Թաթուլ Հաճեանը Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Երաժշտական Փառատօնի Բաժակակիր

Նոյեմբեր 2-3-ին Չէխիայի մայրաքաղաք Պրահայի մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը։ Թաթուլ Հաճեանը (Կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը։ Թաթուլը վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի Սոնաթա K239 եւ Վիչէնթէ Ասենչոյի La Frisanca բարդ յօրինուածքը։ Եւրոպայէն՝ Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւայլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ։

Հայաստանը ներկայացնող մեր մասնակիցը՝ Թաթուլ Հաճեանը, սոյն փառատօն-մրցումին դարձաւ Գաւաթակիր Grand Prix, շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին։

Թաթուլը ծնած է Լիբանան եւ 10 տարեկան հասակին ծնողներուն հետ հաստատուած է Հայաստան։

Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Չայկովսկի»ի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Կոնսերուաթորիան եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով։

Ան, 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններէն ներս։

Թաթուլը մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօններու՝ Հայաստանի  Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ, եւ Փրակայի մէջ։ Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող մասնակցութիւնը բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած անոնց մենահամերգներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.