Իսրայէլի աջակցութիւնը Ատրպէյճանին մեզ համար անընդունելի է եւ դատապարտելի

ՀՀ Արտաքին գոտծոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի՝ վերջերս Իսրայէլին յղած ուղերձը կոշտ էր եւ տեղին։ Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր, որ սպառազինելով Պաքուին՝ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի տրամադրուած զինատեսակաները կ՚օգտագործուին հայ խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ։ Այսինքն՝ Իսրայէլը նոյնպէս մասնակից է այս մահաբեր զինուորական գործողութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ Մոնրթրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռուստաընկերութիւնը զրոյցի հրաւիրած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ $ակոբ Տէր-Խաչատուրեանին։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանին իրավիճակի սրման կապակցութեամբ յատկապէս արաբական աշխարհի երկիրներէն հնչած արձագանգներուն։

https://www.facebook.com/arfdofficial/videos/vb.151679834847391/325221791951285/?type=2&theater

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.