Երբ կը պոկուի դրոշը, կը փորձուի պոկել նաեւ արժանապատուութիւնն ու յիշողութիւնը
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Վերջին օրերուն Երեւանի փողոցներուն վրայ զարգացող Արցախեան դրօշի հանդէպ անհեթեթ դէպքերը խորապէս կը ցնցեն իւրաքանչիւր հայու հոգին։ Անոնք այլեւս սովորական վարչական որոշումներ կամ քաղաքային կարգաւորման խնդիրներ չեն։ Անոնք ազգային արժանապատուութեան, պատմական յիշողութեան եւ պետական ինքնագիտակցութեան շուրջ մղուող պայքարի ցաւալի արտայայտութիւններն են։
Երբ Երեւանի քաղաքապետարանի կարգադրութեամբ կը հեռացուի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ քաղաքացիներու կողմէ 2022 թուականէն տեղադրուած Արցախի Հանրապետութեան դրօշը, հարցը պարզապէս կտորի մը հեռացումը չէ։ Այդ դրօշը կը խորհրդանշէր տասնամեակներու ազգային պայքար, հազարաւոր նահատակներու արեան գնով պաշտպանուած հայրենիք, համայն հայութեան հաւաքական կամքն ու արժանապատուութիւնը։
Առաւել մտահոգիչ է այն, որ երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան երիտասարդները բազմիցս կը վերահաստատեն այդ դրօշը իր տեղը, անոնք կը հանդիպին բռնութեան, ձերբակալութիւններու եւ բանտարկութիւններու։ Ցաւալի իրականութիւն է, որ այս հարցին մէջ կրկին անգամ ազգային արժանապատուութեան պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ կը գտնուին հայրենասէր երիտասարդներ, որոնց շարքերուն մէջ կան նաեւ բռնի տեղահանուած արցախահայեր։ Անոնք կը պաշտպանեն ոչ միայն դրօշ մը, այլ ամբողջ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը, արժանապատուութիւնն ու իրաւունքը։
Անհանգստացնող է նաեւ այն իրողութիւնը, որ Երեւանի փողոցներէն կը հեռացուին Արցախի հերոսներու պատկերները։ Այսօր նկարներն են, վաղը՝ ի՞նչ։ Արդեօք պիտի հասնի՞ օր մը, երբ նոյն ձեռքը պիտի փորձէ նուաստացնել կամ հեռացնել նաեւ հայրենիքի եւ Արցախի ազատագրութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմներուն վրայ ծածանող Արցախի դրօշները։ Այս հարցումը այլեւս չափազանցութիւն չի թուիր, այլ բնական մտահոգութիւն։
Կը հաւատամ, որ այսպիսի երեւոյթներ ու տեսարաններ հայ ժողովուրդը չէր պատկերացներ նոյնիսկ իր ամենամղձաւանջային երազներուն մէջ։ Ո՞վ կրնար հաւատալ եւ երեւակայել, թէ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ պիտի սկսէին պայքարիլ ոչ թէ օտար դրօշներու, այլ հայկական պետականութեան մէկ խորհրդանիշին դէմ։ Ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ հայ երիտասարդները պիտի ձերբակալուէին Արցախի դրօշը պաշտպանելու համար։
Սակայն դժբախտաբար այս երեւոյթները առանձին դէպքեր չեն։ Անոնք կը կազմեն մէկ ամբողջական շղթայ։
Հայոց պատմութեան խեղաթիւրումը դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, ազգային խորհրդանիշներու հետեւողական նսեմացումը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան նկատմամբ շարունակուող հալածանքը, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման ազգային տեսլականի մոռացութեան մատնելու փորձերը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային պայքարի արժեզրկման միտումները, Արցախի քաղաքական բանտարկեալներու ճակատագրին նկատմամբ դիտաւորեալ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի անտեսումը, Հայաստանի եւ Արցախի մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման հանդէպ անտարբերութիւնը բոլորը կը կազմեն միեւնոյն մտահոգիչ պատկերն ու ցասումը։
Այս բոլորը պատահականութիւններ չեն թուիր ըլլալ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ կոչեցեալի եւ վարչակարգի ոչ հայավայել այնպիսի գործելակերպի արտայայտութիւններ են, որոնք դժբախտաբար համահունչ կը հնչեն մեր դարաւոր թշնամիներու երկարամեայ պահանջներուն եւ քաղաքական նպատակներուն։ Այս իրողութիւնը չի կրնար անտարբեր ձգել որեւէ իրաւ, խղճամիտ եւ մագրարիւն հայու։
Այսօր հարցը միայն Արցախի դրօշը չէ։ Այսօր հարցը մեր ազգային յիշողութիւնն է։ Երբ ժողովուրդ մը կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը, վաղ թէ ուշ կը վտանգուի նաեւ իր ինքնութիւնը։ Երբ դրօշը կը հեռացուի հրապարակէն, կը փորձուի նաեւ զայն հեռացնել սերունդներու գիտակցութենէն։
Ուստի լռութիւնը այլեւս ընտրութիւն չէ։ Անտարբերութիւնը կրնայ վերածուիլ մեղսակցութեան։ Ազգային արժանապատուութիւնը չի պահպանուիր միայն զգացական արտայայտութիւններով, այլ՝ յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ ազգային արժէքները հետեւողականօրէն յիշելու, պաշտպանելու եւ պահանչելու կամքով։
Այս վճռորոշ օրերուն պարտականութիւնը կը պատկանի ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, այլ համայն հայ ժողովուրդին։ Սփիւռքն ու հայրենիքը, քաղաքական տարբեր հայեացքներէ անկախ, պարտաւոր են կանգնիլ նոյն ազգային սկզբունքներուն շուրջ՝ պաշտպանելու հայոց պատմական իրաւունքները, ազգային արժանապատուութիւնը եւ սրբազան խորհրդանիշները։
Որովհետեւ Արցախի դրօշը միայն Արցախի խորհրդանիշը չէ. անիկա հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, ազատութեան ձգտումին եւ ազգային պատիւին խորհրդանիշն է։ Իսկ ժողովուրդ մը, որ կը հրաժարի իր խորհրդանիշներէն, հետզհետէ կը հրաժարի նաեւ իր պատմութենէն, իր իրաւունքներէն եւ վերջապէս՝ իր ապագայի տետլականէն։
Ժամանակն է, որ ազգովին՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, վերագտնենք մեր ազգային կամքը, պաշտպանենք մեր պատմական յիշողութիւնը եւ բարձրաձայն յայտարարենք, որ հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, իր սրբութիւններն ու ազգային խորհրդանիշները սակարկութեան ենթակայ չեն եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ։
Թորոնթօ