուրդին  շահերն ու իրաւունքները», յայտարարեց ան:

Արժանապատուութեան երթին մասնակիցները քանի մը հարց պարունակող նամակ յանձնեցին Ընդհանուր դատախազութեան: Հարցերը կը վերաբերէին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանի կողմէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին ուղղուած շարք մը մեղադրանքներու:

Մէկ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Ղազինեան նշեց, որ կ՛ուզեն դատախազութենէն գիտնալ, թէ արդեօք այդ գործի ծիրին մէջ հարցաքննուա՞ծ է Հայաստանի վարչապետը, եթէ այո, ապա ի՞նչ մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են, եթէ ոչ, ապա ինչո՛ւ չէ հարցաքննուած: Նամակին մէջ ընդդիմադիր ուժերը նաեւ շարք մը այլ հարցումներ ուղղեցին դատախազութեան:

Երթին ընթացքին յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ, անհատներ:

Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան յայտարարեց, որ հանդիպում ունեցած է վերջին օրերուն գերեվարուած զինուորական ծառայողներու հարազատներուն հետ, որոնց գերեվարման տեսանիւթերը կան, սակայն իշխանութիւնները կը հերքեն: Ըստ անոր, այս պահուն Արցախի մէջ իրավիճակը բաւական լարուած է զոհուած զինուորներու հարազատներու շրջանակին մէջ, քանի որ իրենց զաւակներու մարմիններուն փոխարէն անոնց բուռ մը հող տուած են:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  անդամ Լիլիթ Գալստեան երթին ընթացքին իր խօսքը ուղղեց մտաւորականներուն, նկարիչներուն, գրողներուն, երաժիշտներուն: «Դուք կը ստեղծագործէք այն չքնաղ հայրենիքին մասին, որուն արժանի է մեզմէ իւրաքանչիւրը: Որքան ճիշդ պիտի ըլլար, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը այստեղ առաջին շարքերուն մէջ ըլլար: Դուք մեր խիղճն էք, մեր պատասխանատուութիւնը, մեր ուղեկիցն էք պատմութեան բոլոր փակուղիներուն մէջ: Որքան ճիշդ պիտի ըլլար, որ այսօր միասին ըլլայինք: Սիրելի՛ մտաւորականներ, առաջնորդեցէ՛ք այս շարժումը», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ երթի մասնակիցները քալեցին Մաշտոցի պողոտայով` վանկարկելով «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: Անոնք յատկապէս ողջունեցին սիւնեցիները, որոնք եկած էին մասնակցելու երթին:

Ընդդիմութեան կազմակերպած Արժանապատուութեան երթը կանգ առաւ Հայաստանի ոստիկանութեան շէնքին մօտ, ուր Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց ոստիկանութեան աշխատակիցներուն` կոչ ուղղելով գործելու օրինականութեան դաշտին մէջ, ապահովելու քաղաքացիներուն անհնազանդութեան շարժումները, չփորձելու ճնշում բանեցնել, կանգնելու ժողովուրդի կողքին, որպէսզի կարենանք հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանը եւ կառուցել մեր երազած երկիրը:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) շէնքին մօտ Հայաստանի արդարադատութեան նախկին նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան դիմեց ԱԱԾ աշխատակիցներուն` յորդորելով պաշտպանել ազգային շահը:

Ապա երթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր Իշխան Սաղաթէլեան խօսք առաւ եւ յայտարարեց, որ նախորդ 34 օրերուն տեղի ունեցած հանրահաւաքներուն ժամանակ փորձած են անհետ կորսուածներուն եւ զոհերուն քիչ անդրադառնալ, որպէսզի ոմանք ատիկա չմեկնաբանեն` իբրեւ քաղաքական շահարկում:

Ըստ Սաղաթէլեանի, իրենք, իբրեւ ընդդիմութիւն, որեւէ իրաւասութիւն եւ կարելիութիւն չունին զբաղելու գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով, զորս պէտք է հետապնդեն իշխանութիւնները` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ:

Ան վստահեցուց, որ եթէ իրենց կ՛ըսեն` երկրին մէջ սուգ է, ապա իրենք կը սգան մեր բոլոր հերոս նահատակներուն համար, եւ այս պայքարը իրենց յիշատակին համար է:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ 17 դեկտեմբերին եւս երթ պիտի կատարուի, նաեւ` ուրբաթ օր, իսկ շաբաթ` հանրահաւաք: Երեքշաբթի օր ամբողջ Հայաստանի մէջ գործադուլ, դասադուլ եւ բողոքի զանգուածային ցոյցեր տեղի պիտի ունենան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.